Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Այո՛ Ճանաչումին, Բայց Նաեւ Կ(Ո)տրել Ոճրագործին Ձեռքը…

October 12, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

27 Սեպտեմբերին, թուրք-ազերիական զինակցութեան շղթայազերծած յարձակումէն ի վեր, Արցախի հանրապետութեան միջազգային ճանաչման պահանջը նոր շեշտաւորում ստացած է եւ իր շուրջ համախմբած՝ Հայաստանի ու Արցախի իշխանութիւնները, քաղաքական շրջանակները, արձագանգներ կը գտնէ մեր սահմաններէն անդնին:

Պէտք չունինք երկար խօսելու եւ մեկնաբանութիւններ կատարելու, թէ ինչպիսի՛ կարեւոր իրագործում պիտի ըլլայ այլ պետութիւններու կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը: Անիկա անփոխարինելի յենարան պիտի ապահովէ Արցախի դատին արդար լուծման համար, ընդդէմ Ազրպէյճանի եւ անոր զինակից Թուրքիոյ այն տեսակէտին, թէ Արցախը պէտք է վերադառնայ Ազրպէյճանի կազմին: Աւելորդ է նաեւ արձանագրելը, թէ ինչո՛ւ ճանաչումի պահանջը դրուած է տաք կրակի վրայ: Փաստօրէն, ճանաչում ունեցող երկիր մը միջազգային բեմին վրայ շատ աւելի ուժեղ կերպով կրնայ յառաջ տանիլ Արդարութեան ջահը, քաղաքական ու դիւանագիտական յաղթանակ արձանագրել:

***

Արցախի անկախութեան ճանաչումը կարեւոր է եւ անփոխարինելի: Վերջակէտ, նոր տող:

Արդ, ճանչնալով մեր երկուորեակ թշնամին եւ անոր կողքին կանգնողները, սկսելով տմարդի ահաբեկիչներէն մինչեւ եռեակը զինող երկիրներն ու խմբաւորումները, կարեւոր է աչքերը սեւեռել նաեւ ճանաչումի պահանջէն անդին, աշխատիլ կ(ո)տրել ոճրագործ ձեռքերը, որովհետեւ՝

Թուրքն ու ազերին բացայայտ դարձուցած են, որ զէնքի ընտրանքէն այլ ուղի չեն ճանչնար, տրամադիր չեն անսալու զինադուլի կոչերուն ու նախաձեռնութիւններուն: Փա՞ստ. 10 Հոկտեմբերի «մարդասիրական զինադուլ»ը ոտնակոխուեցաւ ճշդուած ժամէն քանի մը վայրկեան ետք: Թուրքիա եւ Ազրպէյճան ո՛չ միայն բաց մարտահրաւէր կ’ուղղեն Ռուսիոյ, այլ նոյնինքն Մինսքի խումբին, անոր ճամբով՝ աշխարհի բոլոր մեծերուն ու փոքրերուն:

Մեր աշխարհին մէջ, բազմաթիւ են ճանաչում վայելող անկախ երկիրներ (Սուրիան, Իրաքը, Իրանն ու Լիբանանը՝ մեզի ամէնէն մօտիկներն ու ծանօթները), որոնց հողերն ու իրաւունքները ամենաբիրտ ոտնակոխումի կ’ենթարկուին տասնամեակներէ ի վեր, իսկ միջազգային ընտանիքը, ՄԱԿէն սկսեալ մինչեւ շրջանային խմբակցութիւններ, լաւագոյն պարագային դատապարտումի եւ ցաւակցութեան խօսքերով կը բաւարարուին առաւելաբար: Թուրքիոյ զէնք չծախելու Քանատայի որոշումը ցարդ ամէնէն ակներեւ՝ գործնական քայլն է, սակայն բաւարար չէ (այս տողերը չենք արձանագրեր մեր արդար առաջադրանքին պաղ ջուր խառնելու մօտեցումով, այլ ժամանակակից աշխարհի իրականութիւնները աչքի առջեւ բերելու տրամաբանութեամբ):

***

Պէտք է արմատախիլ ընել ոճրագործներուն եւ անոնց վարձկաններուն ձեռքերը:

Արցախի բանակն ու անոր կողքին կանգնող Հայաստանն ու ամբողջ հայութիւնը ցարդ առանձինն կը տանին այս վսեմ առաքելութիւնը: Բարեմիտներէն կը սպասուի միանալ վիրաբուժական գործողութեան, միասնաբար դիմագրաւել ոճրային մարտահրաւէրը:

11 Հոկտեմբեր 2020

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (12 Հոկտեմբեր 2020)

Յաջորդը

Երբ Հրատը Կը Մօտենայ Երկրագունդին

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.