Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մշակոյթով Ու Արուեստներով Ալ Պիտի Յաղթենք

Հոկտեմբեր 13, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆ

Լիբանանահայ  գաղութը արդէն կլանուած էր իր բազմապիսի հոգերով` ամիսներէ ի վեր յամեցող ընկերային-տնտեսական սուր տագնապը, սղաճը, ապրուստի ծանր ճգնաժամը, «Քորոնա» ժահրի համավարակը, իսկ 4 օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստի հուժկու պայթումէն ետք հայահոծ շրջանները պատուհասած քանդումը, որմէ անմասն չմնացին նաեւ, դժբախտաբար, Լիբանանի մէջ Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հովանիին տակ գործող հաստատութիւնները եւ կեդրոնները: 27 սեպտեմբերէն ետք ալ Թուրքիոյ անմիջական աջակցութեամբ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի եւ հայութեան դէմ սանձազերծուած աննախընթաց պատերազմը ուշադրութիւնը իր վրայ կեդրոնացուց…

Այս ծայր աստիճան տագնապալից մթնոլորտին մէջ բաւական քաջ որոշում էր Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքին կողմէ, որ անմիջապէս ձեռնարկուեցաւ միութեան երկու կեդրոններուն` «Լեւոն Շանթ» եւ Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» կեդրոններուն վերանորոգման ու վերաբացման աշխատանքին: Երկու կեդրոններուն մէջ ալ վերամուտի ազդանշանը տրուեցաւ երկուշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2020-ին: Բնականաբար, խորհրդանշական թուական է, որովհետեւ կը յաջորդէ Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին: Իր մշակութային զոյգ կեդրոններուն վերաբացումով Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը հաւատարիմ մնալու սուրբ թարգմանիչներու պատգամներուն` սերունդին ջամբելու հայկական մշակոյթի անկորնչելի արժէքները:

Մեկնելով «Քորոնա» ժահրի համավարակին ստեղծած դժուարութիւններէն` դասաւանդութիւններուն ընթացքին պիտի յարգուին տարրական առողջապահութեան եւ ընկերային հեռաւորութեան կանոնները: Այս տարեշրջանին համար նաեւ, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները նիւթական առումով յատուկ դիւրութիւններ պիտի տրամադրեն իրենց դիմող աշակերտներու ծնողներուն: Ոչ մէկ աշակերտ նիւթական պատճառներով պիտի զրկուի հայ մշակոյթին եւ ընդհանրապէս արուեստին վայելքը ստանալէ, գեղեցիկի, վեհի, մարդկայնութեան արժէքները իրը դարձնելէ:

Երաժշտութիւն, երգ, նուագ, պար, կերպարուեստ, թատրոն: Այս բոլոր ճիւղերուն մէջ գործունէութիւնը դարձեալ սկսաւ Համազգայինի մշակութային զոյգ կեդրոններուն մէջ: Մենք` իբրեւ գաղութ եւ ընդհանրապէս հայութիւն, այո՛, տագնապալի ժամանակաշրջանէ մը կ՛անցնինք, բայց նաեւ մշակոյթով ու արուեստով պիտի յաղթենք մեր առջեւ ծառացած բոլոր տագնապներուն:  Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը քաջ քայլ մը առած է եւ կ՛երաշխաւորէ կեդրոնները յաճախելիք աշակերտներուն առողջական ապահովութիւնը: Կը մնայ, որ ծնողներն ալ գնահատեն այս քայլը եւ իրենց զաւակները առաջնորդեն դէպի մշակոյթի եւ արուեստի լոյսը:

 

 

Նախորդը

Ամերիկահայութեան Բողոքի Ցոյցը Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Առաքինի Եւ Անգին Մայրեր

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?