Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բնականոնացման Գործընթաց Եւ Դաշնակցութեան Դիրքորոշում

Ապրիլ 29, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղ

Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները կը շարունակեն արտաքին քաղաքականութեան մէջ իրենց սխալ քայլերը, որոնք վստահաբար ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենան Երեւանի աշխարհաքաղաքական հետագայ վիճակին վրայ: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ դիւանագիտականօրէն անփորձ իր խմբակը այսօր բոլոր ամպիոններէն կը քարոզեն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու անհրաժեշտութիւնը եւ Արցախի հարցը ամբողջութեամբ փակելու տրամադրութիւնները: Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը այնքան վտանգաւոր չէ` իբրեւ գաղափար, որքան` իբրեւ զայն կիրարկելու միջոց:

Հայաստանի իշխանութիւնները եւ իրենց աջակցող ընկերային եւ լրատուական ցանցերը առջեւ կը մղեն այն թեզը, թէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ազգայնական ծայրայեղ մղումներէ մեկնած ամբողջութեամբ կը մերժէ խաղաղութիւն հաստատելու փորձերը եւ յարաբերութիւնները բարելաւելու ձգտումները: Հարկ է հաստատել, որ այս հասկացողութիւնը ամբողջութեամբ սխալ է:

ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովին իր արտասանած բացման խօսքին ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հաստատեց, որ ներկայ իշխանութիւնները արտաքին քաղաքական իրենց քայլերով միմիայն կը նպաստեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի շահերու իրականացման եւ երբեք` Երեւանի:

Աւելի՛ն. 27 դեկտեմբեր 2021-ին հրապարակուած ՀՅԴ Բիւրոյի յայտարարութիւնը իր կարգին յստակացուց, որ յարաբերութիւններու բնականոնացման որեւէ ծրագիր նախ պէտք է ունենայ ճշգրիտ կէտեր ու հանգրուաններ եւ տեղի ունենայ երկկողմ ու երբեք եռակողմ ձեւով: ՀՅԴ Բիւրոյի յայտարարութիւնը աւելցուց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է մերժեն Անգարայի կողմէ պարտադրուած բոլոր նախապայմանները եւ յարաբերութիւններու վերականգնման գործընթացը կատարեն առանց որեւէ նախապայմաններու:

Անցեալին եւս ՀՅԴ-ի կեցուածքը նաեւ յստակ էր: 2009-ին Ցիւրիխի մէջ տեղի ունեցած հայ-թրքական ստորագրութիւններուն ժամանակ  ՀՅԴ-ն մերժեց Թուրքիոյ կողմէ առաջարկուած անընդունելի նախապայմանները, որոնց կարգին էին Հայոց ցեղասպանութեան դէպքերը քննող այսպէս կոչուած պատմական յանձնախումբի մը կազմութիւնը, Թուրքիոյ ներկայ սահմաններու ճանաչումը, այլ խօսքով, 1921-ի Կարսի դաշնագիրի վերջնական ամրագրումը եւ ոչ պաշտօնական ձեւով առաջարկուած Արցախի Հանրապետութենէն Հայաստանի հեռանալը: Այս բոլորին կողքին, Երեւան, հակառակ Անգարայի, որեւէ նախապայման չառաջարկեց: 2009-ին ՀՅԴ-ի նախարարները հրաժարեցան նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի կառավարութենէն եւ ամբողջ սփիւռքը համախմբուեցաւ ու դէմ դրաւ անընդունելի այդ գործընթացին` փրկելով Հայաստանը աղէտալի կացութենէ:

Ներկայիս ՀՅԴ-ի կեցուածքը տակաւին նոյնն է, սակայն Հայաստանի վիճակը շատ աւելի աղէտալի է, քան 2009-ին, իսկ Արցախի հարցը` շատ աւելի բարդ: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր գործակիցները այսօր չեն գիտակցիր արտաքին քաղաքական ու դիւանագիտական իրենց աշխատանքներուն հաւանական հետեւանքներուն կամ ալ գիտակցաբար մեր հայրենիքը կը մղեն դէպի քայքայում:

Այսօր պաշտօնական Երեւանը որեւէ քայլ մը առնելէ առաջ պէտք է նկատի առնէ` արցախահայութեան ապագան, Սիւնիքի կարգավիճակը, Հայաստանի անվտանգութիւնը, երկրի տնտեսական ապագան եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ծաւալապաշտական ախորժակները: Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը, ընդդիմութիւնը անտեսելու եւ յաւելեալ բաժանումներ յառաջացնելու փոխարէն, այսօր իբրեւ իշխանութիւն պէտք է համախմբէ բոլոր կողմերը եւ նկատի առնէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նման կուսակցութեան մը փորձառութիւնը եւ հայանպաստ ու հայրենանպաստ առաջարկները:

Աղբիւրներ`

ARF Bureau statement regarding Armenia-Turkey relations and settlement of the Artsakh issue. (2021, December 29). The Armenian Weekly. https://armenianweekly.com/2021/12/28/arf-bureau-statement-regarding-armenia-turkey-relations-and-settlement-of-the-artsakh-issue/

Armenia Declares Protocols with Turkey Null and Void. (2018, March 1). The Armenian Weekly. https://armenianweekly.com/2018/03/01/armenia-declares-protocols-turkey-null-void/

Tashjian, Y. (2022, January 12). ARF՛s Position on the Armenian-Turkish «Normalization» Process. The Armenian Weekly. https://armenianweekly.com/2022/01/12/arfs-position-on-the-armenian-turkish-normalization-process/

«Պարտութեան եւ պատերազմի խորհրդանիշ ուժը չի՛ կարող ապահովել խաղաղութիւն», Իշխան Սաղաթէլեան: «Ազդակ», 5 մարտ 2022 https://www.aztagdaily.com/archives/539709

Նախորդը

Ցեղասպանը Թաքնուած Նոր Ծրագիրով

Յաջորդը

Հարցազրոյց` Ասպրամ Կրպէեանին Հետ

RelatedPosts

Դժուա՞ր Բան Է Հայ Ըլլալը (Թարթափումներ)
Անդրադարձ

Կինը Եւ Պատերազմը

Մայիս 21, 2022
Հրաժեշտի Խօսք (Յովհաննէս Աբրահամեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Հրաժեշտի Խօսք (Յովհաննէս Աբրահամեանի Յիշատակին)

Մայիս 21, 2022
Ծառայութեամբ Յատկանշուած Համակ Կեանքը Մը (Տոքթ. Րաֆֆի Նալպանտեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Ծառայութեամբ Յատկանշուած Համակ Կեանքը Մը (Տոքթ. Րաֆֆի Նալպանտեանի Յիշատակին)

Մայիս 21, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In