Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Դուք Մտքերիս Աշխարհում» (Հեղինակ` Թամար Յովհաննիսեան)

Փետրուար 1, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի «Վան Արեան» հրատարակչատան տպարանէն 2020¬ին լոյս տեսաւ Թամար Յովհաննիսեանի «Դուք մտքերիս աշխարհում» գիրքը, բաղկացած` 180 էջերէ:

Ժողովածուն կը ներկայացնէ տարիներու ընթացքին մամուլին մէջ տպագրուած յօդուածներու ընտրանին:

Գիրքը բաժնուած է քանի մը մասերու` երաժշտութիւն, գրականութիւն, թատրոն եւ կերպարուեստ:

Երաժշտութեան նուիրուած բաժինին մէջ Յովհաննիսեան կը խօսի Թիֆլիսի մէջ 1919¬ին հիմնուած «Կոմիտաս» ընկերութեան մասին, որուն նպատակը եղած է անդամավճարներու հաւաքումով գումար ուղարկել Փարիզ, յանուն Կոմիտաս վարդապետի խնամակալութեան եւ անոր ստեղծագործական ժառանգութեան հրապարակման ու պահպանման:

Ժողովուրդի հոգիի երգիչ Գուսան Շահէնի մասին հեղինակը կ՛ըսէ, որ մարդամօտ ու մարդասէր էր ան. չարութեան, անհանդուրժողութեան դիմաց` համբերատար եւ հանդուրժող, խռովայոյզ, հոգիի դիմաց` իմաստուն, ցաւը` երգով բալասանող, երջանկութեան համար` անկեղծօրէն ուրախացող:

Աւետ Տէրտէրեանի ստեղծագործութեան անդրադառնալով Յովհաննիսեան կ՛ըսէ, որ անիկա կը պատկանի համամարդկային հոգեւոր արժէքներու բազմածիր դաշտին եւ գեղարուեստական մշակոյթի երեւոյթ ըլլալէ զատ` կը դառնայ մարդկութեան մշակոյթի նուաճում:

Յարութիւն Դելլալեանի ստեղծագործական աշխարհին գծով հեղինակը կ՛ըսէ, որ ժամանակակից երաժշտական մտածելակերպը անոր կողմէ իւրացուած է աշխարհընկալման միջոցով: Ան սեփական նուաճումներով ակնյայտօրէն հարստացուցած է հայկական երաժշտութեան զարգացման արդի փուլը:

«Բարե՛ւ, ուսուցիչ» բաժինը նուիրուած է Գէորգ Գանտահարեանի յիշատակին: Յովհաննիսեան կ՛ըսէ, որ ուսուցիչը ոչ թէ ան է` ով կը սորվեցնէ, շատեր ուսուցչութիւն կ՛ընեն, այլ ուսուցիչը ան է` որմէ կը սորվին: Եւ այս խօսքը ճշմարտացիօրէն ըսուած է նաեւ Գէորգ Գանտահարեանի մասին:

Բարե՛ւ, ուսուցիչ, կ՛ըսէ Թամար Յովհաննիսեան եւ կը շարունակէ. դո՛ւն, որուն կեանքի անբաժան մասը եւ սրբազան նպատակը եղած է ծառայութիւնը ազգային, հասարակական կեանքին: Լիբանանի թեմի քաղաքական ժողովի, ուսումնասիրական խորհուրդի, Ազգային ընդհանուր ժողովի անդամ, համասփիւռքեան եւ համահայկական խորհրդաժողովներու ներկայացուցիչ, Հայկազեան համալսարանի եւ հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի դասախօս, «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի վարչութեան անդամ եւ ատենապետ, շուրջ 60 տարիներու ընթացքին հայ նոր սերունդի մտաւոր, մշակութային նկարագիրը կերտող, Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի դպրեվանքի 50 տարիներու մանկավարժ: Պարբերաբար` հայ երգը անմար պահող, սփիւռքի մէջ ճանաչում վայելող երգչախումբերու ղեկավար:

Հեղինակը կ՛ըսէ, որ ուսուցիչ Գէորգ Գանտահարեանի ցանկութիւնը` կեանքի մայրամուտը հայրենիքի մէջ ըլլալու, բուն ֆիզիքական կեանքին օրով չիրականացաւ, այլ իրականացաւ ֆիզիքական մեկնումէն ետք: 2014 մայիս 28¬ին ուսուցիչին աճիւնը տեղափոխուեցաւ Հայաստան, եւ ան հիմա իր երազած հայրենիքին մէջ է:

Գրականութեան նուիրուած բաժինին մէջ, Յովհաննիսեան, Մուշեղ Գալշոյեանի մասին կ՛ըսէ, որ պահանջատիրական է անոր գրականութիւնը, ըլլալով խորապէս իրապաշտական, անիկա յագեցած է նաեւ իմաստային խորհրդանշական այլաբանութեամբ:

Պէպօ Սիմոնեանի մասին հեղինակը կ՛ըսէ. մարդ, որ կ՛ապրէր իրական հեքիաթներու եւ հեքիաթ-իրականութեան աշխարհին մէջ, Պէպօ Սիմոնեան բանաստեղծի անունը իր ուրոյն տեղը ունի հայ բանաստեղծութեան 60-ականներու սերունդի լաւագոյն անուններու բոյլին մէջ: Իր ինքնատիպ ոճով շատ կարեւոր երանգ աւելցնելով հայ գրականութեան ընդհանրական ըսելիքի եւ յոյզերու համայնապատկերին մէջ:

Համբիկ Մարտիրոսեանի «Ճակատագիր, սէր, հեգնանք» գիրքին մասին խօսելով Յովհաննիսեան կ՛ըսէ, որ ատիկա հեղինակի տոհմական պատմութեան ուշագրաւ յուշագրութիւնն է:

Թատրոնի նուիրուած բաժինին մէջ հեղինակը կը խօսի Վլատիմիր Մսրեանի մասին, իբրեւ հայ բեմի երեւելի վարպետ, ինչպէս նաեւ Նորայր Աղդալեանի «Հանճարը» թատրերգրութեան մասին:

Իսկ  կերպարուեստի նուիրուած բաժինին մէջ Թամար Յովհաննիսեան կը խօսի գեղանկարչուհի Նանոր Հաճեանի ժողովածուի եւ ջութակահար ու նկարիչ Րաֆֆի Ադալեանի աստուածատուր ստեղծագործութեան մասին:

 

 

Նախորդը

Յայտնի Ասացուածքը, Կամ` Իրերը Կոչենք Իրենց Անուններով

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի 130-ամեակի Առիթով

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?