ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Հազարամեակ մը առաջ, Մետաքսի ճամբուն վրայ եւ Երուսաղէմ մեկնող մահտեսի հայեր արդէն կայք հաստատած էին պատմական Բերիոյ մէջ: Սալիպէ թաղամասի Սրբոց Քառասնից Մանկանց հինգհարիւրամեայ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած փոքրաթիւ գաղութը, Ցեղասպանութեան պատճառով տեղահանուած եկուորներով, կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին մեծցաւ, հանդիսանալով սփիւռք կոչուած իրականութեան առաջին եւ մեծագոյն գաղութը, որ քսաներորդ դարու կէսին, նախքան հայրենադարձութիւնը, կը հաշուէր շուրջ հարիւր հազար:
Հալէպի հիւղաւանները Ցեղասպանութեան թատերաբեմի քուլիսները եղան, ուր թուրքի եաթաղանէն իրենց գլուխները ազատած հայորդիներ իրենց աչքերը վերստին բացին կեանքին: Փուլ մըն էր սերունդի մը համար, որ կրցաւ գէթ իր խրճիթը կառուցել:
Իրերայաջորդ համաշխարհային պատերազմներ, ֆրանսական հոգատարութիւն, քաղաքական վերիվայրումներ, անկայուն վարչաձեւեր շուրջ յիսուն տարիներ ալեկոծեցին տարածաշրջանը` պատճառ հանդիսանալով յարատեւ արտագաղթի դէպի խաղաղ ափեր, այսպիսով Սուրիան ընդհանրապէս ու մասնաւորաբար Հալէպը սփիւռքի բոլոր գաղութներուն արիւն եւ աւիշ տուող մայր երակը հանդիսացաւ:
Քսաներորդ դարու վերջին երեսնամեակին եւ նոր դարու առաջին տասնամեակին, շուրջ քառասուն տարիներ, մինչեւ սուրիական տագնապի սկզբնաւորութիւնը, գաղթաշխարհի երկրորդ Հայաստանն էր հայկական Սուրիան` իբրեւ հայախօս, կազմակերպուած, աւանդապահ, մեծ մասամբ զարգացած, բազմագոյն սակայն համերաշխ, նիւթապէս բարգաւաճ, մշակութային երանգներով, երիտասարդութեան եռուն ներկայութեամբ, գեղակերտ կառոյցներով, գաղթականի ցնցոտին եւ հոգեբանութիւնը ամբողջովին թօթափած գաղութ մը, որ կ՛ապրէր խաղաղ եւ նախանձելի նիստ ու կացով, լաւատեսութեամբ առլցուն ապագայով, անհատական եւ հաւաքական փայլուն ծրագիրներով:
Այստեղ կարեւոր է հաստատել, որ վերոնշեալ պատկերը իր ամբողջութեամբ տեղաւորուած էր պատեանի մը մէջ, շրջապատի այլ հոսանքներէն հեռու, արտաքին աշխարհին հետ սահմանափակուած յարաբերութեամբ, ինքնուրոյն ապրելակերպով, որ եզակի երեւոյթ էր ի տես համաշխարհայնացման գիրկը ինկած եւ իր ազգային դիմագիծը պաշտպանելու կոչուած հայաշխարհի այլ գաղութներու:
Ցնցումներ ապրած միջինարեւելեան երկիրներու հայ գաղութները` Պաղեստինը` սիոնական պետութեան հիմնումէն ասդին, Եգիպտոսը` վաթսունականներու սկզբնաւորութեան, Լիբանանը` քաղաքացիական պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, որ կ՛երկարի մինչեւ մեր օրերը, Կիպրոսը` թրքական ներխուժումէն ետք, Պարսկաստանի յեղափոխութիւնն ու Իրաքի հետ տասնամեայ պատերազմը, ապա Քուէյթի գրաւումը, օտար ուժերու կողմէ Իրաքի գրաւումը: Այս դառն բաժակը վիճակուած էր տարածաշրջանի հայ գաղութներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր բաժինը ըմպեց:
Այս օրերուն, համայն աշխարհը կ՛աղաղակէ բոլոր լրատուամիջոցները ի սպաս դրած ռուս- ուքրանական պատերազմին պատճառով դէպի Եւրոպա գաղթականութեան հոսքի մասին: Միջինարեւելեան երկիրներու տագնապներուն ընթացքին Սուրիան անձայն եւ անշշուկ ընդունեց բոլոր գաղթականները, միայն իրաքցիներուն թիւը Սուրիոյ տարածքին կը հասնէր երկու միլիոն, թիւ մը, որ բնակչութեան տասը առ հարիւրի համեմատութեամբ յաւելում կը նշէր: Բոլոր եկուորները անխտիր կեցութեան եւ աշխատանքի իրաւունք կը ստանային պետութեան կողմէ առանց պայմանի, կրթական, առողջապահական եւ այլ անվճար ոլորտներու ծառայութիւններէն ալ կ՛օգտուէին Սուրիա ապաստանած բոլոր գաղթականները:
Պաղեստինցիները ստացած են սուրիացիի բոլոր իրաւունքները, իսկ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի թէժ օրերուն, սուրիական իշխանութիւնները անձնական ինքնաշարժներուն արտօնութիւն տուին թաքսի աշխատելու:
Հայ համայնքն ալ իր բոլոր հոսանքներով, միշտ ոտքի եւ պատրաստ ընդունած էր իր արիւնակից բոլոր գաղթականները:
Տասնմէկ տարիներ առաջ, տխուր օր մը, Սուրիոյ կարգն էր: Երկրագունդի այսպէս կոչուած` «իրենք զիրենք տէրերը նկատողներ», չխնայեցին երրորդ աշխարհէն դուրս գալու ձգտող երկիր մը:
Հայրենամերձ մեր գաղութի զաւակները բարեբախտութիւն ունէին մայր հայրենիքի քաղաքացիութիւնը ստանալ, ոմանք արդէն հայկական անցագիրը ունէին:
Հայ գաղթականութեան պատմութեան տխուր էջերէն մէկն էր սուրիահայութեան հայրենադարձութիւնը. քսանամեակ մը անկախութիւն նուաճած հայրենիքը իր թեւերը լայն բացաւ պանդուխտ սուրիահայուն դիմաց, սակայն եօթանասուն տարեկան խորհրդային ծառին պտուղները տակաւին չէին փճացած: Ներգաղթողներէն ոմանք համակերպեցան տեղական կենցաղին, ուրիշներ` ընդհանրապէս արհեստաւորները, իրենց քրտինքը խառնեցին հայրենի հողին: Հալէպահայ կնոջ խոհանոցային հմտութիւնն ու շնորհքը արհեստավարժ ճաշարանատէր դառնալու առաւելութիւններ էին, որոնց կարօտը ունէր Հայաստանը: Այս մասին օրինակներն ու վկայութիւնները շատ են, ականջալուր եղած եմ դիւանագէտի մը հետեւեալ արտայայտութեան. «Հալէպահայերը իրենց հետ Երեւան բերին խոհանոցի մշակոյթը, համադամ պնակին հետ` մատուցողի ազնիւ վարմունքը»:
Դժբախտաբար հայրենի իշխանութիւններուն մօտ ներգաղթ կազմակերպելու սերտուած քաղաքականութիւն մը գոյութիւն չկայ ցայսօր: Հայաստանեան քաղաքացիութիւնը շնորհելու քայլը թէեւ ուշացաւ, սակայն փրկութեան լաստ մըն էր սուրիահայուն համար: Վերջին տասնամեակին կը խօսուի Սուրիայէն շուրջ երեսուն հազարի հայորդիներու հայրենադարձութեան մը մասին: Այսօր այդ մարդուժին կէսը արտագաղթած է օտար ափեր: Ցաւով պիտի յիշատակեմ հայրենադարձներուն բնակեցման վարդագոյն սին ծրագիրներով նիւթական ծուղակ սարքողներու մասին: Այս եւ այլ դժուար կացութիւններ, ինչպէս նաեւ ոմանց մօտ օտարասիրութիւնը հալէպահայութիւնը ցիրուցան ըրին:
Իբրեւ դրացի եւ քոյր երկիր` Լիբանանը, որ արդէն մասամբ հայաթափուած էր քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, տնտեսական եւ կենցաղային տագնապներու պատճառով ու Սուրիոյ հանդէպ որդեգրուած քաղաքականութեան պատճառով, կեցութեան խիստ պայմանները, կարճ փուլի մը համար իբրեւ սպասման սրահ կամ տարանցիկ կայան ծառայեց: Ամառնային դպրոցական արձակուրդը, այլ երկիրներու բաղդատելով, Սուրիոյ մէջ երկար կը տեւէ, աւելի քան երեք ամիսներ, գիւղացիներուն աշխատանքի եղանակին ընտանիքի բոլոր անդամները մասնակից դարձնելու համար, յատկապէս հունձքի եւ բերքահաւաքի շրջանին: Բնականաբար արձակուրդը նոյնն է քաղաքին մէջ, ուր սովորութիւն է տղաքը աշակերտական գրասեղանէն փոխադրել աշկերտութեան: Ոմանք իրենց հօրենական գործին կը միանային, ուրիշներ ծանօթներու մօտ կը ղրկուէին արհեստ սորվելու:
Այսպիսով, աշակերտութեան տարիներու երկայնքին, հալէպցի տղան զուգահեռաբար արհեստ մը կը սորվէր, ուշիմները շուտով կը տիրապետէին, ոմանք անցուկ պայմաններու բերումով կամ նիւթական եկամուտէն շլացած կը լքէին վարժարանը: Ամառնային այս աշխատանքը դպրոց մըն էր նաեւ կեանքի յորձանուտին մէջ: Շատեր համալսարանէն վկայուելէ ետք, կիրարկած են իրենց ամառնային աշկերտութեան շրջանին սորված արհեստը: Արտասահման հասնելով հալէպահայերէն շատեր ունէին աշխատանք որոնելու կրկնակի կարելիութիւն:
Եւրոպան, յատկապէս հիւսիսային պաղ եւ անարեւ երկիրներ գրկաբաց ընդունեցին գաղթական հայութիւնը, Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանի հայերն ու ասորիները արդէն քառորդ դար առաջ դանդաղ, բայց երկարատեւ գաղթի ճամբայ մը յարդած էին դէպի Շուէտ, Դանիա, Հոլանտա եւ Նորվեկիա:
Հեռաւոր Աւստրալիա արդէն վաղուց կայք հաստատած սուրիահայերու ճիգերով, ոմանք ալ հասան հինգերորդ ցամաքամաս:
Մեծագոյն եւ զանգուածաբար կազմակերպուած գաղթը իրագործուեցաւ դէպի Քանատա, ուր գաղութի պատասխանատուները աչալուրջ մասնակից դարձան դաշնակցային իշխանութեան գաղթականներ ընդունելու ծրագիրին, անգլիախօս եւ ֆրանսախօս նահանգներու մէջ: Այդտեղ հասնող սուրիահայերը ընդհանրապէս հարազատներ եւ բարեկամներ ունէին, որոնք գաղթողի երաշխաւոր ունենալու դերակատար եղան:
Դար մը առաջ, Արեւմտահայաստանի գաւառացիներու համախմբումները շուտով հայրենակցական միութիւններ դարձան: Ս. Յարութեան տօներու առիթով, ընկերային ցանցերու վրայ նկատեցի այդ երեւոյթին կրկնութիւնը` հալէպահայութեան ճաշկերոյթներ եւ պարահանդէսներ, սարքուած հայրենիքի եւ աշխարհասփիւռ գաղութներու մէջ:
Հաւաքականութեան հասած այս չար ճակատագիրին կողքին, նկատելի են անհատական մեծ ոստումներ` արուեստի արհեստի եւ ուսման հորիզոններուն վրայ: Անուրանալի է, որ յառաջադէմ երկիրներու մէջ տաղանդները արագ եւ անշեղ ընթացքով մշակումի կ՛ենթարկուին: Յիշատակութեան արժանիներու օրինակները բազմաթիւ են:
Նկատեցի մանկամարդուհի մը եւ երիտասարդ մը, որոնք սուրիական պաքալորէայի քննութիւններուն բարձր նիշեր ապահոված էին, մին դեղագործութեան, միւսն ալ հաղորդակցական ճարտարապետութեան համալսարան յաճախելու իրաւունքը ձեռք ձգած, իրենց ծննդավայրէն դուրս գալով հետեւած են իրենց նախասիրութեան` երաժշտական բարձր կրթութեան, եւ առաջնակարգ դիրքերը գրաւելով արդէն մրցանքներու կը մասնակցին:
Բերիոյ թեմի բոլոր եկեղեցիներու մանուկ դպիրները մինչեւ խոր ծերութիւն ամբողջ կեանք մը կը ծառայէին առանց դոյզն ակնկալութեան, կրօնական իշխանութիւնները ժլատ էին անոնց եկեղեցական կարգ շնորհելու, քիչեր բախտաւորութիւն ունեցած են սարկաւագ ձեռնադրուելու: Պանդուխտ դպիրները ծառայութեան անցան տեղւոյն եկեղեցիներուն մէջ, ոմանք շուտով սարկաւագութեան կարգ ստացան` իրենց շարականագիտութեան եւ ծիսագիտութեան հմտութեան շնորհիւ:
Արեւմտահայերէնի ուսուցման հարցի հիմնական կռուանը ուսուցիչն է, որուն այնքան ծարաւը ունի ո՛չ միայն սփիւռքը, այլ նաեւ հայրենիքը. հալէպահայ հայերէնաւանդ ուսուցիչները Մաշտոցի դեսպանները եղան իրենց նորահաստատ կայքերուն մէջ:
Յառաջադէմ երկիրներուն մէջ արհեստագիտութիւնը կը պայմանաւորուի համապատասխան վկայականով. մեքենագործութեան, ոսկերչութեան, կահագործութեան, խոհարարութեան, վարսայարդարութեան եւ այլ արհեստներու հմուտ վարպետներ, վերստին աշակերտական գրասեղաններու ետին նստելով ստացան համապատասխան վկայականներ` կիրարկելով իրենց ասպարէզները:
Հայ կնոջ առտնին տնտեսութեան` կար ու ձեւի ու ասեղնագործութեան հմտութիւնը, օգտակար եղաւ գործի կոչուելու հագուստի գործարաններուն մէջ` տնտեսապէս նպաստելով ընտանիքին:
Ընտանեկան անդորրը սակայն այնքան ալ խաղաղ չմնաց ոմանց մօտ: Արեւելքի ըմբռնումները պահպանելը դժուար է համաշխարհայնացած միջավայրի մէջ, չնչին տարակարծութիւններ, որոնք սովորաբար համբերատարութեամբ եւ զոհողութեամբ կը լուծուին, հաշտարարներու միջնորդութեամբ, Արեւմուտքի վատ օրինակներէն սնանելով պատճառ դարձան զոյգերու բաժանման եւ ընտանիքներու քայքայման:
Օտարութեան պայմանները դժուար եղան տարեցներուն համար, որոնք հողէն հանուած կաղնիի մը նման, իրենց կեանքի վերջալոյսի դաժան օրերը կը դիմագրաւեն:
Ցեղասպանութեան կարմիր ջարդէն ետք, արեւելքի տաք արեւուն տակ վարդագոյն ծաղիկներ ծաղկեցան` փակուած պատեանի մը մէջ, արտասահմանեան մրրիկներուն եւ սպիտակ ջարդի դէմ յանդիման: Մեր դարաւոր ոսոխը իր տարածաշրջանի կայսերապաշտ ախորժակներուն իբրեւ աղանդեր ունէր տեղւոյն միատարր եւ պահանջատէր գաղութի հայութիւնը:
Սրբապիղծ եղան հարիւրամեակ մը առաջ մեր սուրբ նահատակներու աճիւնները Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրի ուխտավայրի հանգստարանին մէջ, որ ականահարուեցաւ ցեղասպան թուրքին ձեռամբ, այն պահուն, երբ հայ եկեղեցին սրբադասեց նահատակները: Աւերակ դարձաւ Տէր Զօրը, ուր ամէն տարի այս օրերուն կազմակերպուած ուխտագնացութեամբ ցեղիս նորաբաց ծաղիկները կու գային իրենց հայորդիի երդումը նորոգելու եւ Հայ դատի պահանջատիրութեան ճանապարհը յիշելու ու յիշեցնելու համայն աշխարհին:
Ցեղասպանութեան տարելիցի այս օրերուն իւրաքանչիւր հայորդի, որ այցելած է Տէր Զօրի ուխտավայր, իր հոգիի աչքերով կը վերադառնայ գերեզմանը իր նախնիներուն, որոնց դատին ուխտեալ զինուորն է ան, ի տես բոլոր անոնց, որոնք կը դաւաճանեն Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու արեան, եւ յիսնամեակ մը առաջ «ՄԵՐ ՀՈՂԵՐԸ» լոզունգ յայտարարած հայրենի սերունդի աւանդին:
«Մենք քիչ ենք, սակայն մեզ հայ են ասում» պատգամը յաւիտենական է, այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի սուրիահայութիւն կը մնայ պատնէշի վրայ` հաւատալով, որ Տէր Զօրի ապրիլեան ուխտի երթը չէ դադրած:
Ժընեւ
It’s an excellent article you have written I read it over and over .I grew up in “UNGRGNELI” HALEB.
may God Bless you and your God given talent.
Kevork parsrghian
Now in Portland, Oregon.