Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Գոհաբանութեան Տօնին Առթիւ. Դրամահաւաք… Եւ Հրաժարման Ստորագրահաւաք

November 26, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս տարի 23-րդը պիտի ըլլար:

Հայորդիին եւ յատկապէս ամերիկահայուն համար յստակ է, թէ ինչի՛ մասին կը խօսինք:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գոհաբանութեան օրուան թելեթոնին մասին է խօսքը, որ կը կատարուէր նոյեմբեր ամսուան վերջին հինգշաբթին:

Այլ ցամաքամասերու մէջ ալ կը կազմակերպուէին այլ ձեւի դրամահաւաքներ:

Ամէն անգամ յատուկ ծրագիրներ նկատի կ’առնուէին` նպատակ ունենալով շէնցնել, վերանորոգել Արցախն ու Հայաստանի սահմանամերձ շրջանները:

Այսպէս էր, որ աւելի քան քսան տարուան պատմութիւն կերտուեցաւ օժանդակութիւններով, հետեւողական ձեւով բարգաւաճման ծրագիրներ կեդրոնացան այդ շրջաններուն մէջ. բազմաճիւղ ծրագիրներ իրականացան` կրթօճախներու շինութիւն, գիւղատնտեսութեան, անասնաբուծութեան, ճանապարհաշինութեան զարգացում, վառելանիւթի մատակարարում, ջրամատակարարման, առողջապահական, մշակութային եւ մարմնակրթական կալուածներու զարգացում, առանց մոռնալու նոր մայրուղիներու բացումն ու պահպանումը:

Դեռ թարմ են այդ օրերուն բանաձեւուած եւ շեշտուած նշանախօսքերը, թէ` Արցախը ունէր հիմնական երկու մարտահրաւէր, առաջին` պաշտպանութեան համակարգի զարգացում եւ բարեկարգում, եւ երկրորդ` կառուցում եւ վերաբնակեցում:

Հայորդին համոզուած էր, որ այս մարտահրաւէրները կարելի էր յաղթահարել, ուրեմն, եւ բնականաբար, համահայկական ճիգերով կերտեց կատարելագործուած եւ արդիականացած ենթակառոյցներ:

Ժրաջան աշխատանքի իբրեւ արդիւնք` Հադրութի… այո՛, դեռ քանի մը օր առաջ ազերիին «ձօնուած» Հադրութ քաղաքի, Սպիտակաշէն եւ Վանք գիւղերու ջրամատակարարման ծրագիրները ամբողջացած էին: Ըմպելի ջուրի ներքին ցանցի վերակառուցման եւ կոյուղիի համակարգին վերանորոգման աշխատանքներ տարուած էին Ասկերանի, Մարտակերտի, Հադրութի եւ բազմաթիւ այլ շրջաններու մէջ:

Նոյն թելեթոններուն շնորհիւ` աննման Շուշիին մօտակայ Քարինտակ գիւղին մէջ կառուցուեցաւ մանկապարտէզ, դպրոցի մարզադահլիճ, համայնքային կեդրոն, նաեւ` ըմպելի ջուրի համար նոր համակարգ:

Նշուած կառոյցներուն մէկ մասը արդէն իսկ քար ու քանդ եղած է ազերիին կողմէ, իսկ կառուցելիին համար կիսաւարտ աշխատանքները մատնուած են անորոշ ճակատագիրի:

Սեպտեմբեր 27-ին սկսած պատերազմը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միօրեայ խորհրդանշական հանգանակութեան այլապէս նեղ սահմաններէն դուրս բերաւ հայրենաշէն նախաձեռնութիւնը: Հայութիւնը միակամօրէն եւ ինքնաբուխ կերպով, առանց կոչերու սպասելու` գործի լծուեցաւ կարելի բոլոր միջոցներով օժանդակութիւն հասցնելու համար մարտնչող Արցախին եւ արցախցիին:

Հիմա տարբեր է Գոհաբանութեան տօնին պարզած պատկերը: Նիւթական օժանդակութիւնները կը շարունակուին եւ պիտի շարունակուին, անշուշտ` համահայկական հիմնադրամի կանոնադրութեան հիման վրայ, այսինքն այդ գումարները կարելի չէ ծախսել եւ օգտագործել աշխատավարձերու եւ պարգեւներու համար:

Այսուամենայնիւ, շա՛տ աւելի հրատապ հարց մը բեմահարթակի վրայ է:

Նոյեմբեր 10-էն ի վեր ծանրօրէն պարտուած կը զգանք:

Արցախ հայրենիքն ու Հայաստանը կործանման սեմին են:

Այս անգամ, յանուն հայութեան, եւ ի շահ Հայաստանի ու Արցախի պատուին, դրամահաւաքի կողքին` ժամանակն է ապիկար եւ ձախողած վարչապետին եւ իր վարչակազմին հրաժարման պահանջով ստորագրահաւաք կատարելը:

Անդունդի սեմին ենք եւ, աւելի՛ն, ժամացոյցի դէմ կենաց-մահու մրցում մը պարտադրուած է մեզի: Պէտք է տեսնենք, որ ա՛լ անձերու պաշտպանութեան կամ դատապարտումի փուլէն անդին պէտք է ուղղենք մեր աչքերը եւ օր առաջ լծուինք ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ փրկելու վազքին` ազգային համաձայնութեան ժամանակաւոր կառավարութիւն մը յառաջացնելով եւ ըստ կարելւոյն փրկելով յաւելեալ կործանման սեմին հասած հայրենիքն ու Արցախը:

19 նոյեմբեր 2020

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

10 Նոյեմբերի Անկիւնադարձէն Ետք – Ա. (*). Նախ` Խուսափելին Եւ Հրամայականը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.