Անդրադարձ

Ազգասէր եւ Եկեղեցասէր Յովսէփ Քէշիշեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Ազգասէր եւ Եկեղեցասէր Յովսէփ Քէշիշեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Անտարբերութեան թշնամին եմ ես Անհաշտ, անզիջում, մոլի ոսոխը... ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ Քառասուն օրեր առաջ վերջին հրաժեշտով մեզմէ յաւիտեան բաժնուեցաւ Յովսէփ Քէշիշեանը` իր հարազատներուն եւ բարեկամներուն պատճառելով սուգ ու վիշտ: Յակոբ եւ Թամամ Քէշիշեան ամոլին զաւակն էր ան, ծնած՝ 1929-ին, Քըրըքխան: Փոքր հասակին կը յաճախէ Քըրըքխանի ֆրանսական դպրոցը: Համեստ ընտանիքի զաւակ, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ծնողքի առաջին սերունդ, կեանքի ու տառապանքի լեղի բաժակը խմած`...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Տեսակէտ. Մայիս 1-ի Ժառանգութիւնը 2022-ին. Մտածումներ` Պատերազմի, Խաղաղութեան եւ Յեղափոխութեան Մասին

  ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ «Սուրի ու զոհի կը դառնան աւար Լոյսի պէս պայծառ մանուկներ սիրուն Եւ ոտքի կոխան` հասկեր անհամար, Աշխատաւորի քրտինքով օծուն» ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ Շատեր, որոնք ծնած են վերջին տասնամեակներուն, ապրեցան այդ ժամանակաշրջանին մեր ազգին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, անոնք ազգային մակարդակի վրայ ականատես եղան թէ՛ յաջողութիւններու եւ թէ՛ ալ ձախողութիւններու, իսկ վերջին երկու տարիներուն` Արցախի վրայ Ազրպէյճանի նախայարձակումին, հայկական կողմին կրած...

vaho_42922

Կարեւորն ու Չափազանց Կարեւորը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Մայիս 15-ին նախատեսուած Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան լիբանանցի ժողովուրդին մէջ համատարած ուժաթափութիւն, յուսաբեկութիւն, ընկճուածութիւն ու բարոյալքում ստեղծած եւ երկար ժամանակէ մը ի վեր շարունակուող ընկերատնտեսական ճգնաժամի մը պայմաններուն մէջ: Բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծուած է լիբանանեան վաղեմի աւանդութեան` քուէներու գնման երեւոյթի առաւել «ծաղկման» համար: Մինչ տոլարի ներկայ բարձր փոխարժէքը մտածել կու տար, որ այսօր քուէին, իմա՛ մարդոց արժանապատուութեան,...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. «Վերափոխեալ Արքայամօր Ներբողագիրը` Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի (1153-1198)» (Հեղինակ` Մեսրոպ Հայունի)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Չէ պատահած, գէթ իմ պարագայիս, գիրք մը ընթերցելէ ետք հոգեմտային ահաւոր ճնշումի մը յանձնուիս պարզապէս այն պատճառով, որ այնքան սիրես տուեալ հատորին պարփակած գրաւչութիւնն ու գիտականութիւնը եւ հաղորդուիս անոր հետ: Միւս կողմէ, կրնայ ըսուիլ նաեւ, որ օշականեան գրականութիւնը միթէ նման հոգեսոյզ վիճակներու չէ՞ մատնած երբեւէ ոեւէ խոհուն ընթերցողի, որ այլապէս կը համարձակի բանալ անկրկնելի գրող ու քննադատ Յակոբ...

Մեր Խօսքը

ԼԵՄ-ի Խօսքը

Ահաւասիկ դարձեալ եկաւ ապրիլ ամիսը եւ իրեն հետ բերաւ աւելի քան 100 տարի առաջ, Համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն տեղի ունեցած 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ահաւոր տեսարանները, պայմանները եւ մինչեւ օրս շարունակուող հետեւանքները: Այսօր ՀՅԴ ԼԵՄ-ը կու գայ անգամ մը եւս դատապարտելու օսմանեան կառավարութեան անմարդկային եւ միջազգային օրէնքով դատապարտելի արարքը: Աւելի՛ն. միութիւնը կը վերահաստատէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի աշխուժ հետապնդման կարեւորութիւնը,...

Հարցազրոյց` Ասպրամ Կրպէեանին Հետ

Հարցազրոյց` Ասպրամ Կրպէեանին Հետ

Հարցազրոյցը վարեց եւ արտագրեց` ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Ասպրամ Կրպէեանին հետ, որ անդրադարձաւ հայ-թրքական յարաբերութեան գործընթացին եւ անոր ազդեցութեան` հայկական պետականութեան վրայ: «ՌԱԶՄԻԿ».- Այսօր ինչպէ՞ս կրնանք որակել Հայաստան-Թուրքիա-Ազրպէյճան աշխարհաքաղաքական յարաբերութիւններու ներկայ ընթացքը եւ շրջանի կացութիւնը: ԱՍՊՐԱՄ ԿՐՊԷԵԱՆ.- Նախ, Հայաստան ըսելով` պէտք է հասկնանք, թէ ո՞ր...

Բնականոնացման Գործընթաց Եւ Դաշնակցութեան Դիրքորոշում

Բնականոնացման Գործընթաց Եւ Դաշնակցութեան Դիրքորոշում

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները կը շարունակեն արտաքին քաղաքականութեան մէջ իրենց սխալ քայլերը, որոնք վստահաբար ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենան Երեւանի աշխարհաքաղաքական հետագայ վիճակին վրայ: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ դիւանագիտականօրէն անփորձ իր խմբակը այսօր բոլոր ամպիոններէն կը քարոզեն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու անհրաժեշտութիւնը եւ Արցախի հարցը ամբողջութեամբ փակելու տրամադրութիւնները: Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը այնքան...

Ցեղասպանը Թաքնուած Նոր Ծրագիրով

Ցեղասպանը Թաքնուած Նոր Ծրագիրով

ՇԱՀԱՆ ՃՈՐՃ ՀԱՒԱԹԵԱՆ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ Օրէնքի բացակայութեան անհատը կը դառնայ սանձարձակ, սակայն այս յատկանիշը չի յայտնաբերուիր ինքնաբերաբար, անիկա փորագրուած է մարդ արարածի բնութեան խորը: Օրէնքի ու կանոնի ներկայութեան ան կը մնայ սանձուած: Աշխարհի մէջ պետական իշխանութիւններն են գերագոյն մարմինները: Իշխանութեան շղթան կը սկսի իրենցմով, հետեւաբար չկայ աւելի բարձր մարմին կամ հեղինակութիւն, որ կը կառավարէ զիրենք: Միջազգային ընտանիքը ունի անիշխան...

Մեր Խօսքը

ԼԵՄ-ի Առօրեայէն

ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղի կազմակերպած «Միասին` հայ ընտանիքի կողքին» նախաձեռնութիւնը աւարտեցաւ: Անոր նպատակն էր հաւաքել զանազան տեսակի օժանդակութիւններ` տրամադրելու համար շրջանի կարիքաւոր ընտանիքներուն: - 25 մարտ 2022-ին, ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջմասնաճիւղային ժողով մը: Օրուան դասախօսն էր հոգեբան Սիրակ Գարակէօզեան` «Սթրես մէնէյճմընթ» նիւթով: - 3 ապրիլ 2022-ին, ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբի...

Ջահերով Երթը Եւ ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովը

Ջահերով Երթը Եւ ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովը

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Ապրիլ 23-ին Երեւանի մէջ, հարիւր հազար հայորդիներու մասնակցութեամբ, տեղի ունեցած ջահերով երթը, ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն կազմակերպուած եւ աւանդոյթ դարձած ջահերով երթերուն, ունէր այլ նշանակութիւն եւ պատգամ: Ամիսներէ ի վեր քաղաքական բեմին վրայ ծաւալած Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման խօսքերուն ի պատասխան, հայ ժողովուրդը ողջ աշխարհի տարածքին եւ մասնաւորաբար Հայաստանի ու Արցախի մէջ իր աղաղակող Ո՛Չ-ը ըսաւ Հայաստանի իշխանութիւններու վարած...

Թաւշեայ  Յեղափոխութեան Վարչապետը ` Գիրքի Հեղինակ. «Երկրի  Հակառակ  Կողմը» –  Նիկոլ Փաշինեան

Անկրկնելի Հալէպը. Պատեանէն Դուրս Ելած Գաղութը

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Հազարամեակ մը առաջ, Մետաքսի ճամբուն վրայ եւ Երուսաղէմ մեկնող մահտեսի հայեր արդէն կայք հաստատած էին պատմական Բերիոյ մէջ: Սալիպէ թաղամասի Սրբոց Քառասնից Մանկանց հինգհարիւրամեայ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած փոքրաթիւ գաղութը, Ցեղասպանութեան պատճառով տեղահանուած եկուորներով, կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին մեծցաւ, հանդիսանալով սփիւռք կոչուած իրականութեան առաջին եւ մեծագոյն գաղութը, որ քսաներորդ դարու կէսին, նախքան հայրենադարձութիւնը, կը հաշուէր շուրջ հարիւր հազար: Հալէպի...

Ռազմիկ  Դաւոյեան

Դանիէլ Վարուժանի Դուստրը` Վերոնիքա Սաֆրազեան

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Իր հօր` Դանիէլ Վարուժանի շուքին տակ չապրեցաւ. բայց շուքի՛ մէջ ապրեցաւ: Հօր անուան փայլքը իր վրայ չսփռեց: Գրիգոր Զօհրապի դուստրը` Տոլորեսն ալ կ՛ապրէր Մանհաթընի մէջ. շքեղ ու շողշողուն կեանք մը, միլիոնատէր ամուսինին` գարեջրատան սեփականատէր Լիպմընի հետ: Վերոնիքան ամբողջ կեանքը Ռիզոլի, Տապլտէյ, նաեւ Նիւ Եորքի Հանրային մատենադարանին մէջ պաշտօնավարելէ ետք, երբ հանգստեան կոչուեցաւ, Մանհաթընէն փոխադրուեցաւ գիւղի իրենց տունը: «Արեւին...

Մինչեւ Ե՞րբ

Ժողովուրդին Հասցէն

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ 24 ապրիլին ժողովրդային քայլարշաւը եկաւ անգամ մը եւս փաստելու, որ լիբանանահայութիւնը ի՛նչ ալ ըլլայ, ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ ըլլայ, ի՛նչ վիճակներու մէջ ալ գտնուի իր հասցէն գիտէ: Գիտէ որո՛ւ պիտի ընդառաջէ: Գիտէ ո՛ւր եւ ե՛րբ իր խօսքը պիտի ըսէ: Գիտէ իր պարտաւորութիւնը: Գիտէ մանաւանդ իր ազգային պարտականութիւնը: Լիբանանահայութիւնը ինքնուրոյն է իր ազգային, կրօնական, համայնքային սկզբունքներով: Ժողովուրդը իր պատասխանը...

Քաղաքավար  Գողը

Ապուչեղ

ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ Ես Ակնի Ապուչեղ գիւղը կ’ուզեմ երթալ: Մեծ-մեծ հայրերուս ծննդավայրը. հոն ուր ապրեր են մեր ընտանիքի տասնմէկ տէր հայրերը. հոն ուր Խնդիր անունով նախնի մը ախոռը կրակի տուած է. որքա՜ն, որքա՜ն կ’ուզէի հանդիպիլ իրեն եւ հարցնել.«ի՞նչ էր խնդիրդ, ա՛յ Խնդիր պապի»: Կը զգամ, գիտե՛մ, որ շա՜տ հետաքրքրական բաներ պիտի պատմէր ինծի իր ծնողներուն, անոնց ծնողներուն, անոնց պապերուն մասին: Ակնը...

Տունը Չես Կրնար Մոռնալ

Տունը Չես Կրնար Մոռնալ

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Պուրճ Համուտի մէջ հաւաքուած է հոծ բազմութիւն մը։ Նպատա՞կը։ Քայլարշաւ դէպի Անթիլիասի կաթողիկոսարան՝ ոգեկոչելու հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ յիշատակը։ Բազմութեան մէջ կային բարեկամներ եւ հարազատներ։ Շատ հաճելի էր դարձեալ հաղորդակցիլ բոլորին հետ։ Չուշացաւ բարեկամի մը ակնարկութիւնը. «Հաճելի է քեզ հոս տեսնել»։ «Տունը սիրելի է», ըսի։ «Տունը կարելի չէ մոռնալ»։ Տունը՝ Պէյրութ, Լիբանան։ Հոն ուր ծնայ, մեծցայ եւ ստացայ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Ժխտել Ցեղասպանութեան Անհամար Մահերը Կը Նշանակէ Տօնել Այդ Նոյն Զոհերուն Մահը» Տոքթ. Իսրայէլ Ջարնի

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութենէն հարիւրեօթ տարիներ ետք տակաւին միջազգայնօրէն չյաջողեցանք միահամուռ ճանաչում ստեղծել Մեծ եղեռնին նկատմամբ, եւ մասնաւորապէս չյաջողեցանք եղեռնագործին ընդունիլ տալ իր նախահայրերու կողմէ` մարդկութեան դէմ գործադրուած այս ահաւոր եւ աղէտալի արարքը: Երբ իրապաշտ կերպով ուզենք սերտել այս նիւթը եւ անոր հոլովոյթը, պէտք է առարկայօրէն փորձենք պատասխանել երեք հիմնական հարցումներու. Ա.- Ինչո՞ւ ցարդ չկրցանք յաջողցնել ճանաչումը: Բ.- Ի՞նչ...

Ազգային Ողբերգութեան Սահմանը Եւ Անիւը Շրջելու Հրամայականը

Ազգային Ողբերգութեան Սահմանը Եւ Անիւը Շրջելու Հրամայականը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Մեր ազգային ողբերգութիւնը յաճախ կտրած է անչափելի սահմաններ: Անիկա չսկսաւ 24 ապրիլ 1915-ին, ո՛չ ալ վերջացաւ Ցեղասպանութեան, բռնագաղթին եւ մեր հայրենի հողերուն մեծ մասին բռնագրաւման կնքումով (մեզմէ անկախ որոշումներով ու համաձայնագիրներով): Մեր ազգային ողբերգութիւնը սկսած էր 1915-էն շա՜տ աւելի առաջ, աւելի՛ առաջ, քան` համիտեան ջարդերն ու «կեաւուր»-ներուն հանդէպ խտրական քաղաքականութեան, պետական ծրագիրներու մշակումը, շարունակուեցաւ նաեւ Ցեղասպանութեան ու հողերու...

Սթափելու Ժամանակը

Ցեղասպանութիւնը Կը Շարունակուի

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը դադար առա՞ծ է երբեւէ: Երբ Օսմանեան կայսրութիւնը ԺԹ. դարուն հետզհետէ կորսնցուց իր եւրոպական տարածքները, իր հայեացքը ուղղեց դէպի մօտաւոր ու հեռաւոր արեւելք, ուր կ՛ապրէին բազմաթիւ թրքացեղ ժողովուրդներ: Այդ ժողովուրդները, որոնք ենթակայ էին օտար տիրապետութեան, բնականաբար պիտի ողջունէին իրենց ցեղակիցներուն նոր քաղաքականութիւնը, որ խորքին մէջ` վերադարձ էր ակունքներուն: Այդ ցեղակիցներուն մէջ ամէնամօտակայ ժողովուրդը կովկասեան...

Սեւրէն Մինչեւ Տաւուշ

Ապրիլեան Մտորումներ. Հայ Դատը` Հանապազօրեայ Պարտքը Մեր

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Ապրիլ 24 է դարձեալ: Ու ես չեմ կրնար դարձեալ մտորումներս չկեդրոնացնել Հայ դատին վրայ: Չեմ կրնար չմտածել մեր ըրածներուն ու մեր չըրածներուն մասին, չեմ կրնար չտագնապիլ մեր ազգի իրավիճակին ի տես ու չեմ կրնար չփորձել կաթիլ մը ձէթ եւս աւելցնել Լուսաւորչի կանթեղին մէջ` շարունակելու համար հայ մնալու մեր պայքարը, որ հիմքն իսկ է մեր պահանջատիրութեան, մեր Դատին: Հայ դատը...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Մեղանչում Է Քաղաքական Օրակարգէ Հանել Ցեղասպանութիւն Եւ Հայրենահանում

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հայրենիք մը, որ կը դաւաճանէ իր զինուորներուն, իրապէս հայրենի՞ք է: Ալեքսանդր Սոլժենիցին 1918-2008, ռուս գրող, Նոպելեան դափնեկիր Միջազգային հանրային կարծիքը աւելի դիւրին կը լսէ ցեղասպանութիւն եզրը, քաղաքական խօսքեր եւ բազմապատկուող «ճանաչումներ», կը նախընտրէ բարոյականութեան խօսքերը, բայց գիտակցաբար եւ չխանգարուելու համար խուլ եւ կոյր կը մնայ հայոց հայրենիքի բռնագրաւման եւ անոր ժողովուրդի հայրենահանման ոճիրներուն դիմաց: Մենք ալ մեղսակից եղանք...

Page 262 of 807 1 … 261 262 263 … 807

Արխիւներ