Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նժդեհի Պուլկարիա Վերադարձը Ու Ձերբակալութիւնը

Փետրուար 2, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նժդեհին կինը Եւփիմէն ու որդին` Վրէժը

 

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

«Սիրում եմ արիութիւնը գրչիդ, խօսքիդ ու սուրիդ» (

Ա. ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ)

 

1934-ի աշնան Գարեգին Նժդեհ կը վերադառնայ Պուլկարիա ու կը շարունակէ իր ազգային ու քաղաքական գործունէութիւնը` յատկապէս պայքարելով համայնավարութեան դէմ: Ան սակայն հոն հանգիստ չունէր եւ ժամանակ մը Պերլին մնալէ ետք կ՛անցնի Խրիմ, ապա` Հիւսիսային Կովկաս, բայց երբ գերման բանակները կը սկսին նահանջել, կը վերադառնայ Սոֆիա, Պուլկարիա, վերջ տալով իր թափառական կեանքին:

Այդ պատերազմական դժնդակ տարիներուն Նժդեհ մեծապէս օգտակար կ՛ըլլայ գերմանական բանակին կողմէ գերի բռնուած հայ զինուորներուն, որոնք արդէն կը ճանչնային զինք եւ իրեն հանդէպ ունէին բացառիկ համարում:

Հազիւ հանգիստ կեանքի սկսած, գերմանական պարտութիւնը եւ Եւրոպայի անխոհեմ քաղաքականութիւնը դէպի ստալինեան ծաւալապաշտ եւ քարոզչական ծրագիրները, համայնավարական յեղափոխութիւններ կը սկսին ծայր տալ Պալքաններու մէջ:

1944-ի սեպտեմբեր 9-ին համայնավարներու յեղափոխութիւնը կը պայթի Պուլկարիոյ մէջ`  այնքան անակնկալ եւ այնքան ներքնապէս պատրաստուած, որ արդէն իսկ երկրին մէջ բոյն դրած եւ հակահիթլերական քաղաքականութեան բուռն կողմնակիցները իշխանութեան գլուխ գալով` խիստ հսկողութեան տակ կ՛առնեն եւ ստալինեան բռնապետական գործելակերպով կը սկսին հալածանքներու եւ հակակշռի տակ առնելու մասնաւորաբար երկրին սահմանները եւ հետեւելու բոլոր անոնց, որոնք անբաղձալի տարրեր եղած են եւ թոյլ չեն տար, որ անոնք փախուստ տան իրենց ճանկերէն: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենային լռելեայն: Եթէ Յեղկոմը Հայաստանի մէջ իշխանութեան գլուխ գալով` անմիջապէս սկսաւ հալածել բոլոր նախկին ղեկավարները, Պուլկարիոյ մէջ կը պատահի հակառակը. 5 կամ 6 ամիս անոնք ժողովրդային խաւէն լուռ կը կատարեն իրենց աշխատանքները:

Պուլկարիոյ մէջ եւս կային ուխտեալ համայնավարներ, որոնք հաւատաւոր գործիչներ էին եւ յատկապէս Նժդեհին դէմ ունէին սոսկալի ատելութիւն, մնայուն կերպով կը ջանային հրահրել իշխանութիւնը` Նժդեհն ու իր ընկերները հետապնդելու, ձերբակալելու ու պատժելու: Այս կացութեան իրազեկ ըլլալով` Նժդեհ ամիսներով թաքնուած կը մնայ խուսափելու համար ձերբակալութենէն: Իր հաւատարիմ ընկերներն ու համակիրները իրենց կարելին չէն խնայեր Նժդեհը հեռու պահելու համայնավար ճիրաններէն, բայց Նժդեհ տեսնելով, որ հնարաւոր չէ այսպէս թաքնուած մնալով կասկածի տակ դնել ընկերները, անձամբ կը ներկայանայ իշխանութիւններուն ու կը յանձնուի:

Անմիջապէս բանտարկելով` պուլկար իշխանութիւնները շատ չանցած զինք կը ղրկեն Մոսկուա, բայց զարմանալիօրէն Մոսկուայի մէջ որոշում կը կայացնեն զայն յանձնել Հայաստանի կառավարութեան, եւ Նժդեհ կ՛ուղարկուի Երեւան ու շատ խիստ հսկողութեան տակ կը բանտարկուի:

Խիստ հսկողութեան տակ, որովհետեւ ան ոչ միայն կռուած էր Կարմիր բանակին դէմ, ոչ միայն մեծ թիւով համայնավար բանակայիններու մահուան պատճառ եղած էր, այլ Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ եղած էր համայնավար գաղափարաբանութեան սնանկութեան քարոզիչը:

Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդը, փոխանակ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու այս մեծ հերոսին, որ երկրին տուած էր բախտը իր սահմաններուն մէջ պահելու Զանգեզուրը, ամէնէն դաժան վերաբերմունքին կ՛արժանացնէ զինք:

Բանտին մէջ բազմաթիւ անգամներ զինուորականութեան եւ ոստիկանութեան կողմէ կը հարցաքննուի, բայց կանոնաւոր դատավարութեան չ՛ենթարկուիր: Այդ դատավարութեան ընթացքին բազմաթիւ մեղքեր կ՛արձանագրուին Նժդեհի հաշուոյն եւ 1945-էն մինչեւ 1948 երկարող այդ խաբէութեան բեմադրութենէն ետք կը կազմուի անոր գործած «ոճիրներու» հաստկեկ թղթածրարը եւ կ՛ուղարկուի Մոսկուա, ուր արդէն վճռուած էր անոր վճիռը` 25 տարուան բանտարկութիւն:

Ան արդէն բանտարկուած էր Երեւանի մէջ, ուր 3,5 տարի մնալէ ետք կ՛աքսորուի Վլատիմիր կոչուած սիպերիական աքսորավայրը:

Անյայտ պատճառներով Գարեգին Նժդեհը աքսորավայրէն կրկին կը բերեն Երեւան, 1952-ին: Հայաստանի մէջ Նժդեհը ճանչցողներուն, մասնաւորաբար` հարաւային Հայաստանի հայութեան համար, այս փոփոխութիւնը ներքնապէս ուրախութեան առիթ կ՛ընծայէ: Երեւանի բանտին մէջ կը մնայ մէկ տարի` համեմատաբար աւելի լաւ պայմաններու մէջ եւ լաւ վերաբերմունքի կ՛արժանանայ, մինչեւ իսկ ղեկավարները իրեն հետ կ՛ունենան մտերմիկ զրոյցներ եւ զինք կը տանին պտոյտի Երեւանի փողոցներուն մէջ: Այս վերաբերմունքի բացատրութիւնը, դժբախտաբար, ցարդ յայտնի չէ:

Մէկ բան յստակ է, որ բոլոր հարցաքննութիւններուն ընթացքին ան ընկրկումի ոչ մէկ նշան ցոյց կու տայ, միշտ կը մնայ իր հերոսի, մարտականի եւ հայրենիք փրկողի բարձրութեան վրայ եւ քննիչներուն աչքերուն նայելով` կը յարէ. «ՈՉ ՄԷԿ ՈՒԺ ԿՐՆԱՅ ԻՄ ՀՈԳԻԷՍ ՈՒ ՍՐՏԷՍ ԴՈՒՐՍ ՀԱՆԵԼ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ»:

Այս բոլորը հայրենասէր հայութեան յոյս կը ներշնչէ, մանաւանդ երբ Ստալինի մահէն ետք աքսորեալները տուն կը վերադառնային: Մինչ Նժդեհ այդ ընդհանուր ներումի մթնոլորտին մէջ կ՛ակնկալէր, որ իբրեւ պուլկարահպատակի` զինք ուղարկեն Սոֆիա, ան կրկին կ՛աքսորուի Սիպերիա, այս անգամ Պայքալ լիճի մօտերը` Թայշետ քաղաքը, չափազանց վատառողջ կլիմայական պայմաններու մէջ:

Ան կը գիտակցի, որ համայնավարներուն համար կարեւոր էր իրմէ տեղեկութիւններ ստանալ Երեւանի իր ընկերներուն մասին, բան մը, որ Նժդեհին համար կարելի չէր. թէեւ արդէն Ստալին մահացած էր եւ ընդհանրապէս մեղմացած էին կիրքերը, բայց մեղմացումը Նժդեհին համար չէր:

1955-ին, երբ կ՛անդրադառնայ, որ իր կեանքի վերջալոյսին կը գտնուի, կը խնդրէ, որ զինք թաղեն Հայաստանի մէջ եւ իր ժամացոյցը, հագուստներն ու իր անտիպ ձեռագիրները յանձնեն իր համայնավար եղբօր: Ան իր մահկանացուն կը կնքէ ու կը թաղուի այդ հեռաւոր, օտար ու ցուրտ` Վլատիմիր քաղաքին մէջ:

Սան Ֆրանսիսքոյէն Յակոբ Խուշպուլեան, որ Հայաստան այցելած է 1955-ի նոյեմբեր 21-ին, իմացած է Նժդեհին մահուան լուրը: Ըստ անոր տեղեկութիւններուն, Նժդեհ Թայշետէն կրկին փոխադրուած էր Վլատիմիրի բանտը, ուր մահացած է:

Եղբայրը` Լեւոն Տէր Յարութիւնեան, մեկնած է Վլատիմիր. թաղումը կատարուած եւ գերեզմանը ցանկապատուած է եւ վրան ռուսերէնով գրուած է.  ՏԷՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ԳԱՐԵԳԻՆ ԵՂԻՇԵՒԻՉ (1886-1955):

Նժդեհի կինը` Եւփիմէ, տարիներով կը տառապի բանտերու ու աքսորավայրերու մէջ, ու Նժդեհի մահէն ետք ինք եւս կը մահանայ Պուլկարիոյ մէկ խուլ անկիւնը` ամէն բանէ զրկուած: Ողբերգութիւն մը եղած է խեղճ կնոջ կեանքը` աւելի քան տասնամեակ մը, պարզ այն պատճառով, որ ան Նժդեհի կինն էր:

(Շարունակելի)

 

Նախորդը

800 Տարեկան Հայկական Քաղաք Շուշին Կամ Հայոց Պատմութեան, Մասնաւորապէս Արցախի Պատմութեան Առանցքային Հարցերի Վերաբերեալ Նոյնիսկ Մակերեսային Գիտելիքներ Չունեցողներին

Յաջորդը

Մինչեւ Ե՞րբ Եւ Մինչեւ Ո՞ւր…

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն.  Մէկ Դար Եւ Սերունդներու Ազգային Դաստիարակութեան Հիմնասիւնը Հանդիսացող Կառոյցը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը
Անդրադարձ

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. Լիբանանահայ Պատանիներու Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Մարտ 21, 2023
Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը
Անդրադարձ

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի Խօսքը` Համազգայինի 95-Ամեակի Անդրանիկ Հանդիսութեան Առիթով

Մարտ 21, 2023
Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակի Հանդիսութեան Օրուան Բանախօս Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

Մարտ 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In