Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երբ…

Նոյեմբեր 25, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՅՐ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Երբ հայրենի հողերը մէկ ստորագրութեամբ կը յանձնուին, եւ «մարդիկ» կը շարունակեն բնականոն իրենց կեանքը ապրիլ…

Երբ Արցախի մեր հայրենակիցները տարհանուած կը հասնին Երեւան, եւ «մարդիկ» կոչ կ՛ուղղեն` վերադառնալու Արցախ եւ չխանգարելու իրենց հանգիստը` յուշելով, որ իրենց երեխաները զոհուած են արցախցիներու սահմանը պահելու համար…

Երբ հայրենիքի «գլխաւոր…» Նիկոլը Շուշին կը համարէ տժգոյն ու տխուր քաղաք, նաեւ իրեն համար հաւաքուած «հրապարակի ազատամարտիկներ»-ը Շուշին կը համարեն անկարեւոր…

Երբ Նիկոլը իրենց գլխուն նստեցնող պատգամաւորներուն սիրտը կը ցաւի Ազգային ժողովի դռներու բռնակներուն համար, մինչդեռ մեր սիրտը արիւն կու լայ Արցախի կորուստին համար…

Երբ զինուորական համազգեստը Երեւանի փողոցները արեւածաղիկի կուտ ուտելու ժամանակ հագած «հրապարակի ազատամարտիկներ»-ը Ազատութեան հրապարակը հաւաքուած եւ Նիկոլին հրաժարականը պահանջողները դաւաճան կ՛անուանեն…

Երբ քու ընկերներուդ շիրիմներուն մօտ կանգնած` ոչ իսկ մէկ բառ կը գտնես անոնց բացատրելու իրենց արեամբ ոռոգուած հայրենի հողը յանձնողի պաշտօնավարման շարունակութեան իմաստը…

Պահ մը կ՛ուզես Նիկոլի հրաժարականը պահանջելու փոխարէն` դուն ինքդ հրաժարիս ե՛ւ հայութենէն ե՛ւ մարդկութենէն, որովհետեւ հայրենիքի մէջ իսկ կը զգաս անհայրենիք:

Բայց Ո՛Չ:

Մենք երդուած ենք ծառայել հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին, ունինք ընկերներ, որոնք այդ երդումը կատարելով` բարձրացան երկինք եւ անոնք մնայուն կերպով կը յուշեն մեզի` մնալ հաւատարիմ մեր երդումին:

Թող մարդիկ կառչած մնան իրենց աթոռներուն, իսկ մենք կառչած կը մնանք մեր երդումին:

Վաղ թէ ուշ Նիկոլն ու իր շեփորախումբը պիտի շարունակեն իրենց «քայլը» դէպի պատմութեան ամօթալի էջերը, իսկ մենք մնալու ենք մեր վիրաւոր հայրենիքին կողքը ու զայն կրկին շէնացնելու ենք եւ անպայման օր մը կրկին Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց մայր եկեղեցւոյ մէջ մեր աղօթքները դէպի երկինք բարձրացնելու ենք:

 

 

Նախորդը

Թագաւորը Մերկ Է

Յաջորդը

Հայաստանը Կովկասեան Տարածաշրջանի Նորօրեայ Ջրապտոյտին Մէջ

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?