Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիւանագիտութեան Նոր Եզրերը Եւ Մենք

October 13, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Պատերազմը վերջ չէ գտած տակաւին հակառակ յայտարարուած մարդասիրական զինադուլին։ Նոյնիսկ զինադուլը զուրկ է բովանդակութենէ, երբ թշնամին շնաբար կ՚օգտագործէ վերջին րոպէները աւելի ևս սփռելու իր աւերածութիւնը գործածելով միջազգայնօրէն արգիլուած քլասթըր ռումբեր։ Գործ ունինք ոչ թէ պատերազմիկ կողմի հետ, այլ ոճրագործի։ Այս պարագային՝ երկո՛ւ ոճրագործներու յանձինս Էրտողանի եւԱլիևի եւիրենց վարչակարգերո՛ւն՝ որոնց հետ կարելի չէ այլևս խօսիլ քաղաքակիրթ աշխարհի լեզուով եւչափանիշներով։

Իսկ քաղաքակիրթ աշխարհը պիտի կրնա՞յ իր իսկ հաստատած օրինակարգը արժեցնել այս օրերու դիւանագիտութեան հողին վրայ…Պիտի կրնա՞յ հաշուի նստիլ Թուրքիոյ եւԱզրպէյճանի ֆաշիստ տիրակալութիւններուն հետ մարդավայել խստապահանջութեամբ։ Պիտի կրնա՞յ ըստ արժանւոյն տէր կանգնիլ այն յաղթանակին, որ հայ զինուորը հոյակերտեց մեր ժողովուրդի ծով արեան գնով։

ԱրտԳործՆախարար Լաւրովի ամփոփագրին վերջին նախադասութիւնը երբեք լաւ բան չի խոստանար։ Ան կ՚ըսէ, թէ բանակցային գործընթացի ձևաչափը պիտի մնայ անփոփոխ…Պարզ խօսքով, ի՞նչ հասկնալ այս «անփոփոխ»ելիութենէն։ Դեռ չկշտացա՞նք տարիներ շարունակ ջուր ծեծելէ եւցեղասպան այս ուժերը անամօթաբար զինելէ։ Տասնըհինգ օրերու արհաւիրքը մեր ժողովուրդին պարտադրելէ ետք, այս ի՞նչ թանկագին ձևաչափ է, որ կը պահուի անփոփոխ եւbusiness as usual…Այսինքն վերադարձած ենք մեր առօրեայ առուտուրին եւվե՞րջ։

Կ՚իմանամ, որ Նախարար Մնացականեան ամուր կանգնած է երէկ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման պահանջի դիրքերուն վրայ։ Ասիկա կարևոր սկիզբ մըն է։ Կարևոր քա՛յլ մը խաղատախտակը շուռ տալու եւՊր. Լաւրովի յիշած «անփոփոխ»ը հաստատակամօրէն փոխելու։

Դիւանագիտութեան կողմերը պէտք է գործեն այն յստակ գիտակցութեամբ, որ մենք այսօր տարբեր ազգ մըն ենք այլևս։ Պատերազմը կողմնակի պատահար մը չէ մարդուս կեանքին մէջ, զոր իրաւունք ունիս ծալլելու եւմէկդի դնելու։ Գոյութենական այս կենսավիճակէն բխող տարբեր ինքնագիտակցութիւն մըն է, որ կը բնորոշէ եւկ՚առաջնորդէ մեզ այլևս։ Պատերազմը դաժան դպրոց մըն էր, որ բիւրեղացուց ամէն բան։ Մենք հիմա շատ աւելի յստակօրէն գիտենք, թէ ո՞վ էք դուք եւո՞վ ենք մենք։ Եւ յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան, թէ ո՞ւր քաշուած են, այս կէտին վրայ, մեզ անցեալի անպտուղ դիւանագիտութենէն բաժնող գիծերը։

Հոկտ. 10, 2020

 

Նախորդը

Առաքինի Եւ Անգին Մայրեր

Յաջորդը

Պունտըսթակի «Ձախեր» Խմբակցութիւնը Դատապարտած Է Արցախի Վրայ Յարձակումը

RelatedPosts

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Վահագն Խաչատուրեանի Այցելութիւնը Աթէնք Եւ Պետական Պարտաւորութիւնը Արցախի Հիմնահարցով
Անդրադարձ

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Վահագն Խաչատուրեանի Այցելութիւնը Աթէնք Եւ Պետական Պարտաւորութիւնը Արցախի Հիմնահարցով

February 16, 2026
«Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Անդամակցութիւնը  Այս Պահուս Անիրատեսական Է. Պրիւքսելի Համար  Ազրպէյճանի Նշանակութիւնը Աճած Է»  Կ՛ըսէ Այլընտրանք Գերմանիոյ Համար  Խմբակցութեան Անդամը
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Բ. Մաս)

February 16, 2026
Դպրեվանքեան Ոգին.  Ինքնութեան Գիտակցութենէ` Կոչում
Անդրադարձ

Դպրեվանքեան Ոգին. Ինքնութեան Գիտակցութենէ` Կոչում

February 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.