Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Erdogan Défie Le Monde Et… Poutine Էրտողան Ասպարէզ Կը Կարդայ Աշխարհին Եւ… Փութինի

Հոկտեմբեր 12, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

8 հոկտեմբեր: Ֆրանսական հեռատեսիլի 5-րդ կայանի քաղաքական վերլուծութեան հաղորդման խորագիրն էր ERDOGAN DEFIE LE MONDE ET… POUTINE: Խօսեցան մասնագէտներ, դասախօսներ, լրագրողներ:

Այլեւս ոչ ոք կրնայ ըսել, որ տեղեակ չէր:

Հակազդեցութեան բացակայութիւնը մեղսակցութիւն է դար մը առաջ սկսած եւ շարունակուող ցեղասպանութեան:

ET… POUTINE կը նշանակէ, որ օսմանի կայսրութեան վերականգնման եւ նուաճողականութեան դրօշակակիր Էրտողանի դէմ յուսալի միակ ուժը Փութինն է:

Երկչոտի եւ պարտուածի անկեղծ խոստովանութիւն մը, ինչ կը վերաբերի արդարութեան, ճշմարտութեան եւ իրաւունքի՝ ընդդէմ անտառի (չ)օրէնքին:

26-27 սեպտեմբերի գիշերը, ազրպէյճանական բանակը կրկին պատերազմ շղթայազերծեց հայոց հայրենիք Արցախի դէմ, որ խորհրդային նորահաստատ իշխանութիւններու խարդաւանանքներով կցուած էր պատմութեան բեմին վրայ նոր յայտնուած Ազրպէյճանի հանրապետութեան: Խորհրդային Միութեան փլուզման օրերուն, Ինքնավար Մարզի իրաւունքով արուեստականօրէն Ազրպէյճանի կցուած Արցախը, Սահմանադրութեան օրէնքները յարգելով եւ հանրաքուէով, որոշեց անջատուիլ եւ հռչակեց իր անկախութիւնը:

Ազրպէյճան մերժեց ընդունիլ օրէնք եւ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունք, ուզեց պատմութեամբ եւ բնակչութեամբ հայկական Արցախը բռնութեամբ ենթարկել իրեն: Եղաւ պատերազմ, որ տեւեց 1991-էն 1994: Արցախը չմիացաւ Հայաստանի, բայց յայտարարեց իր անկախութիւնը:

Պատերազմի վերսկսումը, նախկին խորհրդային ներքին բարդութիւններու լուծման չի հետամտիր: Թուրքիա ծաւալապաշտական նկատումներով ուղղակի դերակատար է, կ’ուզէ տիրել Կովկասին , զայն օգտագործել որպէս կամուրջ Մեծ Թուրանի իրականացման համար, որ կը ներկայանայ օսմանի կայսրութեան կամ համաթրքական պատկերացումներով, չարաշահելով այլ իսլամ ժողովուրդներու կրօնական զգացումները եւ, դեռ միշտ կանգուն, դասական անտեղի դարձած ընդդիմութիւնը՝ արեւմտեան եւ խորհրդային-ռուսական ճակատներու միջեւ:

Վերսկսած պատերազմը ուղղուած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ դէմ, քանի որ Ռեճեփ Էրտողան կը ձգտի իր իշխանութեան ենթարկել թրքացեղ եւ թրքալեզու ժողովուրդները, որոնք Ռուսիոյ մէջ են կամ կը գտնուին անոր ռազմավարական ծիրին մէջ: Ազրպէյճանի հարցով Էրտողան կը փորձէ հասկնալ, թէ Ռուսիա ինչպէ՞ս կը հակազդէ իր փառասիրութիւններուն:

Բացորոշ է, որ Թուրքիա ազրպէյճանական նախայարձակման ետին կը գտնուի, այդ չի թաքցներ անգամ: Իր օդուժը վար կ’առնէ հայկական օդանաւ մը, թուրք զինուորական խորհրդատուներ կան տեղւոյն վրայ եւ կը վարեն ռազմական գործողութիւնները: Հայթայթած է նաեւ արդիական սարքաւորումներ, զորս ինք օգտագործած է սուրիական բանակին եւ Լիպիոյ մէջ մարաջախտ Հաֆթարի դէմ: Նշենք, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան Իսրայէլի զէնքի շուկայէն կը մատակարարուին:

Աշխարհի համար նոր սպառնալիք է Թուրքիոյ կողմէ զինուող եւ օգտագործուող սուրիացի իսլամ ծայրայեղականներու ջոկատներու ներկայութիւնը Կովկաս, Ռուսիոյ սահմաններուն վրայ: Ապահովութեան Խորհուրդի անդամներէն միայն Ֆրանսան կացութեան եւ Էրտողանի սանձարկութեան հակազդեց, 2 հոկտեմբերին: Վարձկաններ ներկայ են Արցախի սահմաններուն վրայ եւ կը մասնակցին կռիւներուն, իրողութիւն՝ զոր ոչ ոք կ’անգիտանայ: Վլատիմիր Փութին այդ շրջանին միակ ուժն է, որ լուծումներ կրնայ պարտադրել եւ սահման դնել Էրտողանի փառասիրութեան:

Ռ. Էրտողան անզսպելի դարձած է, քաջալերուած միջազգային հանրութեան մեղկ վերաբերումէն, կը յայտարարէ. «Երուսաղէմը մեր քաղաքն է»՝ յիշեցնելով, որ անիկա երկար ժամանակ մաս կազմած է օսմանեան կայսրութեան: Երբեմն պատմական բանաստեղծութիւն ալ կը գրէ: Անգարա խօսուած ճառի մը մէջ, Երուսաղէմի համար ըսած է. «Այս քաղաքին մէջ, զոր մենք լալով ձգեցինք Առաջին Աշխարհամարտին, դեռ կարելի է հանդիպիլ օսմանական դիմադրութեան հետքերու: Ուրեմն Երուսաղէմը մեր քաղաքն է:… Երուսաղէմի հարցը սովորական աշխարհաքաղաքական խնդիր մը չէ մեզի համար: Արդարեւ, հին քաղաքի ներկայ տեսքը, որ Երուսաղէմի սիրտն է, իր պատերով, շուկայով եւ բազմաթիւ շէնքերով երեւակայուած է Մեծն Սուլէյմանի կողմէ»:

Սուրիա ներխուժած Թուրքիա կը թուի, թէ վերջնականապէս տէր դարձած է Իտլիպի նահանգին, օգտագործելէ ետք քիւրտերու դէմ կռուելու պատրուակը: Թուրքիա ոտք դրած է Լիպիա, բերած է 12.000-է աւելի իսլամ ծայրայեղական վարձկաններ: Հոն, այս ծաւալապաշտութեան դէմ կը գտնուի Ռուսիա:

Աչքի առաջ պէտք է ունենալ Էրտողանի նպատակը. հաստատուիլ արեւելեան Միջերկրականի մէջ, անտեսելով յունական Կրետէն եւ Կիպրոսի հանրապետութիւնը, եւ այդ շրջաններու մէջ գտնուած բնական կազի պաշարներէն բաժին ստանալ:

Էրտողանի ծաւալապաշտութիւնը կը կռթնի կրօնական ազդակին: Յունական ժառանգութիւն եկեղեցիները վերածեց մզկիթի, եւ եւրոպական երկիրներու մէջ դրամական եւ մարդկային օժանդակութիւն կ’ընէ կրօնական ուղղութեամբ, մասնաւորաբար Գերմանիա, ուր շուրջ երեք միլիոն թուրքեր հաստատուած են: Կը ղրկէ կրօնականներ, իմամներ, որոնք պետական պաշտօնեայ են:

Նպատակը է. թրքական ծաւալապաշտութիւնը, կ’օգտագործուի իսլամութիւնը, որպէս մոլեռանդութեան շաղախ:

Արեւմուտքը կը խօսի, լրատուութիւն կ’ընէ, ժողովներ կը գումարէ, բայց գործնական ոչինչ կ’ընէ Էրտողանի նկրտումներուն դէմ: Պատմութեան դասը կարծէք կ’ըսէ, որ բացորոշ վտանգը կասեցնող միակ ուժը պիտի ըլլայ ինքզինք վտանգուած զգացող Ռուսիան:

Արցախի դէմ թրքական բիրտ նախայարձակումը՝ ազրպէյճանական ոչինչ թաքցնող դիմակի ետին, Էրտողանի ծաւալապաշտութեան արարներէն մին է:

Բանակցութիւններով Արցախեան հակամարտութիւնը հարցը լուծելու թափահարումները կը մոռնան անժխտելի մէկ բան. 1991-ին, Արցախի ժողովուրդը հանրաքուէով, ձայներու 99,98-ով, ժողովուրդներու ինքնորոշման ընդունուած իրաւունքով, անկախութիւն յայտարարեց: Այս իրաւունքին դէմ որպէս բռնագրաւող կը կռուին Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան: Զիս կը զարմացնէ ԵԱՀԿ-ն, Եւրոպայի համագործակցութեան եւ ապահովութեան կազմակերպութեան խորհուրդը, որ ծնունդ տուած է Մինսքի խումբին, որուն համանախագահներն են Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան եւ Ֆրանսան, եւ որ, հակառակ տարիներու դիւանագիտական աշխատանքի, լուծում չէ գտած արցախեան հարցին: Անոնք եթէ իրապէս ուզած ըլլային լուծել խնդիրը, անպայման կրնային այդ ընել:

Հիմա Ռուսիա եւ Ֆրանսա կոչ ուղղած են՝ կռիւներու դադրեցման:

Չեն ըսած, որ ի՞նչ պիտի ընեն, եթէ զիրենք լսող չըլլայ:

Իրենց կշիռը չեն դրած նժարի վրայ:

Իսկ Թուրքիա կը մնայ հրձիգ եւ նեցուկ՝ նախայարձակ Ազրպէյճանի:

Ռուսիա եւ Հայաստան զինակից են փոխադարձաբար պաշտպանելու մէկը միւսին հողային ամբողջականութիւնը եւ շրջանի կայունութիւնը:

Նաեւ պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ, որ երկու չէ, մէկ է, իսլամ-ծայրայեղական: Կոյր ըլլալու են չտեսնելու համար, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան այդ ահաբեկչութեան առաջնորդներն են:

Ռուսիա կ’ըսէ, թէ վարձկան ահաբեկիչներ եկած են Սուրիայէն եւ Լիպիայէն, կը կռուին: Ֆրանսայի նախագահը կ’ըսէ, թէ անոնք 300-է աւելի են, հասած են Պաքու, գալով Թուրքիայէն, ինչ որ չեն կրնար ընել առանց Էրտողանի գիտութեան: Համանախագահներ Ֆրանսա եւ Ռուսիա այս գիտեն, ինչո՞ւ մարզադաշտի իրաւարարի պէս կը դիտեն եւ չեն հակազդեր:

Ըստ ռուս լրագրող Ալէքսէյ Վեզեոլէվի, Արցախ ունի ոսկիի, կազի ու նաւթի  պաշարներ, եւ կ’աւելցնէ, որ «Լեռնային Ղարաբաղը ներկայիս չի գիտեր, թէ ինչպէս կրնայ զանոնք շահագործել»:

Եթէ կռիւները մեծ ծաւալ ստանան եւ ընդգրկեն տարածաշրջանը, կրնայ վտանգուիլ Կասպից ծովէն Թուրքիա նաւթի մատակարարումը, ինչ որ խիստ կարեւոր է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համար, մասամբ նաեւ Եւրոպայի:

Հիմա կռիւ կ’ընթանայ: Հայերը կը պաշտպանեն իրենց պատմական եւ հայրերու հողին վրայ ապրելու իրաւունքը, իսկ ազրպէյճանցիները, բռնուած են համաթրքականութեան ուռկանին մէջ, թրքական նուաճողական վարքագիծին կը հետեւին, քաջ գիտնելով, որ հոն պատմական ոչինչ ունին, հոն յայտնուած են խորհրդային քարտէսաշինութեան եւ Ստալինի կամայականութեան հետեւանքով:

Դեռ կայ Իրանը, որ իր խօսքը չէ ըսած:

Այս փտած կացութիւնը չի կրնար յաւերժանալ, եւ եթէ չզսպուի Էրտողանի կայսերական կիրքը, չսպասուած պահու մը, անխուսափելին կրնայ պատահիլ: Ակնյայտնի վտանգը Թուրքիան է:

Լիբանանեան համալսարանի դասախօս պատմաբան դոկտ. Իմատ Մրատ  կ’ըսէ. «Թուրքիա կը փորձէ վերակենդանացնել Օսմանեան կայսրութեան «փառքի» պատկերը Ասիոյ, Ափրիկէի, Եւրոպայի եւ Միջին Ասիոյ մէջ»: Կ’ըսէ նաեւ, որ՝ «Արցախը հազարամեակներու կեանք ունի, մինչ Ազրպէյճան 1918-ին հաստատուած պետութիւն մըն է»: Այսքանը չգիտցող չկայ:

ԵԱՀԿ-ն պատասխանատուութիւն ունի թրքական կայսերապաշտական խալիֆայութեան առաջքը առնելու, որ կրնայ յանգիլ մեծ պատերազմի մը, եւ վճռելու, վասն պատմական եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի: Դեռ այսօր այս կրնայ ընել: Ապա թէ ոչ ինք կ’աճեցնէ անարդարութեան եւ ծաւալապաշտական կիրքի պալարը, որ երբ պայթի, համայն մարդկութիւնը կը վճարէ գինը:

Կացութիւնը կը պահանջէ քաջ դիրքորոշում, որ չըլլայ մէկ գամին մէկ պայտին դատարկ խօսք, այլ քաղաքական իրաւ վերաբերում:

Առանց ճապկումի, ԵԱՀԿ-ը պէտք է վճռէ յանուն սկզբունքի եւ իրաւունքի:

Այդ կ’ըլլայ պատասխան ERDOGAN DEFIE LE MONDE ET… POUTINEի:

 9 հոկտեմբեր 2020, Փարիզ

Նախորդը

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստան-Վրաստան` 2-2

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (12 Հոկտեմբեր 2020)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?