Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան 1001 Պատում. «Զբօսա՞նք», Թէ՞ Վատաբանութեան Հանդէս (Ը.)

Ապրիլ 13, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Այո՛, «հին»-երը կը շարունակեն «զբօսնուլ» երկրի տարածքին` ցոյց տալով իրենց ընդդիմադիրի կեցուածքը, իսկ «նոր»-երը` կառչած իրենց իշխանական աթոռին, առանց դոյզն խպնանքի, տիւ եւ գիշեր լծուած են չքմեղանքի, վատաբանութեան հանդէսներ սարքելով` յանուն խօսքի ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան:

Իսկ այս խորապատկերին դիմաց հայութիւնը` ի հայրենիք եւ սփիւռս աշխարհի, կը փորձէ ամոքել իր ցաւերը ու վաղուան օրուան հաւատալ:

Յարգելով հայ մամուլի ընթերցասէր հասարակութեան ճաշակն ու միտքը, չուզեցինք այլ բացատրութեամբ բնորոշել հայ կեանքի մէջ առկայ ահաւոր ու տարօրինակ, անըմբռնելի, հակասական, գարշելի ու դատապարտելի երեւոյթները,  որոնց կը հանդիպինք, ամէն քայլափոխի, մանաւանդ` զանգուածային լրատուական ցանցերու լայնքին ու երկայնքին:

Խօսքը կը վերաբերի, անշուշտ, հայոց պետականութեան առկայ վիճակին ու կացութեան, յատկապէս` ղեկավարի պաշտօնին վրայ գտնուողներու առօրեայ տեսակէտներուն եւ մօտեցումներուն, մեղմ ըսած, ինքնարդարացման ելոյթներուն:

Եւ, ցաւ ի սիրտ, տուեալ անձերու կողմէ ըսուած չքմեղանքի խօսքերը, խորքին մէջ ինքնանուաստացումի եւ ինքզինք անարգելու կը ծառայեն, եւ որոնցմէ անյապաղ հարկ է ձերբազատիլ, որպէսզի հայոց պետականութեան նկատմամբ հայ անհատին թէ օտարի յարգանքը տակաւ չխամրի ու չվերանայ:

Փաստօրէն, անձնատուութեան թուականէն` 9.11.2020 ամիսներ ետք հայոց քաղաքական երկնակամարը կը գտնուի անորոշութեան կիզակէտին ու քարոզչական բուռն հակազդեցութիւններու յորձանուտին մէջ:

Ծանօթ են բոլորիս արցախեան երկրորդ պատերազմի աղէտաբեր աւարտն ու անոր ծանրակշիռ հետեւանքները: Հայութեան հասցուած ազգային, բարոյահոգեբանական ու նիւթական վնասները ուղղակի շշմեցուցիչ են, մտաբերելն անգամ զարհուրելի է, այդուհանդերձ, ազգը կը փորձէ իր մէջ ուժ գտնել, վերականգնիլ ու նայիլ դէպի ապագայ:

Սակայն, մետալի միւս երեսն է, որ մեզ կը մտահոգէ, մեր միտքն ու հոգին  կ՛ալեկոծէ, կ՛անհանգստացնէ:

Ատիկա` «աղտոտ լաթերու» ծանուցումն է, մե՛րթ խոժոռ դէմքով, մե՛րթ ժպիտի ընկերակցութեամբ, սանձարձակօրէն, եւ այդ` համացանցի սպիտակ պաստառներու վրայ, անոր  հսկայական կարելիութիւնն ու կարողութիւնը օգտագործելով:

Փաստօրէն, համացանցը ողողուած է հայ իրականութեան գրեթէ բոլոր մարզերը ընդգրկող հարցազրոյցներով, կեցուածքներով, բացայայտումներով, ճիշդ թէ սխալ մօտեցումներով, վատաբանական թէ ստորնացուցիչ խօսքերով, առարկութիւններով եւ այլն, որոնք կը նսեմացնեն անհատի ու ազգի արժանապատուութիւնը, անտարակոյս:

Եւ ահա, արար աշխարհի երեսին կը շպրտուին այնպիսի ազգային խնդիրներ, մտահոգութիւններ, հարցեր, որոնց թւումն անգամ կը տառապեցնէ ազգը համակ:

Կարծես հայութիւնն ու Հայաստան, ժողովուրդ ու պետականութիւն, պահ մը մոռացութեան տուած են տարրական վերաբերումներու գիտակցութիւնն անգամ եւ նետուած վրէժխնդրութեան եւ մաքրագործութեան հարթակ, փոխան` պատերազմի դաշտի կամ թշնամիին դէմ կանգնելու յանձնառութեան:

Սա պէս, մարդ կը զարմանայ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է թշնամի հորդաներու ուղղակի սպառնալիքներն ու նկրտումները պահ մը անգիտանալ, գոյութենական պայքարն անգամ խնդրոյ առարկայ դարձնել եւ զբաղիլ ինքնարդարացումի ուղիներ գտնելու եւ, ի հարկին լուտանքներու ձեւաչափով` ամբաստանելու «հին»-երը կամ ոչ կողմնակից զանգուածը, ընդդիմադիր շարժումը առհասարակ, առանց հաշուի առնելու, թէ թշնամի ուժեր ու որոշումի կեդրոններ ակնդէտ կը հետեւին այդ բոլորին:

Համոզուած ենք, որ, հայրենի ժողովուրդին ու Հայաստանի նորովի ստեղծուած կացութեան մէջ «հին»-երը, իրենց կարգին, ունին պատասխանատուութեան ու յանցանքի լայն բաժին, որովհետեւ իրերայաջորդ իշխանութիւններ շատ անգամ զոհ դարձան իրենց ինքնասիրութեան, գովերգութեան, ապիկար գործելակերպին, պահու լրջութիւնը անտեսելու անմիտ մօտեցումին եւ այլն:

Ըստ երեւոյթին, անոնք, պահ մը, մտահան ըրած էին իրողութիւն մը անսեթեւեթ, թէ ամուր, ուժեղ, կայացած, հզօր, ինքնաբաւ, ինքնիշխան ու զարգացած   պետականութեան հիմքը ժողովուրդն է, հասարակութիւնը իր բոլոր շերտերով, որուն դառն կեանքը պէտք է բարելաւել, փտածութեան դէմ պայքարիլ ու ապագայակերտ ծրագիր մշակելու ունակութիւնը ունենալ:

Այլ խօսքով` ինքնարդարացումի եւ մեղայականի խօսքերը անհեթեթ կը հնչեն ներկայ ժամանակներուն:

 

 

Նախորդը

Դիմակաւորները

Յաջորդը

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?