ՇԱՂԻԿ ՀԱՊՈՅԵԱՆ
44-օրեայ պատերազմի ցաւը աւելի խորացաւ իմ սրտիս մէջ, երբ առիթն ու պատիւը ունեցայ զոհուած հերոսներուն տուները այցելելու եւ մօտէն ծանօթանալու նախ հերոսներուն աննկարագրելի խիզախութեան, արիութեան, հայրենասիրութեան, ճշմարիտ ու քաջասիրտ անձնաւորութեան, ապա անոնց ընտանիքի անդամներուն` մօր, կնոջ ու զաւակներուն:
Իւրաքանչիւր հերոսի տան մէջ կային իւրայատուկ պատմութիւններ, մէկը միւսէն տարբեր, մէկը միւսէն ցաւոտ, յուզիչ եւ ազդեցիկ: Իւրաքանչիւր հերոսի մայր խօսք ունէր ըսելու, պոռթկումներ ունէր արտայայտելու, ցաւ ունէր բաժնեկցելու: Խօսքեր` իր զաւկին նուիրաբերումին մասին, անոր արիասիրտ, բարեսիրտ, անձնուէր յատկութիւններուն մասին: Պոռթկումներ` անարդարութեան, ոչ ճշմարիտ, անպատասխանատու իշխանութեան մասին: Իսկ ցաւ` իրենց ամենաթանկագինը կորսնցնելուն:
Հերոսներուն ծնողները կ՛ապրէին երեք հակասական զգացումներ` վիշտ ու կորուստ, պոռթկում եւ հպարտութիւն: Այո՛, հպարտութիւն, որովհետեւ իրենց զաւակը իր կեանքը չգերադասեց ու նուիրուեցաւ հայրենիքի փրկութեան զոհասեղանին: Տատիկը կու լայ, այրի կինը կը մխիթարէ, իսկ հերոսի որդին կամ դուստրը պայքարի, վրէժխնդրութեան աչքերով այս բոլորը կը դիտէ, լուռ կը հետեւի ու, անձայն արցունքները ամուր բռնած, կը սփոփէ իր հօր կորուստը: Իսկ ամենափոքրերը իրենց անմեղ ժպիտով, մանկական անսահման երեւակայութեամբ կը համոզուէին, որ օր մը պիտի վերադառնայ իրենց հերոս հայրը, որ` օր մը իրենք նախկին օրերուն նման պիտի վայելէին իրենց հօր ներկայութիւնը: Իւրաքանչիւր հերոսի զաւակ այսօր դարձաւ մի զարկ, մի բազուկ եւ յոյսի ու լոյսի մի ճառագայթ: Իւրաքանչիւր հերոսի զաւակի ուսին բեռ աւելցաւ, առաջինը` հայրենասէր, յանձնառու եւ վրիժառու ոգին բարձր պահել, երկրորդը` հօր երազանքը շարունակել, իսկ երրորդը` ամուր կառչած մնալ իրենց հայրենի հողին վրայ:
Հայրենիքը ինչ թանկ է եղեր մեր տղոց համար, որ նոյնիսկ երկմտութիւն անգամ չունեցան եւ շուտով հասան դիրքերը` առանց իմանալու, որ այս պատերազմը իրենց կեանքը պիտի խլէր յանուն «ծրագրուած պարտութեան»… Այսօր հայրենիքս անդամալոյծ դարձած է, քանի՜, քանի՛ տան մէջ վաստակող չկայ, քանի՜, քանի՛ այրի կիներ իրենց կողակիցը, իրենց յենարանը կորսնցուցին, քանի՜ ու դեռ քանի՛ մանուկներ որբ մնացին, զրկուեցան իրենց հօր խրատները լսելէն եւ քանի՜ քանի՛ մայրեր իրենց կեանքի իմաստը կորսնցուցին:
Այս բոլորին դիմաց մենք` հայերս ալ ոչինչ ունինք խնայելու, պէտք է սոթտենք մեր թեւերը եւ անցնինք աշխատանքի: Շատ ընելիքներ ունինք հերոսներուն նուիրումին դիմաց: Այն հերոսներուն, որոնք ազգին լաւագոյն տղաքն էին, որոնք Աստուծոյ ամենասիրած ու ընտրուած տղաքն էին: Իմ ազգի հերոսները իւրայատուկ էին, ամէն մէկ հերոս ունէր յատկութիւն, այսպէս, մէկը փայլուն, աշխատասէր, ընկերասէր, ծառայասէր, միւսը` արդարամիտ, ճշմարիտ, յանդուգն ու վճռական… բայց բոլորը, անխտի՛ր բոլորը ունէին միայն մէկ հայեացք, մէկ հաւատք եւ մէկ նուիրում: Երանի՛ ձեզի անձամբ ծանօթանայի, իմ ազգի փայլուն, իտէալ տղաներ… Ձեր զաւակներուն անկոտրում ոգիով մենք պիտի շարունակենք վառ պահել:
Յարգա՛նք ձեզ, հերոսներ, յարգա՛նք ձեր զոհողութեան:
Կը խոնարհիմ ձեր հերոսական յիշատակին առջեւ: