Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահրի Գրոհ եւ Դիմադրութեան Խուճապ

Հոկտեմբեր 13, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Ու՞ր է թաղուած շան գլուխը.- «Քորոնա»-ն վտանգաւոր է երկու «շնորհ»-ներու համար: Առաջինը, ծանօթ է, ժահրը արագ կը փոխանցուի: Այստեղ պիտի կեդրոնանամ երկրորդ, նուազ ծանօթ յատկութեան վրայ, որն է անոր  կարողութիւնը մեր մարմնի դիմադրականութիւնը շփոթի մատնելու: «Քորոնա»-ն շատ աւելի երկար ժամանակ «թուխսի փուլ»-ին մէջ կը մնայ՝ այլ ժահրերու հետ բաղդատելով: Թերեւս այդ ժամանակը կ’օգտագործէ որոշելու, թէ ինչպէ՞ս պիտի խաբէ տուեալ մարմնի պաշտպանական համակարգը (1):

Պաշտպանութեան գիծեր .- Մարմինը ունի դիմադրութեան երկու գլխաւոր մեքանիզմներ.-  «Բնածին» եւ «Պատշաճ»  հակազդեցութիւններ (innate եւ adaptive responses): Գծապատկերին մէջ (Բ) եւ (Պ):

Առաջինը անկախ է ներխուժող մարմնի բնոյթէն: Արագաշարժ բջիջներ, «սայթոքին»-ներ (cyto-kine յունարէնով`շարժող բջիջ) կը փութան շրջափակել օտար մարմինները: Այս փուլի նպատակն է ժամանակ շահիլ, որպէսզի մարմինը կարենայ վարակին պատշաճ հակամարմինը գտնել եւ բաւարար չափով արտադրել: Մեղմ վարակներու պարագային (որու հաւանականութիւնը «Քորոնա»-ի պարագային կրնայ 75 տոկոս ըլլալ) շրջափակման փուլը կը տեւէ շուրջ մէկ շաբաթ (2): Գծապատկերին մէջ ԺԲ – «Ժահրային Բեռ» (Viral load) կը նշանակէ ժահրի խտութիւնը (թիւը) արեան մէջ: Պատշաճ հակամարմիններու թիւի բարձրացում կը նշանակէ ժահրի նահանջ եւ բարեզարդ աւարտ:

Ծանր Վարակ.- Այս պարագային մարմինը անկարող է պատշաճ հակամարմիններ արտադրելու: Արտադրուած հակամարմինները անօգուտ են, եւ հակառակ անոնց թիւի աճին, ժահրային բեռը նահանջ չ՛արձանագրեր: Նահանջ չ՛արձանագրեր՝ հետեւաբար, բնածին հակազդեցութիւնը: Այդտեղ կը սկսի աւերը: Եթէ բժշկական միջամտութիւնը յաջող է, ապա ինչպէս գծապատկերը (գծիկներով) ցոյց կու տայ, ԺԲ-ն, հետեւաբար Բ-ն եւ Պ-ն անկում կը կրեն, այլապէս …

Հակամարմիններու դերը.- Հակամարմինները ունին երկու դեր՝ արգիլել ժահրի մուտքը դէպի առողջ բջիջ եւ սպաննել հիւանդ բջիջները (դաժան, բայց անհրաժեշտ): Ինչպէս դպրոցական գիտելիքներէն ծանօթ է, երկրորդը գլխաւորաբար կը կատարեն արեան որոշ Սպիտակ գնդիկներ (lymphocytes):

Բջիջի մաշկին վրայ կան «ընդունիչներ» (Receptor): Եթէ Ժահրը յաջողի ագուցուիլ անոնց, ապա կը մտնէ ներս, կը կազմալուծուի եւ կ’արձակէ իր բազմապատկութեան ծրագիրը (RNA Ribo-Nucleic-Acid  «Ձիւթա-միջուկային-թթու»): Ընդունիչները որոշ իմաստով նման են կղպանքներու: «Քորոնա»-ն ունի ճիշդ «բանալին» (ցպիկներ-spike) եւ հետեւաբար դիւրաւ մուտք կը գործէ: Հակամարմինները (գծապատկերին մէջ T տառին նմանող եռաթեւ հովահարներ) կ’ագուցուին ցպիկներուն եւ զանոնք կը վերածեն «սխալ բանալիներու»: Ժահրը անկարող կ’ըլլայ խաբել բջիջը:

«Քորոնա»–ն մեզի փոխանցուած է ջղջիկներէն: Մարդկային մարմնի ծիներուն համար այդ անծանօթ մըն է: Այդ պատճառով մեր դիմադրական դրութիւնը աւելի դժուար յանձնառութեան մը առջեւ կը գտնուի: Գիտաշխատողներ տակաւին չեն յաջողած բացայայտել, թէ ինչու «Քորոնա»–ն աւելի խաբուսիկ է, քան այլ ժահրեր (ինչպէս թռչնային կրիփը), որ նոյնպէս փոխանցուած էր կենդանիներէ:

Բորբոքումի հետեւանքը .- Ժահրի գլխաւոր աւերը կու գայ բորբոքումներու ճամբով: Վերը նշուած բնածին դիմադրութիւնը օտարամուտ տարրերը մեկուսացնելու համար կը կազմէ «ուռկաններ»-եր (NET, տես կողքի նկարը) (3):  Այդ կը նշանակէ ջերմ եւ ուռեցք: Այդ կը պատճառէ նաեւ արեան մակարդում եւ ուրեմն երակախցում (thrombosis) (4): Եթէ տուեալ անձին արիւնը արդէն իսկ հակամէտ է թանձրացումի, ապա հետեւանքը կրնայ ըլլալ սրտի կաթուած: Ուռկաններ կը կազմուին նաեւ կենսական օրկաններու մէջ, ինչպէս՝ թոք, լեարդ եւ երիկամ: Բորբոքումի երկարաձգումը մնայուն բացասական հետեւանք կ’ունենայ:

Բացասական հետեւանքներէն մէկն է նաեւ այն, որ ժահրային բեռի երկարաձգումը պատճառ դառնայ սպաննող բջիջներու գեր-արտադրութեան: Ճիշդ է, որ անոնք ծրագրուած են սպաննելու հիւանդ բջիջներ, բայց աւելի փոքր հաւանականութեամբ կրնան սպաննել նաեւ առողջ բջիջներ։ «Քորոնա»-ին պարագային այս ուղղութեամբ հաւաստի ուսումնասիրութիւններ տակաւին չկան:

Դարմանում .- Այստեղ հիմնական դժուարութիւնը այն է, որ գիտաշխատողներ տակաւին չեն յաջողած բացատրել, թէ ո՞ր մարմիններու մէջ բորբոքումը կրնայ աւելի ծանր ըլլալ: Գլխաւոր վտանգը ենթակայի անհամաչափ հակազդեցութիւնն է: Չափազանց մեծ բնածին հակազդեցութիւն կը նշանակէ չափազանց ծանր բորբոքում, որ կրնայ աղէտալի ըլլալ: Ցաւօք այդ իրադարձութիւնը առայժմ աննախատեսելի է:  Հարկ է իւրաքանչիւր հիւանդի հետեւիլ մեծ ուշադրութեամբ: Այդ կը նշանակէ յաճախ քննութիւններ կատարել չափելու համար արեան մէջ (կամ այլուր) գտնուող կենսանիշ մասնիկներ (Biomarker Molecules): Ասոնց շարքին են վերը յիշուած «սայթոքինները»: Կան նաեւ մեծ թիւով այլ կենսանիշներ, որոնք աւելի խոր մասնագիտական ծանօթութեան կը կարօտին (5):

Ցարդ պարզապէս ծանօթ է, որ տղամարդիկ, տարեցներ եւ գէր անհատներ աւելի հակամէտ են ծանր բորբոքումի (6):Ո րպէսզի գործնականօրէն կիրառելի ըլլայ, հարկ է մատնանշել սահմանափակ թիւով մասնիկներ, որոնք յստակ եւ բաւարար ցուցանիշ են ժահրի ծանրութեան, ենթակայի առողջական վիճակին: Մինչեւ օրս կարելի չէ եղած այդ ընտրութիւնը կատարել: Ուրեմն իւրաքանչիւր հիւանդի խնամքը յատուկ ծրագրի եւ խնամքի կը կարօտի: Իսկ այդ իրականացնելու համար հարկ է ունենալ բաւարար բժշկական մարզուած անձնակազմ, սարքեր եւ նիւթական յատկացում: Իսկ մեր ապրած երկրին մէջ …

Հարկ է, որ դեղորայքը ոչ միայն յարիր ըլլան որակով եւ քանակով, այլեւ տրուին ճիշդ ժամանակին: Եթէ բորբոքումը մեղմող դեղեր, ինչպէս interferon, ուշ տրուին, կրնան հակառակ արդինք տալ եւ աւելի եւս ծանրացնել բորբոքումը: Իսկ այլ, դիմադրութան օգնող դեղեր (ինչպէս dexamethasone, որ ներազդակ (hormone) մըն է), կրնան հակառակ արդիւնք տալ, եթէ կանուխ տրուին, որովհետեւ կը խանգարեն «պատշաճ» հակամարմիններու արտադրութիւնը մարմնի կողմէ:  Եթէ բժշկական անձնակազմը թիւով կամ որակով անբաւարար է, հաւանական է, որ բազմաթիւ դարմանումներ սխալ ուղղութեամբ ընթանան եւ յանգին տխուր հետեւանքի:

Զգուշութիւն .- Պարզ է, որ առայժմ միակ կարելի միջոցառումը զգուշութիւնն է: Մանաւանդ սահմանափակ նիւթական միջոցներ ունեցող երկիրներու մէջ: Ենթական կրնայ վարակող ըլլան, ախտանիշներու յայտնուելէ  քանի մը օր առաջ: Իր շրջապատը կրնայ վարակել առանց գիտակցելու: Իսկ ախտանիշներու աւարտէն ետք վարակի փոխանցումը ոչ թէ անկարելի է, այլ պարզապէս քիչ հաւանական (7,8):

P.C.R. (Polymerase Chain Reaction – Կրկնամաս Շղթայ Գործողութիւն) համեմատաբար սուղ է, բայց կրնայ կանուխ յայտնաբերել վարակը: Քննութիւնը, սակայն, չի զանազաներ ապրող եւ մեռած ժահրերը: Այս իմաստով արդիւնքը կրնայ որոշ շրջան մը դրական ըլլալ ենթակայի բուժումէն ետք: Կարելի է վարակը յայտնաբերել նաեւ այլ, աւելի աժան միջոցներով, չափելով, օրինակ հակա-մարմիններու (antibody) թիւը, բայց այդ նուազ վստահելի է:

Պատուաստներ .- Այս կէտը թերեւս ամէնէն շահեկանն է: Նկատել, որ գործածեցի յոգնակի թիւ: Վարակի վերը նշուած յատկութիւններէն մեկնած, արդէն հասկնալի է, որ կարելի չէ միեւնոյն պատուաստը տալ տարբեր տարիք եւ առողջական վիճակ ունեցող մարդոց:

Դպրոցական դասագիրքերը մեզի ըսած էին, թէ պատուաստ կը նշանակէ ժահրի թուլացուած բջիջներ ներարկել: Առողջ մարմինը «կը ծանօթանայ» վարակին, եւ շուրջ մէկ շաբաթուան ընթացքին կը սորվի  յաղթել եւ այդ տեղեկութիւնը (պատշաճ «T» հակամարմիններու բնոյթը) կը պահէ երկար ժամանակ: Սովորական կրիփի պարագային մէկէն երկու տարի:  Հասկնալի է, որ ենթական կրնայ իսկական ժահրով վարակուիլ երբ պատուաստի գործընթացը տակաւին չէ աւարտած: Այս մեր դպրոցական գիտելիքն է: Հարցը ի հարկէ այսքան պարզ չէ, բայց մէկ կէտ յստակ է.- Պատուաստները կը փորձեն ոչ թէ վարակի մուտքը արգիլել մարմնէն ներս, այլ  կանխել անոր պատճառած բարդութիւնները:

Հարցը այն է, որ շատ վտանգաւոր է նոյնիսկ տկարացուած ժահրը ներմուծել մարմնէն ներս: Այդ կրնան ընդունիլ միայն առողջ եւ ոչ տարեց մարդիկ: Ներկայիս պատրաստութեան մէջ են  պատուաստի 167 տարբերակներ: Այո՛, ոչ նուազ քան 167 (1): Անոնցմէ միայն 5-ը հիմնուած են տկարացուած ժահրի վրայ: Ժահրը կարելի է թուլացնել բարձր տաքութեամբ, քիմիական նիւթերով եւ հաւանաբար նաեւ այլ ձեւերով:

Պատուաստներու մեծամասնութիւնը կը հիմնուի ժահրէն ենթամաս մը (Subunit) գործածելու վրայ: Այստեղ կան բազմաթիւ ընտրանքներ եւ տարբերակներ: Մրցակիցներու թիւը մեծ է, որովհետեւ ոչ միայն մեծ է վտանգը, այլեւ նիւթական ակնկալութիւնը: Նոյն պատճառով հաւանաբար աննշան է գիտելիքներու փոխանակումը: Կ’ենթադրեմ, որ 167 մրցակիցներու մէջ կան կրկնօրինակներ: Կ’իմանանք, որ 27 տարբերակներ փորձարկումներ կը կատարեն «կամաւոր»-ներու վրայ: Նման պատուաստներ թոյլ հակազդեցութիւն կը ստեղծեն: Այդ պատճառով հաւանաբար հարկ է մէկէ աւելի անգամ պատուաստել նոյն անհատը:

Կ’աւարտեմ տխուր կէտով մը: Նոյնիսկ եթէ մօտիկ ապագային յաջող պատուաստ գտնուի, ապա արտադրութիւնը պիտի ըլլայ սահմանափակ եւ թանկարժէք: Իշխանութիւններ պիտի սահմանեն նախապատւութիւններու շարք մը: Օլիկարխներ կարող են վճարել ոեւէ գումար: Ո՞ւր պիտի ըլլան սակայն հասարակ մահկանացուք …

——–

  1. Tara Fernandez COVID Triggers Abnormalities in Immune Monocytes Labroots OCT 06, 2020
  2. Jeyanathan, M et al, Immunological considerations for COVID-19 vaccine, Nature Reviews Immunology,  4 սեպտեմբեր 2020։
  3. NET (անգլերէնով ուռկան) կրճատումն է Neutrophil extracellular traps եզրին: Չէզոքամէտ արտաբջիջային թակարդ: Չէզոքամէտ կ’ակնարկէ անոնց աւելի մեղմ գոյներ առնելու յատկութեան: Այս ընթացքը կը կոչուի NETosis:
  4. Արտաքին վնասուածքներու պարագային նման գործողութիւն կը կատարուի արինահոսութիւնը դադրեցնելու համար:
  5. Ինչպէս Inflammasome-ներ, Interleukin-ներ եւ այլն։
  6. Գիրութեան ընդհանրապէս կ’ընկերակցին այլ հիւանդութիւններ, որոնք մարմինը աւելի խոցելի կը դարձնեն։
  7. Charting a Coronavirus Infection K. Wu  J. Corum  New York Times October 5, 2020
  8. Charting a Covid-19 Immune Response By Katherine J. Wu and Jonathan Corum 5,2020

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (13 Հոկտեմբեր 2020)

Յաջորդը

Դէպի Արցախի Հանրապետութեան Միջազգային Ճանաչում` Այլ Ընտրանք Չկայ

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?