Նժդեհի Պուլկարիա Վերադարձը Ու Ձերբակալութիւնը
Նժդեհին կինը Եւփիմէն ու որդին` Վրէժը ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ «Սիրում եմ արիութիւնը գրչիդ, խօսքիդ ու սուրիդ» ( Ա. ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ) 1934-ի աշնան Գարեգին Նժդեհ կը վերադառնայ Պուլկարիա ու կը շարունակէ իր ազգային ու քաղաքական գործունէութիւնը` յատկապէս պայքարելով համայնավարութեան դէմ: Ան սակայն հոն հանգիստ չունէր եւ ժամանակ մը Պերլին մնալէ ետք կ՛անցնի Խրիմ, ապա` Հիւսիսային Կովկաս, բայց երբ գերման բանակները կը...

















