Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլաքներ. Փորձառութիւնը Ի՜նչ Կարեւոր Է…

Յունուար 29, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

– Հայաստանի քաղաքական բեմի նորագոյն վիճայարոյց հարցը: Նիկոլ Փաշինեանի աջ բազուկներէն (ձախ բազուկներ ալ ունի…) Լիլիթ Մակունցը կրնայ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան նշանակուիլ: Որոշում չէ տրուած, սակայն թեկնածուն չի հերքեր, թէ նման օրակարգ կայ: Մեկնաբանութեանց սակարանը աշխուժ է, իբրեւ գլխաւոր յատկանիշ` կը յիշատակուի անոր… անգլերէն լեզուի իմացութիւնը:

Լրագրողները հարցուցեր են Մակունցին, թէ արդեօք ինք դիւանագիտութեան ասպարէզին մէջ փորձառութիւն ունի՞, այն ալ` Միացեալ Նահանգներու պէս երկրի մը մէջ դեսպան նշանակուելու չափ: Պատասխաներ է (ցուցադրուեցաւ պատկերասփիւռէն. յերիւրանք կամ զրպարտութիւն չէ). փորձառութիւնը կարեւոր է, սակայն առաջնային չէ:

Պարզ խօսքով, այս իշխանութեան օրով, եթէ մէկը նշանակուի դեսպան, առողջապահութեան (կամ այլ) նախարար, զինուորական պատասխանատու, պետութեան ողնասիւնը կազմող որեւէ կառոյցի պետ եւ մասամբ նորին, փորձառութեան պէտք չունի, փորձառութիւնը «առաջնային չէ»:

Ինչո՞ւ զարմանալ. քանի մը շաբաթ առաջ չէ՞ր, երբ «իմքայլական» մը հրաժարեցաւ համախմբումի ազգային ժողովի խմբակէն` զայն պարսաւող ուրիշ «քալող» մը յոխորտաց` ըսելով, որ ան արդէն աւելորդ մէկն էր, որեւէ արժանիք չունէր, որովհետեւ «եթէ Փաշինեանի ուսապարկը անոր տեղ թեկնածու դրուած ըլլար, պիտի շահէր աթոռը» (մի՛ հարցնէք, թէ նման յոխորտանքով ան քանի՛ իմքայլական երեսփոխան քաղաքականապէս «ասֆալթին փռեց»…): Նոյն տրամաբանութեամբ ալ Փաշինեանի «ուսապարկ»(եր)ը կրնան յանձն առնել դեսպանական կամ որեւէ այլ բանալի պաշտօն: Խայտառակութիւն մը աւելի, խայտառակութիւն մը պակաս: Ալիեւէն ետք, ուրշիներ ալ կրնան Հայաստանն ու իշխանութեան վրայ եղողները ծաղրանքի նիւթ դարձնել: Ասպարէզը լայն է անջրպետին չափ: Լրջութիւն, հաշիւ պահանջողը ո՞վ է: (Աստուած հոգի՛դ լուսաւորէ՜, Յակո՛բ Պարոնեան):

– Ռազմագերիներուն եւ կորսուածներուն տագնապը կը մնայ անլոյծ, խաղալիքը` Ալիեւի ու վարչախումբի մեքենայութիւններուն: Խնդրոյ առարկայ զինուորներուն եւ քաղաքայիններուն հարազատները անընդհատ բողոքի ձայն կը բարձրացնեն, պետական ու քաղաքական պատասխանատուներ ալ շեշտելով կը շեշտեն, որ տագնապը այս փուլի ամէնէն առաջնային ու հրատապ հարցն է: Նոյն խորութեամբ մտահոգութիւն կայ ազերիներու «խնամքին» ձգուած գօտիին մէջ մշակութային ժառանգութեանց փճացման եւ անդառնալի կորուստներու հաւանականութեան մասին: Լուծում հետապնդելու համար կը բախուին օտար դեսպաններու, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ Եւրոպական Միութեան դուռերը, սակայն ցարդ սպասուած` արդար արձագանգը (գործնական) չի լսուիր:  Կարծէք թէ մոռցուած են… Արցախի մեծ մասին կորուստը, Սիւնիքէն «պատառիկներու» ձեռքէ ելլելը` շնորհիւ ազերիական հրաշագործ «Ճի. Փի. Էս»-ներուն, տակաւին, յետին բեմ քշուած են պատերազմի օրերուն թուրք-ազերիներուն եւ վարձկան ահաբեկիչներուն պատերազմական բազմապիսի ոճիրները (պարտուածի պատմուճանը փակցուցած ենք մեր մորթին), վաղն ալ կրնանք պարտական մնալ Ազրպէյճանին…

Սխալ չհասկցուինք: Անշո՛ւշտ որ կորսուածներուն ու գերիներուն վերադարձի, մշակութային ժառանգութեանց ապահովման հարցերը առաջնահերթ եւ անյետաձգելի են, սակայն ինչո՞ւ մտնել այն կօշիկին մէջ, որ Արցախի ծանօթ շրջաններուն կորուստը վերջնական է, մոռնալ, որ եթէ կարգ մը խաղաքարտեր այս կամ այն ձեւով ձեռքէ հանեցինք, կան ուրիշներ, որոնք կը մնան գործածելի, թէ` պէտք է վերականգնել քաղաքական (առանց անտեսելու զինուորական) այն ուղիները, որոնք չըլլալիք «անակնկալով» մը կանգ առին 10 նոյեմբերին: Իշխանութիւնը, յստակ է, անկարող դարձած է այդ բոլորը ընելու: Պէտք է ոտքի կանգնեցնել ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ-ը:

Ու եթէ իշխանութեան թիւ մէկն ու անոր լծակիցները ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ ոտնատակ ըրած են սահմանադրութիւնը եւ պետութեան հեղինակութիւնը, հակաօրինական ընթացքի մէջ են փաստօրէն, ո՞վ կ՛արգիլէ, որ ընդդիմադիրներն ալ հակադարձեն նմանօրինակ քայլերով (ինքնանպատակ պետական հարուածի մասին չէ մեր խօսքը), հրապարակ գան ըստ կարելւոյն` վերականգնումի ՇՕՇԱՓԵԼԻ եւ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ծրագիրով, որպէսզի աւելի քան երկուքուկէս ամիսէ ի վեր շուարումի եւ սպասողական վիճակի մատնուած զանգուածները, ինչո՞ւ չէ, նաեւ անարդարօրէն անպատւումի ենթարկուող ուժական ու դատաիրաւական կառոյցները միահամուռ միանան իրենց, հաւատան, որ յաջորդ իշխանութիւնը «նախկին»-ին վերանորոգումը չէ ու պիտի չըլլայ, այլ երկրի ղեկին պիտի գան ՓՈՐՁԱՌՈՒ եւ ԿԱՐՈՂ անձեր, խմբաւորումներ, որոնք պատմական պահին հարկադրած միասնութեամբ պիտի աշխատին ի խնդիր Հայաստան-Արցախ հայրենիքին, ահաւոր կորուստներուն վերականգնումին, աթոռներ պիտի չգրաւեն «ուսապարկ»-ի տրամաբանութեամբ եւ «(ան)պատրաստուածութեամբ»: Նման բարեշրջական կառավարութիւն մը անպայման որ կը շահի միջազգային համայնքին յարգանքն ու գործակցելու պատրաստակամութիւնը: Ժամանակակից աշխարհը հարուստ է օրինակներով:

25 յունուար 2021

Նախորդը

«Քորոնա». Ընդհանուր Փակում, Հետեւանքներ

Յաջորդը

Արցախեան 1001 Պատում. Մենք Չպարտուեցանք, Մենք Խայտառակուեցա՛նք (Բ.)

RelatedPosts

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Քաղաքական Նախաձեռնութիւններ Շրջափակման Պայմաններում

Փետրուար 7, 2023
Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Բերձորի Միջանցքի Շրջափակումը Կրնայ Արցախի Միջազգային Ճանաչման Ենթահողի Վերածուիլ
Անդրադարձ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Բերձորի Միջանցքի Շրջափակումը Կրնայ Արցախի Միջազգային Ճանաչման Ենթահողի Վերածուիլ

Փետրուար 7, 2023
Ժիրայր-Վահէ Մալճեանի «Անդրդուելին»
Անդրադարձ

«Ձմրան Մէջ Գարուն» Կ՛երգէ Սարըասլան

Փետրուար 7, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In