ՇԱՆԹ ՍՐԿ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ
Դպրեվանք կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մշտատրոփ սիրտը` դպրեվանքը 90 տարեկան եղաւ: 90 տարուան պատմութիւն մըն է, որ այսօր շարժապատկերի մը նման կ՛անցնի ամէն հայու աչքերուն դիմաց: Իր առաջին տարիներուն, երբ Անթիլիասի գեղեցկատեսիլ ծովեզերքին վրայ հիմնուեցաւ դպրեվանքը, կը նմանէր տկարարմատ ծիլի մը, որուն վրայ կարելի չէր ծանր պահանջներ ու պարտաւորութիւններ բեռցնել ու անկէ անկարելին ակնկալել: Սակայն, տարիներու ընթացքին, հետզհետէ անիկա ուռճացաւ ու դարձաւ, ինչպէս որ է ներկայիս, պտղառատ ծառ մը, որուն սփիւռքի բոլոր ափերէն սկսած են ձեռք երկարել ակնկալութիւններով եւ անյետաձգելի սպասումներով: Մեծցած է ծառը, ու յոյսի աչքեր աւելի պահանջկոտ դարձած են անոր նկատմամբ: Այս ակներեւ իրողութիւնը ցցուն փաստ մըն է, որ դպրեվանքը իննսուն տարիներու ընթացքին կրցած է նուաճել յատկանշական ու աչքառու բարձունք մը եւ յաջողած` իր փարոսի լոյսը սփռել հեռուները:
Այսօր Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին սիրտը` դպրեվանքը հպարտութեամբ կը նայի հայութեան` իր սերմանածին գերազանց արդիւնքը տեսնելով: Պահ մը կանգ առնենք եւ միասին մտածենք, թէ դպրեվանքը հայ ժողովուրդին համար ի՛նչ եղաւ այս 90 տարիներուն ընթացքին:
Դպրեվանքը իննսուն տարիներուն ընթացքին կարեց ոսկեայ թելերով զգեստներ, որոնք ժողովուրդին հոգերը եւ նեղութիւնները ծածկեցին, պահպանեցին, ինչպէս նաեւ տաք պահեցին:
Դպրեվանքը արդէն մէկ դարու հասնող իր առաքելութեան ընթացքին շինեց ա՛յնպիսի մարդկային կայուն շէնքեր, որ ամէնէն վարպետ ճարտարապետը ո՛չ միայն պիտի չկարենար շինել, այլ ան նոյնիսկ անոր յատակագիծը գծելու անկարող պիտի ըլլար:
Դպրեվանքը 90-ամեայ իր առաքելութեան ընթացքին դարձաւ լոյսի համալսարան, ուրկէ առատ լոյս հայթայթուեցաւ դպրեվանեցիին եւ անոր ընդմէջէն` հայ ժողովուրդին:
Դպրեվանքը 90 տարիներու ընթացքին ունեցաւ իրեն համար իւրայատուկ ձիրք մը, որն է` գլխագիր ՄԱՐԴ պատրաստել, այսինքն` դպրեվանեցի: Այս գործը երբեք պարզ ու դիւրին գործ մը չեղաւ դպրեվանքին համար, այլ անիկա ժամանակ, դաստիարակութիւն, զոհողութիւն, կորով, յոյս, հաւատք, սէր, նպատակ եւ, ի վերջոյ, ծառայութիւն պահանջեց: Դպրեվանեցին 90 տարիներուն ընթացքին մաքրուեցաւ, յղկուեցաւ, տաշուեցաւ, ձեւաւորուեցաւ եւ լեցուեցաւ:
Դպրեվանքը իննսուն երկար ու տառապալից տարիներու ընթացքին պատրաստեց ա՛յնպիսի ճրագներ, որոնք թէ՛ մաքուր եւ թէ՛ աղօտ «ձէթերու» մէջ փայլեցան, շողացին ու հայ քրիստոնէութեան տան` դպրեվանքին լոյսն ու օրհնութիւնը բաշխեցին մեր ժողովուրդին: Դպրեվանքը այս ճրագները պատրաստեց` հետեւելով Տէրունի ա՛յն պատուէրին, որ կ՛ըսէ. «Ձեր լոյսը թող այնպէս շողայ մարդոց առջեւ, որ անոնք ձեր բարի գործերը տեսնեն եւ փառաւորեն ձեր Հայրը, որ երկնքի մէջ է» (Մտ. 5.16):
Դպրեվանքը իննսուն երկա՜ր տարիներուն ընթացքին հայ ժողովուրդին համար եղաւ երկինքէն իջած մանանայ մը, որ ձրիօրէն բոլորին կը հասնի:
Դպրեվանքը իննսուն տարիներուն ընթացքին չեղաւ պարզապէս լերան կատարին գտնուող վանք մը, այլ ան դարձաւ հայ ազգին եւ հայութեան շունչով փոքրիկ հայրենիք մը, ովասիս մը` օտար ափերու մէջ գտնուող:
Դպրեվանքը իննսուն տարիներուն ընթացքին դարձաւ կրթական կաճառ մը: Ան դարձաւ ա՛յն պարտէզը, ուր մատղաշ տնկիներ ցանուեցան պարարտ հողին մէջ եւ տարիներ շարունակ ջրուելով ուսուցիչներուն եւ հսկիչներուն կողմէ` դարձան հաստաբուն արմատներով հսկայ կաղնիներ:
Դպրեվանքը իննսուն տարիներուն ընթացքին իր զաւակներուն սորվեցուց ծառայել հայ ժողովուրդին ԱՌԱՆՑ ՁԱՆՁՐԱՆԱԼՈՒ: Այդ իսկ պատճառով կը տեսնենք, որ երէկ եւ այսօր հայապահպանման հիմնական բնագաւառներուն մէջ դպրեվանեցիներ ծառայական ներկայութիւն են` դպրեվանքէն իրենց առածը մեր ժողովուրդին տանելու ամբողջանուէր գիտակցութեամբ:
Դպրեվանքը իննսուն տարիներուն ընթացքին դարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայութեան գլխաւոր դրամագլուխն ու հարստութիւնը: Մտածուա՞ծ է արդեօք, թէ ի՛նչ կրնար ըլլալ հայ կեանքը` առանց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին: Քանի՜ քանի՛ հոգեւոր թէ աշխարհական առաջնորդներ, տնօրէններ, խմբագիրներ, հասարակական կեանքի նուիրեալներ իրենց ծառայական կեանքին պատրաստութիւնը կը պարտին դպրեվանքին: Կ՛արժէ թիւերն ու գնահատականները ունենալ մեր դիմաց` անդրադառնալու համար, թէ անցնող 90 տարիներուն դպրեվանքը ի՛նչ տուաւ մեզի:
Մենք` դպրեվանեցիներս, երբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ միաբան հայրերուն կողմէ կը լսէինք դպրեվանքի հասցէին ուղղուած դրուատիքներն ու ներբողները, անշուշտ որ մեր սիրտերը կը լեցուէին գոհունակութեամբ, հպարտութեամբ եւ անսահման ուրախութեամբ: Բայց հոն կանգ չառաւ մեր հակազդեցութիւնը: Անմիջապէս անդրադարձանք, որ պատասխանատու բեռ մը սկսած է ճնշել մեր տղայական ուսերուն վրայ:
Դպրեվանքը 90-ամեակի այս կարեւոր հանգրուանին վրայ կատարեց իր անցնող տարիներու հաշուեկշիռը ու փառաւորուեցաւ: Հիմա նոր էջ մը բացուած է դպրեվանքի պատմութեան համար: Գրիչը արդէն իսկ սկսած է գրել ՆՈՐ 90-ԱՄԵԱԿԻ մը պատմութիւնը, որուն դերակատարները գլխաւորապէս մենք` դպրեվանեցիներս պիտի ըլլանք: Գիտենք այս մէկը ու գիտենք նաեւ, որ կեանքի սկզբունքը` ընթացք դէպի կատարելութիւն, մեր ուղեգիծն է: Ուրախանալ ու հպարտանալ մեր նախորդներու վաստակներով` շատ բնական է: Բայց անով գինովնալ` ընդունելի չէ մեզի համար: Դպրեվանքի ճանապարհը եթէ առաջին իննսունամեակին եղաւ նուաճումի՛ ճամբայ, չի՛ կրնար մեզմով ըլլալ տեղքայլի կամ նահանջի ուղի:
Մարդիկ սովոր են յոբելենական հանդիսութիւններէ ետք նոր ծրագիրներ մշակել եւ նոր նպատակներ առաջադրել: Մենք ալ, ահա, կու գանք մեր դպրեվանեցիական համեստ խօսքը ըսելու` ապագայի յառելով մեր հայեացքը. ապրիլ այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, որ ուղղակի ժառանգութեամբ կենդանի պարունակը ըլլայ մեր հայրերու ոգիին: Ըլլալ անոնց մէջէն հաղորդակից մեր անցեալի աւանդութեան եւ զայն յիշատակէ ու ծանօթութենէն աւելի` ունենալ իբրեւ կեանքի ներշնչող ուժ եւ որոշ ձեւ: Այդ ճամբով բացուիլ միտքով ու սիրտով Աւետարանի պատգամին եւ Քրիստոսի ներզօր շնորհին: Նուիրուիլ տենդագին ու մեղուաջան աշխատանքի` դպրեվանքը աւելի բարձր դիրքի մը հասցնելու մտահոգութեամբ:
Եթէ մենք կարենանք այս հեռանկարը իրագործել, կը կարծենք, որ լաւագոյնս փառաւորած կ՛ըլլանք դպրեվանքի իննսունամեակը:
Պիքֆայա, Լիբանան