Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թագաւորը Մերկ Է

Նոյեմբեր 25, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Քրեմլինի նախանձախնդիր ու անհանդուրժող աչքը, ի վերջոյ, կրնայ միայն վասալներ եւ թշնամիներ տեսնել, եւ Ռուսիոյ դրացիները, եթէ չեն ուզեր մէկը դառնալ, պէտք է հաշտուին միւսը ըլլալու: Այս մասին յայտարարած է 1940-ական թուականներու ամերիկեան դիւանագիտութեան տիտաններէն պատմաբան Ճորճ Ֆ. Քենըն, որ ծանօթ է իբրեւ Պաղ պատերազմի շրջանին Խորհրդային Միութեան զսպման (քոնթէյնմընթ) քաղաքականութեան ջատագով:

Դժբախտաբար Հայաստանի իշխանութիւնները` անտեսեցին տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական իրականութիւնը, ինչպէս նաեւ արեւմտամէտ քաղաքականութիւն որդեգրած այլ երկիրներու` Աբխազիան ու Հարաւային Օսեթիան կորսնցուցած Վրաստանի եւ Խրիմն ու Տոնպասը կորսնցուցած Ուքրանիոյ ակներեւ օրինակները, եւ մեր երկիրը միացաւ «Գունաւոր յեղափոխութիւն»-երէ ետք տարածքներ կորսնցուցած երկիրներու շարքին:

«Տարածքներու կորուստ» բառակապակցութիւնը, սակայն, կը նսեմացնէ եւ յստակ կերպով չ՛արտացոլացներ արձանագրուած կորուստին  կշիռը, տարողութիւնն ու հետեւանքները: «Տարածքներու կորուստ»-ը կը ներառէ շրջանի բազմահազար բնակիչներու տեղահանում եւ հազարաւոր պատմամշակութային կոթողներու աւերում, իմա՛ մշակութային ցեղասպանութիւն, ինչպէս նաեւ` 1990-ական տարիներէն ի վեր բազում կեանքերու եւ զոհողութեանց գնով ազատագրուած հողերէ հրաժարում:

Հսկայական վնասին պատասխանատուութիւնը այլոց ուսերուն բեռցնելու անտեղի փորձերը բնականաբար ձախողեցան, եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ի վերջոյ ընդունեց, որ այդ բոլորին թիւ 1 պատասխանատուն ինքն է. քաղաքական պարզ տրամաբանութենէ բխող ճշմարտութիւն մը, որ կարելի չէր թաքցնել: Ճշմարտութիւն մը, որ առաւել եւս ընդգծուեցաւ երկրին նախագահին ու արտաքին գործոց նախարարին անձնատուական համաձայնագիրէն անտեղեակ ըլլալու մասին յայտարարութիւններէն ետք: Փաշինեան, սակայն, իր այդ քայլը չամբողջացուց, զայն ձգեց կիսատ ու չհասցուց իր բնական լրումին, եւ փոխան քաղաքական պարզ տրամաբանութեան հետեւելով հրաժարելու` ձեռնարկեց կառավարութեան կազմի 80 առ հարիւրի փոփոխութեան, որ անիմաստ քայլ մը ըլլալուն կողքին, նաեւ ժողովրդավարութեան, ժողովրդավարական մտահայեացքի թելադրած տարրական լուծումէն շեղում մըն է:

Արեւմտեան ժողովրդավար երկիրներու մէջ մեր մօտ պատահած մեծ աղէտին ու գործուած սխալին մէկ տասներորդի արձանագրման պարագային, երկրին ղեկավարը կատարուածին ամբողջական պատասխանատուութիւնը ստանձնելով, անմիջապէս ու մեքենայաբար կը հրաժարի: Արեւմտամէտ Փաշինեան, սակայն, կ’անտեսէ արեւմտեան աշխարհի այդ տարրական սկզբունքն ու քաղաքականութեան «այբուբեն»-ը` դրսեւորելով իր իշխանամոլութիւնն ու մենատիրական էութիւնը:

Ստեղծուած քաղաքական վատառողջ կացութիւնը յար եւ նման է դանիացի գրող Հանս Քրիսթիան Անտերսենի «Թագաւորի նոր զգեստը» հեքիաթին: Այսօր մեր դիմաց կանգնած են 1837-ին տպուած այդ հեքիաթին տիպարները` թագաւորին մերկութիւնը մատնանշող ընդդիմութիւնն ու իրենց կուռքին ծափահարողները: Դժբախտաբար հեքիաթ չէ ասիկա, այլ` մեր դառն իրականութիւնը:  Թագաւորը մերկ է եւ ոչ մէկ հնարք կամ չքմեղանք կրնայ ծածկել այդ իրողութիւնը:

 

 

Նախորդը

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Յայտարարութիւնը. Արդարութիւն` Արցախի Համար

Յաջորդը

Երբ…

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?