ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Այս օրերուն այնքան շատ կը հոլովուի Ճ. Սորոս պապուկին անունը, որ մարդ, սապէս կը տարուի մտածելու, թէ այս ի՛նչ հմայք ու հեղինակութիւն ունեցող անհատ մըն է եղեր ան, որուն անուան շուրջ առասպելներ հիւսուած են ու դեռ կը հիւսուին աշխարհով մէկ: Աւելի՛ն. կարելի է նոյնիսկ երկու բառով բնորոշել ու յայտարարել, թէ այս մարդուկը, որուն ծագումը յստակ է, բայց ծաւալած գործը` անփառունակ, կը միտի եղեր մարդկութիւնը փրկել ու դէպի նորարար հորիզոններ առաջնորդել` յանուն ապագայ սերունդներու յառաջդիմութեան:
Ուրեմն այս «փրկիչ»-ն ու «առաջնորդ»-ը ապաւինած իր հարստութեան ու «բարեսէրի»-ի կոչումին, մարտահրաւէր կը կարդայ ամբողջ մարդկութեան, թէ ինք պիտի կարենայ «Բաց հասարակութիւն» յորջորջուած կազմակերպութեան շնորհիւ ոչ միայն դրամով ողողել աղքատ ժողովուրդի քսակները, այլ նաեւ պետութիւններ իր մականին տակ առնելով` զանոնք բարեկարգել, բարեփոխել ու զարգացնել:
Ահա այս պապուկն է, որ աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր կայք հաստատած է մեր հայրենիքին մէջ, ստեղծած է իր «պատկառելի» կառոյցը, զինուորագրած է բազում հայորդիներ, առանց սեռի, գոյնի, տարիքի ու դաւանանքի խտրութեան եւ լծուած նոր Հայաստանի կառուցման:
Առաջին հայեացքով` մարդ կը շշմի ի տես անոր «բարեսիրտ»-ի ունակութեան եւ «ծառայասէր»-ի կազմաւորումին: Ան միլոնաւոր տոլար «կը բաշխէ» այս կամ այն անհատի, ընկերային ցանցերու, լրատուամիջոցներու թէ կազմակերպութիւններու:
Ու մենք քիչ ետք պիտի ըմբռնենք այս պապուկին կատարած շշմեցուցիչ աշխատանքին տարողութիւնը եւ հասկնանք, թէ ինչո՛ւ արցախեան պատերազմը կորսնցուցինք, պարտուեցանք ու ազգովին խայտառակուեցանք:
Հակառակ անոր որ բազմաթիւ հզօր երկիներու մէջ այս պապուկին արգիլուած է մուտք գործել ու աշխատանք ծաւալել, փաստօրէն, ան յաջողած է յարաբերաբար փոքր երկիրներու մէջ ենթահող շահիլ, արմատաւորուիլ եւ լծուիլ տուեալ պետութեան կարգաւորման աշխատանքին:
Միամիտ մարդը կրնայ հարց տալ. միթէ հարստութիւնը (դրամը) բաւարա՞ր է նման հսկայ ու բազմաբեւեռ աշխատանք կատարելու: Պատասխանը կը կայանայ անոր մէջ, որ, երբ ժողովուրդ ու պետութիւն կը զիջին իրենց արժանապատուութենէն, ազգային մտածողութենէն, դարաւոր արժէքներէն եւ ինքնութենէն, ապա պարզ կը դառնայ տուեալ կազմակերպութիւններու հաւաքական կեանքէն ներս սողոսկիլն ու յաջողիլը` այլապէս պառակտումներ սերմանելով եւ միտքեր այլափոխելով:
Հայաստանի մէջ, թէեւ ուշ, շնորհիւ ազգային պահուածքով լիացած տղոց ու աղջիկներու, հակասորոսական արշաւը որոշակի յաջողութիւն ունեցաւ` գէթ մերկացնելով այս կազմակերպութեան կործանարար գործունէութիւնը:
Այսպէս ըսած, «հին»-երու օրով մուտք գործած այս պապուկը այսօր դաւաճան Նիկոլի ու թշուառ նիկոլականներու կողմէ ուղղակի պաշտպանուածութիւն կը վայելէ, որով կը բացատրուի թաւիշի մարդոց դաւաճանութիւնը, աւելի՛ն. օտար ուժերու կամքին ու թաքուն ծրագիրներուն աջակցութիւնը, մէկ խօսքով` Արցախի կորուստը ու Հայաստանի անձնատուութիւնը:
Փաստօրէն, Սորոս պապուկը յաջողած էր իր մականին տակ առնել այնպիսի տարրեր (միասեռական, այլասեռած, մարմնավաճառ, թմրամոլ, գունաւոր դէմքի ու պիղծ հոգիի տէր տղաք ու աղջիկներ, ուսանողներ, դասախօսներ, գրողներ ու մտաւորականներ, հասարակական գործիչներ ու քաղաքական այրեր), որոնցմով ան կրցաւ գրաւել ներքին բերդը եւ իրականացնել թշնամի ուժերու ռազմաքաղաքական ծրագիրները:
Ա՛լ ինչ խօսք Հայաստանի հողին վրայ ապրող բազմահազար աղանդներու մասին, որոնք լծուած են տիւ եւ գիշեր «դաստիարակել» կարծրատիպ հայերը:
Զարմանա՞լ պատահածին, թէ՞ ափսոսալ: