Անդրադարձ

Թուրքեւազրպէյճանական «Մշակութային» Գործակցութիւն` Արցախի Մէջ

Թուրքեւազրպէյճանական «Մշակութային» Գործակցութիւն` Արցախի Մէջ

Ա. Ա. Հայաստան կ՛ապրի վտանգաւոր եւ ճակատագրական փուլ մը, երբ իշխանութիւններ- ընդդիմութիւն տարակարծութիւնները կը շարունակեն արցախեան երկրորդ պատերազմէն մեծապէս ցնցուած երկիրը պահել վտանգաւոր գօտիի մը մէջ: Հարաւկովկասեան միւս հանրապետութիւնը` Վրաստան եւս մխրճուած է իշխանութիւններ-ընդդիմութիւն տարակարծութիւններու պատճառով անկայուն իրավիճակի մը մէջ, որ քսանվեց փետրուարէն ի վեր կը շարունակուի ցոյցերով եւ բողոքի հաւաքներով, նաեւ` ձերբակալութիւններով եւ ոստիկան ուժեր-ցուցարարներ յաճախակի բախումներով: Եթէ Վրաստանի...

Ծառայասէր Ճորճ Գալօղլեանի Յիշատակին

Ծառայասէր Ճորճ Գալօղլեանի Յիշատակին

ԶԱՒԷՆ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Ճորճ Գալօղլեանի մահէն 40 օրեր անցած է: Ան իր դաստիարակութեան ու աշխատանքներուն շնորհիւ տէր կանգնած է իր ընտանիքին` պահպանելով մարդկային եւ հայկական արժէքները: Իսկ Գալօղլեանի հասարակական-ծառայողական աշխատանքները ունեցած են երկու ուղի. մէկը` արմատներու պահպանում, իսկ երկրորդը` սերունդներու դաստիարակութիւն: Քիլիսցի հայրենակիցը աւելի քան յիսուն տարիներ մաս կազմած է քիլիսցիներու հայրենակցական միութեան, որուն ատենապետի պաշտօնը ստանձնած է վերջին քսան տարիներուն:...

Ակնարկ.  Երկուշաբթի Օրուան Առիթը  Եւ Բացակայող Նախադրեալները

Ակնարկ. Երկուշաբթի Օրուան Առիթը Եւ Բացակայող Նախադրեալները

Հանրապետութեան նախագահի հրապարակային հրաւէրը վարչապետին` այցելելու նախագահական պալատ, կառավարութեան կազմութեան ընթացիկ հանդիպումի ճշդումի առումով արտակարգ եղանակ է: Գուցէ նաեւ աննախադէպ` Լիբանանի պատմութեան նորագոյն ժամանակամիջոցին մէջ: Հրաւէրի ենթաթեքսթը այն էր, որ վարչապետը հրաւիրուած է ներկայանալու եւ ներկայացնելու նախագահի առարկութիւնները նկատի առած կառավարութեան ցանկ մը. այլապէս, ան պէտք է հրաժարի եւ առիթ տայ նոր վարչապետին կազմելու համար կառավարութիւնը: Վարչապետին հակազդեցութիւնը համարժէք էր:...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Առաջին Դրական Նշաններէն Ետք. Պայտըն Պիտի Յաջողի՞ Արդարացնել Իսկական Բարեփոխման (Նաեւ Մեր) Ակնկալութիւնները

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ 20 մարտին Ճօ Պայտըն կը բոլորէ իբրեւ հանրապետութեան նախագահ Սպիտակ տուն մուտքին երկրորդ ամիսը: Ան 4 տարի առաջ հեռացած էր` փոխնախագահի գլխարկը վար դնելով: Երբ կը պատրաստուէր 46-րդ նախագահին պաշտօնավարութեան ուղին, տիրական էին քանի մը հիմնական կարծիք: Ոմանք կ՛ըսէին, որ ան անուղղակի վերարտադրութիւնը պիտի ըլլայ Պարաք Օպամայի իշխանութեան (վարչամեքենային կարգ մը անդամները Օպամայի խմբակի պահարանէն բերուեցան, նմանապէս` կարգ...

Յակոբ` Ժաք Պոյաճեանը, Քոչը

Յակոբ` Ժաք Պոյաճեանը, Քոչը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Պատանեկան օրերէս կը ճանչնամ ՀՄԸՄ-ական եղբայր Ժաքը, երբ արդէն ինք երիտասարդ էր, իսկ ո՛վ չէր ճանչնար զինք: Մեր մտերմութիւնը, սակայն, սկսաւ Յորդանանի մէջ, ուր 1973-էն սկսեալ շուրջ 7 տարի պաշտօնավարեցի: Իր միութենական հարուստ վաստակին` կենսագրութեան չէ, որ պիտի անդրադառնամ, այլ` իր գործունէութեան որոշ փուլերուն, մասնակի վկայութիւններ: Յակոբ Պոյաճեան 1975-ին սկսած լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին պատճառով կարգ մը ընկերութիւններ եւ...

Ցանկապատէն Անդին… Սեւանին Հետ

Ցանկապատէն Անդին… Սեւանին Հետ

Զ. Թ. Է՜հ, եղա՞ւ մը ըրածդ, ԸՆԿԵ՛Ր: Կ՛ըլլա՞յ մը ասի, Սեւա՛ն: Այսպէս, առանց պատրաստուելու, եւ առանց մեզ ալ պատրաստելու, թաշխալայով մը... ափալ-թափալ: Էճելեթ ի՞նչ էր: Oլուխ... չօճուխ, թոռնիկ... Այսինքն մեծ պապա` տէտէ՞  եղած էիր ըսելով... Հաճի՛ս, երկու բառով, կարճ ու կտրուկ` մուխթասար մուֆիտ (նախասիրած բառամթերքէդ, այս բառերը արտասանելու պահուդ, աջ ցուցամատդ դիմացինիդ կ՛ուղղէիր), պատասխանէ՛, թէ ի՞նչ ըրիր, ինչո՞ւ կամ ինչպէ՞ս...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Ինքնավստահ Երեխաներ Մեծցնելու Համար

Իւրայատուկ Ընկերս` Սեւան Ալեքսանդրեանը

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Այս վերջին երեք տարիներուն ընթացքին անակնկալօրէն կորսնցուցած եմ երեք մտերիմ ընկերներ: Իւրաքանչիւրին պարագային, բառին բուն իմաստով, ցնցուած էի ու հսկայական ճիգ գործադրած եմ, որպէսզի կարենայի պահել ներքին իմացականութեանս հաւասարակշռութիւնը: Այն հաւասարակշռութիւնը, որ մէջդ կը ստեղծուի տարիներու ընթացքին` շնորհիւ  գաղափարականօրէն ամուր ու վստահելի մտերմութիւններու: Սեւանը անոնցմէ վերջինն էր: Առաջին երկուքը Արա Տեմիրճեանը եւ Վահիկ Յարութիւնեանն էին, մէկը Պէյրութ, միւսն...

Հուրիկ Թուխանեանի Յիշատակին

Ուշացած Պատասխան (Սեւան Ալեքսանդրեանի Յիշատակին)

Հ. Պ. Լիբանանի յետպատերազմեան շրջաններէն` ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբը, տեսակ մը ժամադրավայր դարձած էր այն բոլոր ծնողներուն, որոնք իւրաքանչիւր շաբաթ օր, իրենց զաւակներուն հետ միասին, ձեւով մը մասնակից կը դառնային այս մեծ միութեան աշխատանքներուն: Տարբեր տարիքի սկաուտներ կը ժամանէին ու կը լծուէին իրենց ընթացիկ գործունէութեան, իսկ որոշ ծնողներ կը հաւաքուէին ակումբին սրահը, զրուցելու եւ ժամանակ անցընելու` մինչեւ սկաուտական աշխատանքի աւարտը: Ահա...

Մեծ Հօրս Յիշատակին (Յովսէփ Գարամանուկեանի  Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Մեծ Հօրս Յիշատակին (Յովսէփ Գարամանուկեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Անմոռանալի յիշատակներ... Չեմ մոռնար ներկայութեանդ կարեւորութիւնը այն օրէն, երբ արդէն սկսած էի ճանչնալ քեզ: Չեմ մոռնար սէրդ եւ հոգատարութիւնդ, զորս կը տածէիր անդրանիկ թոռնիկիդ նկատմամբ: Չեմ մոռնար այն պահերը, երբ հետս կը խաղայիր` զիս գիրկդ առած: Չեմ մոռնար ուրախութիւնս, երբ կ՛այցելէի գործատեղիդ եւ պզտիկ թուղթերու վրայ ժամերով կը գծէի ու կը ներկէի: Չեմ մոռնար մեր իւրաքանչիւր հանդիպումին արտասանած նախադասութիւնդ. «Ո՞ւր...

Թաւշեայ  Յեղափոխութեան Վարչապետը ` Գիրքի Հեղինակ. «Երկրի  Հակառակ  Կողմը» –  Նիկոլ Փաշինեան

Անկրկնելի Հալէպը. Հայրենակցական Միութիւններ

ՄԱԹԻԿ  ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Արեւմտեան Հայաստանի բազմահարիւր քաղաքներէն ու գիւղերէն տեղահանուած եւ Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութեան մնացորդացի առաջին կայքերը հանդիսացան սուրիական տարածքները: Սահմանամերձ շրջաններէն գաղթականները ընդհանրապէս հաստատուեցան մօտակայ քաղաքներ եւ գիւղեր: Այնթապցիներն ու մարաշցիները` դէպի Հալէպ, քիլիսցիները` Ազեզ, տիգրանակերտցիներն ու սասունցիները` Գամիշլի, ուրֆացիները` Թել Ապիատ եւ շրջակայքը, պերեճիկցիները` Ճարապլուս... եւ այսպէս հաստատուեցան Սուրիա, դէպի Հալէպ ու հարաւի կամ ծովեզերեայ այլ քաղաքներ: Այս հոսքը,...

Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Ձեւաչափի Վերականգնման Յանգեցնող Ետքայլ

Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Ձեւաչափի Վերականգնման Յանգեցնող Ետքայլ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ 14 մարտի երեկոյեան այցելեց Պաքու, ուր հանդիպում ունեցաւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ վերջինս հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման մէջ ԵԱՀԿ-ի մասնակցութիւնը, ինչ որ զարմանք եւ շարք մը հարցականներ ստեղծեց` նկատի ունենալով այս գծով Ազրպէյճանի նախագահի նախապէս կատարած յայտարարութիւններն ու...

Տառադարձութիւն

Հայրենի Յուշեր (7)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Երբ բաւական հանգչած էինք Լազարեան ճեմարան հասնելէ ետք, Հարպոյեան յիշեցուց, որ պէտք է երթանք ու գտնենք հայկական ներկայացուցչութիւնը (տակաւին դեսպանութիւն չկար) ու ծանօթանայինք կացութեան, գիտնայինք` ի՛նչ պիտի ընէինք: Ու չորսով ելանք ճամբայ: Դժուար չեղաւ գտնել հասցէն, ուր շատ սիրալիր ընդունելութիւն ցոյց տուին մեզի,  ապա ցաւ յայտնեցին, որ կարելի չէր եղած օդակայանէն դիմաւորել մեզ: - Դժուար օրեր են, էլի՛,...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Մտածումներ` Մեր Մարդկային, Հողային Եւ Նիւթական Վնասներէն Ետք

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ամիս, շաբաթ, օրեր կ՛անցնին եւ պարտութեան հետեւանքներու տեսակաւոր եւ մասնակի լուրեր կը լսենք: Ե՞րբ կ՛ունենանք ընդհանուր եւ հիմնաւորուած հաշուեկշիռ մը, որպէսզի գիտնանք: Նախ` գիտնանք: Գիտնանք` վերականգնելու համար: Անորոշութիւններու եւ հակասական տեղեկութիւններու մթնոլորտի մէջ ո՛չ ղեկավարութիւնը կրնայ գործել, ո՛չ մտաւորականութիւնը կարծիք կազմել եւ լուծումներ առաջարկել, ո՛չ ալ ժողովուրդը յաղթահարել իր ընկճուածութիւնը: Լրատուամիջոցներու այլազան տեղեկութիւնները, իշխանութիւններու պարզած ամենագիտութիւնը եւ չհիմնաւորուած...

35 Տարիներ Անցած Են… Քայլերգը, Դրօշակն Ու Զէնքը

35 Տարիներ Անցած Են… Քայլերգը, Դրօշակն Ու Զէնքը

ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ Վերջին տարիներուն այլեւս հազուադէպ էր, որ հայրս դասերուս տան պատրաստութեան իր բաժին պարտականութիւնը համարած` թուաբանութեան եւ հայոց պատմութեան ստուգումները կատարէր: Հիւրասենեակէն դուրս ելլելու, ատրճանակը մէջքին դնելով տունէն մեկնելու եւ աստիճաններէն արագ իջնելու պատկերներն է, որոնք մնացեր են... Հետագային այդ պատկերները հետք ձգած դրուագներու կրկնուող ուրուականներով վերածուեցան իրողութեանց գիտակից դառնալու տարիքային իմ ոստումներուս հետ: Ինչպէս բոլոր հերթապահներու պարագային, մեր...

Պատի՛ւ` Շուքին Պայքարող Մայրերուն

Պատի՛ւ` Շուքին Պայքարող Մայրերուն

«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոն. Յիշելով Մեր Սրտահատորները 1 Մարտ 2021 ՄԱՐՈՒԱ ԱՊՏԱԼԼԱ Ինչպէ՞ս առանց ուրիշներուն օգնելու կարելի է այս կեանքը ապրիլ: Ինչպէ՞ս պիտանի դառալ մեր ընկերութեան մէջ: Ոչ ոք գիտէ: Արդարեւ, մայր մը, որ իր զաւակը կռնակին կը կրէր, ազդած էր վրաս: Հաւանաբար ան «ԱՊՈՒՐԻՇ» կ՛ուղղուէր` ջիղերու մասնագէտի քննութեան ներկայացնելու զաւակը: Ազդուած էի այս մօր խօսքերէն, իսկական հերոսուհի մը, որ...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Գործ Հատուցման Եւ Մատուցման

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Այդպէս էր հարիւր տարի առաջ: Այդպէս է եւ այսօր: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը արդարութիւն չէ աղերսած, այլ մատուցած է, չէ խնդրած, այլ նուիրագործած է: Այդպէս եղած է եւ պիտի ըլլայ միշտ այդպէս: Օտարին խոստումներուն չէ ապաւինած Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ նահատակներուն կտակը, արդարութիւնը եւ հայութեան արժանապատուութիւնը կ՛իրականանան բացառաբար մեր սեփական ձեռքերով: Օտարի խոստմնադրուժ պայմաններու դէմ յանդիման` Դաշնակցութիւնը ժողով արեց եւ թուրք...

Հայրենիքի Փրկութեան  Շարժումի Յայտարարութիւնը

Մեր Խարիսխը

Մ. Ա. Վերջին երկուսուկէս տարուայ ընթացքում յաճախ էին մեզ` սփիւռքի դաշնակցականներիս հարցնում, թէ ինչո՞ւ լողալով, մաքառելով վերջին տարիներին մոտայիկ դարձած հակադաշնակցական մոլուցքի, այլեւս ոչ ալիքների, այլ յորձանուտի դէմ հաւատարիմ ու անսասան ենք մնում մեր գաղափարներին: Աւելի հեշտ չէ՞ր արդեօք լռել, հրաժարուել մեր գաղափարներից, ձեւանալ առաջադէմ, իշխանամէտ, նորարար, թաւշեայ, գոնէ` լուալ ձեռքերը եւ ընդունել «խելամիտ» ականատեսի դերը: Հարկաւ աւելի հեշտ կը...

Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ

Մեր Այս Անկարող Պայքարի Լուծը

ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԷԱՆ Օրէ օր այլեւս կացութիւնը աւելի անտանելի է դառնում, աւելի անընդունելի եւ աւելի ընդվզումի տանում: Ամէն օր նոյն հարցն է ծառանում` մենք ա՞զգ ենք, թէ՞ ամբոխ: Քոչուոր ցեղախո՞ւմբ ենք, ում կարելի է տեղահանել, սպաննել, գերի վերցնել, ինչ-որ մէկի հրամանով պատեհ-անպատեհ ձերբակալել: Ողորմելի մուրացկաննե՞ր ենք, որոնց կարելի է որեւէ գումարով գնել, իրար դէմ հանել, մինչեւ իսկ` զոհուած, գերեվարուած զաւակների...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Հայ Գերիներու Արհաւիրքը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հայ Գերիներու Արհաւիրքը

Հայաստանի ներքին քաղաքական քաոսային վիճակը մոռցնել տուած է շատ մը առաջնահերթ հարցեր, որոնցմէ մէկն է հայ գերիներու թղթածրարը: Նոյեմբեր 9-ի ամօթալի զինադուլին կնքումէն ամիսներ ետք ոչ մէկ շօշափելի արդիւնք արձանագրուած է: Առաջին քանի մը շաբաթներուն Ռուսիոյ միջամտութեամբ կարելի եղաւ փոխանակումներ կատարել, յետոյ մտանք տեղքայլի եւ իրողական անկարողութեան փուլ: Եղածը պարզ` ցուցադրական դէպք մըն էր, որ այդպէս ալ կիսատ-պռատ մնաց, ոչ...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Ալիեւ, Էրտողան Եւ Փութին Ինչո՞ւ Կողմնակից Են Հայաստանի Վարչապետին

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Քանի որ Հայաստանի մէջ իրավիճակը օրէ օր կը դառնայ աւելի քաոսային, անհիմն մեղադրանքները կը վերածուին սովորական երեւոյթի: Այլեւս կարելի չէ ճշմարտութիւնը զատորոշել կեղծիքէն: Ցաւօք, հայերը «դաւաճան», «թուրքերու կամ ազրպէյճանցիներու կողմէ գնուած» եւ նման արտայայտութիւններ կ՛օգտագործեն` առանց որեւէ ապացոյցի իրենց հայրենակիցները մեղադրելու համար: Բազմաթիւ անգամ լսած ենք, որ Արցախի յարակից տարածքները նախկին նախագահները...

Page 339 of 807 1 … 338 339 340 … 807

Արխիւներ