Սեփական Մեղքը Քաւելու Ցուցադրական Քայլ Մը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ֆրանսայի ծերակոյտը 25 նոյեմբերին ձայներու մեծամասնութեամբ որդեգրեց «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին» բանաձեւը, որ կը պարունակէր, ֆրանսական կառավարութեան ուղղուած Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու կողքին, շարք մը այլ հայանպաստ կոչեր, ինչպէս` ազրպէյճանական ուժերն ու անոնց աջակցող կազմաւորումները անյապաղ հեռացնել 27 սեպտեմբերի զինուորական գործողութիւններուն սկիզբէն ետք գրաւուած տարածքներէն, բոլոր ջանքերը գործադրել բանակցային հոլովոյթին վերսկսելու, 1994 թուականին գծուած սահմանները ապահովելու, ինչպէս...
















