«Ինչո՞ւ Միշտ Անմեղներն Են Ամէնէն Շատ Տառապողները, Երբ Դուք` Բարձր Իշխաններդ, Ձեր Գահերու Խաղը Կը Խաղաք»
ՀՐԱՆԴ Ծ. ՎՐԴ. ԹԱՀԱՆԵԱՆ Վերջին շաբաթներուն մենք եւս ռմբակոծուեցանք Ուքրիանիոյ մէջ ծանր ռմբակոծումներու ենթարկուած անմեղներու տառապանքները ներկայացնող պատկերներով` տարբեր լրատուամիջոցներու կողմէ: Ասոնց շարքին ընկերային ցանցերուն վրայ տեսանք նաեւ Լվովի 13-րդ դարուն կառուցուած հայկական մայր եկեղեցւոյ մէջ գտնուող խաչելութեան արձանը ապահով պահեստանոց փոխադրելու ջանքերը ցոյց տուող նկար մը... բան մը, որ նորութիւն էր մեզի համար: Այս պատկերները մեզի (ու նաեւ` բոլոր...




















