Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմս. «Դատապարտելը Բաւարար Չէ…»

Հոկտեմբեր 10, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ցեղային նկատառումներով ծայրայեղականներու ոճրային ու ահաբեկչական արարքները կը հարուածեն մարդկային արժէքներ ու հանդուրժողութիւնը: Նման արարքներ դատապարտելը բաւարար չէ, այլ պէտք է պատժել բոլոր ծայրայեղականները, անոնց հարուածները գան աջէն թէ ձախէն…

Սա մօտաւոր, ո՛չ բառացի մէկ արտայայտութիւնն է Գերմանիոյ հանրապետութեան նախագահ Ֆրանք Վալթէր Շթայմայըրի, արձանագրուած՝ Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբերին: Չէ՛, չկարծէք, որ անոր դատապարտանքի խօսքերը ուղղուած էին Ստեփանակերտը, Շուշին եւ այլ շէներ ռմբակոծող, Արցախի վրայ 12 օրէ ի վեր լայնատարած յարձակում գործող թուրք-ազերիական բանակներու վայրագութեանց մասին, որոնք խլած են բազմաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ՝ նա՛եւ անմեղ քաղաքացիներու շարքերէն, աւերումներ կ’արձանագրուին ժամ առ ժամ:

Ո՛չ. Շթայնմայըր կը խօսէր Գերմանիոյ Հալը քաղաքին մէջ, ուր ճիշդ տարի մը առաջ, աջակողմեան ծայրայեղական մը յարձակում գործած էր հրէական աղօթատեղիի մը վրայ եւ սպաննած՝ 2 հոգի: Հրեաներ ու գերմանացիներ ոգեկոչական ձեռնարկ մը կազմակերպած էին տարելիցին առիթով:

Ոեւէ բանական մարդ անպայման որ կը ձայնակցի Գերմանիոյ նախագահին, ի մասնաւորի անոր այն ակնկալութեան, թէ ծայրայեղականներու ոճրային արարքներուն դիմաց, պէտք չէ բաւարարուիլ միայն դատապարտանքի խօսքերով: Այս արտայայտութեան մէջ, կ’ուզենք տեսնել ոճրային ԱՄԷՆ ՏԵՍԱԿԻ արարքի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու կամք, ներառեալ՝ ընդդէմ այն ոճրագործ պետութիւններուն, որոնք կը կոչուին Թուրքիա եւ Ազրպէյճան:

Ծանօթ ենք Ցեղասպանութեան մասին Գերմանիոյ նախագահին արդար մօտեցումներուն: Արդար ակնկալութիւնը ունինք, որ «դատապարտանքէ անդին անցնելու» եւ պետակա՛ն ոճիրներ գործողներու դէմ եւս պատիժներ սահմանելու անոր կամքը վարակէ Մարքրոնները, Փութինները, Թրամփներն ու Եւրոպայի ու արաբական աշխարհի գերագոյն ղեկավարները, հասնի մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք, Ափրիկէ ու Ամերիկաներ:

2 անմեղներու սպանութեան դէմ ցասումի եւ բողոքի ձայն բարձրացնողը չի կրնար անտարբեր մնալ հազարաւորներու վիճակուած ողբերգութեան նկատմամբ: Ահաբեկիչներուն դէմ ամբողջ աշխարհը հրաւիրուած է միասնաբար գործի անցնելու:

9 Հոկտեմբեր 2020

Նախորդը

Արցախեան Պատերազմի Գլխաւոր Դերակատարներու Վերլուծում

Յաջորդը

Հանդիսաւոր Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Թարգմանչաց Վարդապետաց Տօնին Եւ Դպրեվանքի 90-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացման Առիթով

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?