Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ջահերով Երթը Եւ ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովը

Ապրիլ 28, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Ապրիլ 23-ին Երեւանի մէջ, հարիւր հազար հայորդիներու մասնակցութեամբ, տեղի ունեցած ջահերով երթը, ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն կազմակերպուած եւ աւանդոյթ դարձած ջահերով երթերուն, ունէր այլ նշանակութիւն եւ պատգամ: Ամիսներէ ի վեր քաղաքական բեմին վրայ ծաւալած Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման խօսքերուն ի պատասխան, հայ ժողովուրդը ողջ աշխարհի տարածքին եւ մասնաւորաբար Հայաստանի ու Արցախի մէջ իր աղաղակող Ո՛Չ-ը ըսաւ Հայաստանի իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան ողջ տրամաբանութեան եւ հաստատեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները չունին իրենց պարտուողական ու ապազգային քաղաքականութիւնը յառաջ տանելու որեւէ իրաւունք:

Ապազգային քաղաքական գործիչներուն դժգոհութիւն պատճառած Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դրօշներուն հրկիզումը եւս իր ըսելիքը ունէր, եւ հարազատ արտայայտութիւնն էր ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովի այն հաստատումին, որ կ’ըսէր. «Թուրքիան կը մնայ Հայաստանի ու հայութեան թշնամին, այնքան ատեն որ կը շարունակէ ուրանալ իր գործադրած Ցեղասպանութիւնը եւ զլանալ հայ ժողովուրդի հողային եւ նիւթաբարոյական իրաւունքներու հատուցումը», եւ որ «44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով, աւելի ցայտուն դարձած է փանթուրանական ծրագրի հետապնդումը»:

Ցեղասպանութեան տարելիցին կազմակերպուած ջահերով երթը համայն հայութեան զարթնելու կոչ կ’ուղղէր եւ կը պատգամէր, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը լոկ մարդասիրական ու մարդկային իրաւունքներու դիտանկիւնէն պէտք չէ դիտել, այլ, ինչպէս ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը կ’ազդարարէր` զանոնք պէտք է «ընկալել եւ ներկայացնել իբրեւ անկախ պետականութեան լինելիութեան եւ գոյատեւման երաշխիք»: Երեւանի մէջ բարձրաձայնուած այս պոռթկումը կու գար նաեւ մերժելու Հայաստանի իշխանութիւններու այն պնդումը, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը եւ Հայ դատի հետապնդումը միայն սփիւռքեան օրակարգ են եւ տեղ չունին Հայաստանի պետական քաղաքականութեան մէջ:

Երեւանի մէջ հայութեան բարձրացուցած ձայնը աւելի ուժգին կը դառնար, երբ անոր կը միանար թրքական բարբարոսութեան զոհ դարձած Տէր Զօրի յուշահամալիրէն հնչած սուրիահայութեան ուխտը, Պէյրութէն, Փարիզէն, Աթէնքէն ու Օթթաուայէն լսուած հայութեան ցասումը, որոնք հարազատ արտայայտութիւններն են ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովի այն հաստատումին, թէ «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւններու միջեւ դիւանագիտական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու հնարաւոր հաստատումը չի կրնար ըլլալ ի հաշիւ Արցախի եւ համայն հայ ազգի  անժամանցելի իրաւունքներուն: Միայն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման պարագային է, որ կարելի կը դառնայ հայ-թրքական ամբողջական հաշտեցումը»: Հայաստանէն ու Արցախէն եկած պահանջատիրական կեցուածքին միացող սփիւռքի ելոյթները կը հաստատէին ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին կատարած այն ընդգծումը, որ «Սփիւռքը, առաւելաբար իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան ծնունդ, հայոց պատմական հայրենիքի բռնագրաւման արդիւնք եւ արեւմտահայերէնի ու ուրոյն մշակոյթի պահպանման կռուան` ռազմավարական նշանակութիւն ունի հայութեան մղած պայքարին համար»:

Համահայկական այս ինքնադրսեւորումը կու գար նաեւ բացայայտելու, որ Հայաստանի իշխանութիւնները անգամ մը եւս կը փորձեն խաբել սեփական ազգը, երբ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացումը կը մատուցեն իբր թէ առանց նախապայմաններու հաստատուող յարաբերութիւններ: Զարթնումի ու դիմադրութեան կոչը կու գար ահազանգելու, որ «Իշխանութիւններու «խաղաղութեան դարաշրջանի» խօսոյթը ձեւական բնոյթ կը կրէ, քանի որ, ըստ էութեան, Հայաստանի պարտուողական իշխանութիւնները գոհացուցած են թրքական կողմի շարք մը պահանջները»: Ուստի, անհրաժեշտ է կասեցնել եղած զիջումներու ամրագրումը եւ նոր զիջումներու ընթացքը եւ կառչիլ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի որոշումին, որ «Յանուն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատման, հայութիւնը չի կրնար ընդունիլ որեւէ նախապայման, որ կրնայ ուղղուիլ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան դէմ, կը պարտադրէ Հայաստանին` ճանչնալու ձեւաւորուած ներկայ փաստական սահմանները, ներառեալ պարտադրելով հրաժարիլ Հայ դատի պայքարէն եւ հայութեան արդար պահանջատիրութենէն»:

Հետեւաբար, Երեւանի ջահերով երթին կանչը կը տարածուի համայն հայութեան վրայ, որ միահամուռ կեցուածքով կը մերժէ իր անժամանցելի իրաւունքները կացինահարող ամէն փորձ եւ կը պահանջէ, որ վերջ դրուի ազգակործան այս քաղաքականութիւնը կրող իշխանութեան, որ մոռցած է հայութեան, Հայաստանին ու Արցախին նկատմամբ կատարուած հին ու նոր չարիքները եւ Թուրքիոյ ու անոր յանցակից Ազրպէյճանի նախապայմաններուն դիմաց գլուխ խոնարհելով` բացած են իրենց կեղծ «խաղաղութեան դարաշրջան»-ը:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

RelatedPosts

Բայց Մենք Հայ Ենք…
Անդրադարձ

Բայց Մենք Հայ Ենք…

Մայիս 25, 2022
Ընթերցումներ.  Միացեալ Եւ Անկախ Հայաստանի Գաղափարը
Անդրադարձ

Ընթերցումներ. Միացեալ Եւ Անկախ Հայաստանի Գաղափարը

Մայիս 25, 2022
Ակնարկ.  Ինքնորոշման Իրաւունքը` Ուշադրութեան Յանձնելէն Եւ Դերակատարութեան Ճանաչումէն Առաջ
Անդրադարձ

Ակնարկ. Ինքնորոշման Իրաւունքը` Ուշադրութեան Յանձնելէն Եւ Դերակատարութեան Ճանաչումէն Առաջ

Մայիս 24, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In