Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաքինի Եւ Անգին Մայրեր

October 13, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ

Արցախի դէմ կրկին շղթայազերծուած պատերազմը ցնցեց Հայաստանն ու սփիւռքը:  Ամէն վայրկեան Արցախեան կռիւներուն մասին լուրերու փնտռտուքը, նոր բարձունքներ նուաճելու աւետիսի որոնումը, թշնամիին արժանի դաս մը տալու կամքը, ռազմաճակատին` հայ զինուորին կողքին ըլլալու բուռն տենչը, մեզի համար դարձան ամէնօրեայ առաջնահերթութիւններ, իսկ «Յաղթելու ենք» կարգախօսը վերածուեցաւ հանապազօրեայ աղօթքի:

Հայրենիքի փրկութեան գաղափարը, պատերազմէն յաղթական դուրս գալը իւրաքանչիւրիս համար եղան հրամայականներ: Հրամայականներ, որոնք յաճախ թակած են Արցախի դռները, հայը ընդունած է մարտահրաւէրը եւ 2 սեպտեմբեր 1991-ին զայն վերածած էր պանծալի յաղթանակի, որով հպարտ ենք ազգովին եւ որուն  կառչած ենք ամրօրէն:

Այդ յաղթանակին պահպանման ի խնդիր  կը պայքարինք անխորտակելի կամքով: Գոյամարտը կը մղենք  աւելի հաստատ եւ` յաղթելու վճռակամութեամբ: Բայց յաղթանակ ձեռք ձգելը կ՛ենթադրէ բազում զոհողութիւններ եւ գերբնական ճիգեր:

Անկասկած որ յաղթելու վճռակամութեան մէջ մեծ է դերը հայուն յատուկ ազատասիրութեան եւ հայրենասիրութեան արժանիքներուն, Հայոց պատմութիւնը կը վկայէ այդ մասին: Սակայն  անհերքելի իրականութիւն է, որ հայ ժողովուրդին  հայրենասիրութեան դաստիարակութեան  մէջ նշանակալի դեր ունեցած են  նաեւ հայոց մայրերը:

Հայոց աշխարհի մայրերը, որոնց ծոցէն ծնած են մեր պատմական թէ ազգային հերոսներն ու ֆետայիները` ազատատենչ Հայկը, Սասունցի Դաւիթը, Քաջն Վարդանը, Խրիմեան Հայրիկը, Գէորգ Չաւուշը, Հրայր Դժոխքը, Սերոբ Աղբիւրը, Անդրանիկը, Գարեգին Նժդեհը, Սողոմոն Թեհլիրեանը, Արամ Մանուկեանը, Դրոն, Մհերը, Թաթուլը, Վիգէնը, Կարօտը, Արաբոն, Բեկորը  եւ անոնց նման յարգանքի արժանի վաղեմի թէ նորօրեայ  հերոսներ:

Այսօր եւս ականատես ենք հայոց բանակին թէ կամաւորական ջոկատներուն միացող հայորդիներուն: Անոնց` հայրենիքի պաշտպանութեան համար ցուցաբերած բարձր ոգիին եւ պատրաստակամութեան: Դէպի ճակատ վազելու համոզումին, անկոտրում կամքին: Թշնամին ծունկի բերելու անսակարկելի ինքնավստահութեան:

Վերջապէս, հարկ է հաստատել, որ դաժան պատմութիւնը չէ յաջողած հայրենասիրութեան արժանիքը արմատախիլ ընել հայոց մայրերուն հոգիներէն:

Հայոց մայրերուն, որոնք օրօրոցէն հայրենասիրութեամբ ու ազգասիրութեամբ  սնուցած են իրենց որդիները:

Հայոց քաջարի մայրերուն, որոնք  իրենց մայրական զգացումները արհամարհելով,   արիօրէն մարտի դաշտ կ’առաջնորդեն իրենց որդիները:

Հայոց առիւծասիրտ մայրերուն, որոնք կը պարծենան իրենց որդիներուն հերոսական սխրանքներով:

Հայոց վեհանձն մայրերուն, որոնք չեն վախնար իրենց որդիներուն առյաւէտ կորուստէն, որովհետեւ հայրենիքի համար նահատակուած որդին հերոս է:

Հայոց սուրբ մայրերուն, որոնց արգանդէն ծնունդ առած որդիները, մօր գիրկէն կը վազեն դէպի հողին գիրկը:

Հայոց անձնուրաց մայրերուն, որոնց համար հայրենի սահմաններուն ապահովութիւնը իրենց  ապահովութենէն վեր է:

Հայոց մեծահոգի մայրերուն, որոնք թաց աչքերով, քարացած սիրտով իրենց գիրկէն հայրենի հողին գիրկը կը յանձնեն իրենց որդիները` հաւատալով, որ մայրական նոր գիրկը ամուր պիտի գրկէ զանոնք:

Հայոց մայրերուն, որոնց վիշտը խոր է, բայց դեռ ազգասիրութիւն կը ջամբեն մեզի:

Ինչե՛ր ու ինչե՛ր կարելի է գրել  անձնազոհ հայոց մայրերուն մասին, որոնք  օրն ի բուն  ծնրադիր, հաւատքով կ’աղօթեն հայ բազուկի յաղթանակին եւ հայրենի երկրի խաղաղութեան համար:

Ինչե՛ր ու ինչե՛ր կարելի է պատմել մերօրեայ արցախեան պայքարին ու յաղթանակին  հաւատացող հայոց մայրերուն թէ  պատերազմի դաշտ սուրացող հայուհիներուն մասին, որոնք տիրական ներկայութիւն են հայոց բանակին մէջ:

Ու դեռ ի՞նչ: Ինչպէ՞ս չյիշատակել հայ մայրերուն խիզախութիւնն ու նուիրումը:

Ինչպէ՞ս չհիանալ այն մայրերով, որոնք իրենց սրտահատորները  կը նուիրեն հայրենիքին:

Ինչպէ՞ս չխոնարհիլ այն մայրերուն առաջ, որոնք չեն սգար իրենց որդիներուն կորուստը, այլ կը հպարտանան անոնց նահատակութեամբ:

Ազգասիրութեան ու անձնուիրութեան ի՜նչ ի՜նչ դասեր պէտք է քաղել հայոց մայրերէն:

Առաքինի՛ եւ անգին մայրեր,

Մեր ազգին գոյատեւման եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար պէտք ունինք ձեր օրհնութեան եւ հայրենասիրութեան դաստիարակութեան:

Բի՜ւր յարգանք եւ խոնարհում ձեզի:

Փա՛ռք ու պատիւ անմահացած հերոսներուն:

 

 

 

 

Նախորդը

Մշակոյթով Ու Արուեստներով Ալ Պիտի Յաղթենք

Յաջորդը

Դիւանագիտութեան Նոր Եզրերը Եւ Մենք

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.