Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մարտահրաւէրի Արմատացում

Յուլիս 6, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ժողովրդավար դրութեան մէջ ընդդիմութիւնը ո՛չ միայն հանդուրժելի է որպէս սահմանադրական, այլ նաեւ պէտք է պահպանուի, որովհետեւ անհրաժեշտ է»
(Ուոլթըր Լիփման (1889-1974, ամերիկացի հանրածանօթ գրագէտ, քաղաքագէտ եւ վերլուծաբան)

Կարեւոր էր, խի՛ստ կարեւոր` «Հայաստան» դաշինքի յետընտրական առաջին ընդհանուր ժողովը, նոյնքան մըն ալ` անկէ բխած կեցուածքները: Անիկա կը սպասուէր, որպէսզի կարելի ըլլար իմանալ, թէ ի՛նչ որոշումներ պիտի տրուէին, ինչպէ՞ս պիտի շարունակուէր գործընթացը` նկատի ունենալով, որ իբրեւ ընդդիմադիր ճակատի մէկ անդամը` տիրացած էր 29 աթոռի: Սեղանի վրայ կար առաջնահերթութիւն մը` ընտրութեան ընթացքին տեղի ունեցած խախտումներու եւ օրինազանցութիւններու հսկայ թղթածրարին փոխանցումը (հաւանաբար հիմա արդէն փոխանցուած է) Սահմանադրական դատարան:

Նախընտրական օրերուն «Հայաստան» դաշինքի լոյս ընծայած փլաթֆորմը կը մնայ նո՛յնքան այժմէական, հիմա, երբ արդէն կ՛ապրինք յետընտրական փուլը:

«365 օր: Ապագան կը սկսի հիմա»-ն կը մնայ շատ աւելի այժմէական եւ հրամայական: Ընտրողներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը հաւանաբար չէ կարդացած 178 կէտերէ բաղկացած եւ ենթաբաժանումներով պատրաստուած այդ թղթածրարը: Նոյնիսկ անտեղեակ էր, լուր իսկ չունէր անկէ:

Ի՞նչ ըրաւ «թաւշեայ յեղափոխութիւնը պողպատի վերածելու» յոխորտանքով խաբուող ամբոխը. տարուած` «Ապագայ կա՛յ ապագայ» ամբոխահաճ ու սնամէջ նշանախօսքով` քուէատուփ ուղղուեցաւ: Հիմա, երբ բացէ ի բաց կը խօսուի 200 հազար եւ աւելի կեղծուած քուէներու մասին, իշխանութեան հաւաստիքներն ու «Ապագայ կա՛յ ապագայ»-ն, նորացուած պայմաններուն մէջ, կը յիշեցնեն Արցախի 44-օրեայ պատերազմին գործածուած, բազմիցս վանկարկուած «Յաղթելու ենք»-ը, որ փուչիկի պէս պայթեցաւ դժբախտաբար եւ աղիողորմ վիճակի մատնեց Արցախ-Հայաստանն ու ողջ հայութիւնը… Շաբաթը չբոլորած` ջուրէ զրկուած գիւղացիները եղան հիասթափութեան պատին առաջին բախողները, որոնք չվարանեցան բացայայտել, որ խաբուած էին շռայլուած խոստումներով:

Ընտրութենէն օրեր առաջ քաղաքներու, գիւղերու եւ աւաններու բեմահարթակներէն «Հայաստան» դաշինքը ահազանգ կը հնչեցնէր, սթափութեան կոչ կ՛ուղղէր` զգուշացնելով պետութեան կորուստի վտանգէն, հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէր երկրէն ներս տիրող օրհասական վիճակին եւ յատկապէս ոտնակոխուած ու ծանրօրէն վիրաւորուած արժանապատուութեան վրայ, կոչ ուղղելով, որ ձեռքերը միանան ի խնդիր լիարժէք վերականգնումի: Ստապատիր քարոզչութիւնը եղաւ աւելի տարածուն` շնորհիւ իշխանութեան լծակները չարաշահելու պարտեալներու աշխուժութեան…

Երկար է գործընթացը` ազգային պետականութիւնը վերահաստատելու, անվտանգային խնդիրները լուծելու եւ երկրի ինքնիշխանութիւնը վերականգնելու:

Տեղին է ընդգծել «Հայաստան» դաշինքի ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանի մէկ հաստատումը. «Մեր քաղաքական օրակարգը կը մնայ նոյնը` Հայաստանի մէջ հաստատել ազգային պետականութիւն, լուծել անվտանգային խնդիրները, վերականգնել երկրի ինքնիշխանութիւնը»:

Հանրածանօթ լրագրող Ուոլթըր Լիփմանը,  հայրենի այսօրուան հասկացութեամբ, (չ)գրոց-բրոց տիպար մը չէ: «Արդի լրագրութեան հայր» վերադիրով ճանչցուած Լիփմանի մէկ ուսումնասիրական-վերլուծական գործը` «Հանրային կարծիք» (Public Opinion), լոյս տեսած է 1922-ին: Եթէ ան այսօր ողջ ըլլար եւ Հայաստանի անցուդարձերով մօտէն հետաքրքրուէր, վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, իր յօրինած «Պաղ պատերազմ» (Cold war) եզրոյթը հաւանաբար վերասահմանէր եւ վերածէր «Միապաղաղ պատերազմ»-ի:

Պայքարը երկար է:

Եթէ ընդդիմադիր ճակատը որոշէ մտնել խորհրդարան, այնուհետեւ Ազգային ժողովի բեմահարթակէն կարելի պիտի ըլլայ շարունակ ահազանգել, սթափելու հրաւիրել եւ կարգ ու կանոնի բերել ստեղծուած թափթփածութիւնը, խծբծանքն ու պախարակումը:

Երկրին հիմքերը խախտած ու խարխլած են: Քաղաքական, ապահովական, տնտեսական, կրթական եւ ընկերային ոլորտները սպառնական մարտահրաւէրներու առջեւ են:

Երկար է ցանկը` վերականգնումի կարօտ կալուածներու օրակարգին վրայ. ազգային շահերու պաշտպանութիւն, հայոց բանակի բարձր բարոյական եւ մարտունակութիւն, արտաքին քաղաքականութեան (կառոյց մը, որ գրեթէ անդամալոյծ է աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր) վերակազմակերպում, կրթական պատշաճ ծրագիր եւ… եւ…

«Հայաստան» դաշինքն ու առողջ ընդդիմադիրները Հայաստանի պատմութեան յաջորդ փուլը կը թեւակոխեն իբրեւ անխուսափելի անհրաժեշտութիւն` շարունակելու, նոր մղում տալու այն երթին, որ սկիզբ առաւ մօտաւորապէս ութ ամիս առաջ, երբ իշխանաւորներու ահաւոր ձախողութիւններն ու պարտուողական ընթացքը կասեցնելու համար հրապարակ եկաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումով: Հայրենիքի, ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ (եւ ո՛չ թէ սոսկ իշխանութեան մը) փրկութիւնը կը մնան նո՛յնքան հրամայական եւ անյետաձգելի` ի տես Արցախի եւ Հայաստանի դիմաց օր ըստ օրէ բարձրացող նոր սպառնալիքներուն:

 

Նախորդը

Նուիրուիլ Տենդագին Ու Մեղուաջան Աշխատանքի` Դպրեվանքը Աւելի Բարձր Դիրքի Մը Հասցնելու Մտահոգութեամբ

Յաջորդը

Սահմաններ, Որոնք Չմնացին Անխախտ

RelatedPosts

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ինքնիշխանութիւն Յղացքներ. Դէպի Զարգացող Հայկական Ազգային Նախագիծ – Բ.

Սեպտեմբեր 18, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Հաւաքական Մեր Ինքնութիւնը Պեղող Արժէքաւոր Հրատարակութիւն Մը (Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Հատորին Լոյս Ընծայման Առիթով)

Սեպտեմբեր 17, 2025
Սուրիա` Նոր Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման
Անդրադարձ

Միջին Արեւելքի Հայկական Գաղութներու Գոյատեւումը` Ռազմավարական Նոր Հրամայական

Սեպտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?