Թուրք Իգական Սեռին Դերակատարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութիւնը յղացուեցաւ, ծրագրուեցաւ եւ որոշուեցաւ օսմանեան պետութեան կողմէ, ապա գործադրուեցաւ պետական զանազան միաւորներու եւ թուրք ժողովուրդին ու քիւրտ ամբոխին բոլոր բաղկացուցիչ տարրերուն կողմէ: Գործադրող թուրք հասարակութիւնը կազմուած էր չափահաս տղամարդոցմէ եւ կիներէ, ինչպէս նաեւ` անչափահաս եւ երեխայ տղոցմէ ու աղջիկներէ: Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրուեցաւ հիմնականօրէն թուրք եւ քիւրտ տղամարդոց մեղսակցութեամբ: Անոնց արիւնարբու վերաբերմունքը ծանօթ է բոլորիս: Թուրք...




















