Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանը Թաքնուած Նոր Ծրագիրով

Ապրիլ 29, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆ ՃՈՐՃ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

Օրէնքի բացակայութեան անհատը կը դառնայ սանձարձակ, սակայն այս յատկանիշը չի յայտնաբերուիր ինքնաբերաբար, անիկա փորագրուած է մարդ արարածի բնութեան խորը: Օրէնքի ու կանոնի ներկայութեան ան կը մնայ սանձուած:

Աշխարհի մէջ պետական իշխանութիւններն են գերագոյն մարմինները: Իշխանութեան շղթան կը սկսի իրենցմով, հետեւաբար չկայ աւելի բարձր մարմին կամ հեղինակութիւն, որ կը կառավարէ զիրենք: Միջազգային ընտանիքը ունի անիշխան կերպար, ուր պետութիւնները կ՛որդեգրեն վերոյիշեալ մարդկային անիշխան կերպարը եւ վարուելակերպը: Անոնք կը գործեն յանուն իրենց ազգային շահերուն եւ յաճախ, բարոյագիտութեան արժէքները ոտնակոխելով, այլ ժողովուրդներ կը դարձնեն ենթակայ ողբերգութեան ու ցաւի` իրականացնելու համար իրենց օրակարգերը:

Որդեգրելով այս իրապաշտ մօտեցումը` կը տեսնենք, թէ ո՛չ բարեսիրութիւնը եւ ո՛չ վատութիւնը կը բխին մարդկային զգացումէ կամ բնազդէ: Պետութիւններու գործած վայրագութիւնը նպատակ չ՛ունենար պարզապէս ցաւ պատճառել, այլ այդ մէկը,  տրամաբանօրէն` քննարկումի իբրեւ արդիւնք, ի գործ դրուած ճիգ մըն է առաւելագոյն կերպով նպաստելու իրենց ազգային շահերուն: 107 տարիներ առաջ  օսմանցի թուրքերը չկազմակերպեցին Ցեղասպանութիւնը աննպատակ վատութեան կամ վրէժխնդրութեան սիրոյն: Անոնք կ՛ուզէին ոչնչացնել փոքրամասնութիւնները` իրենց իշխանութեան տակ հասնելու համար միատարր ժողովուրդի մը ստեղծման, այսպիսով կը յուսային հաստատել ցմահ ապահովութիւն Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս, եւ անշուշտ իրենց հիմնական նպատակը կը հանդիսանար համաթուրանական կայսրութեան ստեղծումը:

Ներկայիս Արցախի բնակչութեան վրայ բանեցուած ճնշումը պատահական դէպքերու հետեւանք մը չէ, այլ` մտածուած ծրագիր: Ազրպէյճան կը ձգտի ձեռք բերել Արցախի մնացած տարածքները, հետեւաբար առաջին քայլերէն մէկն է Արցախը դատարկել իր հայ բնակչութենէն: Արդարեւ, թէ՛ ռազմական եւ թէ՛ դիւանագիտական ճիգերով շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ չբնակեցուած ու լքուած տարածքներու գրաւումը: Այլ խօսքով, իբրեւ լուծում, այս պարագային Ազրպէյճան պարզապէս չի կրնար Թուրքիոյ նման ժողովուրդը ենթարկել ցեղասպանութեան:

Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք աշխարհի չորս կողմը կը տեսնենք վայրագութեան յստակ նուազում: Ցեղասպանութիւնները նուազած են, եւ նոյնիսկ եթէ ալ ըլլան բացառութիւններ, զոհերու թիւը Հայոց ցեղասպանութեան հսկայական թիւը չի հանդիսանար: Այս մէկը չի նշանակեր, որ մարդիկ դարձած են աւելի խաղաղ կամ ձանձրացած` ողբերգութիւն պատճառելէ, այլ երկրագունդը դարձած է համաշխարհայնացուած: Պետութեան մը գործած վայրագութեան առաջին դէպքէն իսկ համայն աշխարհը լուրը կը ստանայ, եւ այդ պետութիւնը ենթակայ կը դառնայ միջազգային ընտանիքի դատապարտման, որ կը վնասէ իր հեղինակութեան: Այս պատճառով ալ ազրպէյճանական կողմը չի կրնար հայ բնակչութիւնը ենթարկել ջարդի, հետեւաբար ան կ՛որդեգրէ տարբեր միջոցներ, որոնք իբրեւ նպատակ ունին դատարկել հայ բնակչութիւնը, բայց չեն ամբաստանուիր ցեղասպանութիւն գործած ըլլալու անմարդկային արարքով:

Այս ճնշումներէն հարկ է նշել Արցախի կազատարի վերանորոգման խոչընդոտումը: Մարտ 8-ին արկածի պատճառով վնասուեցաւ կազատար խողովակ մը, որուն իբրեւ հետեւանք` խափանուեցաւ ամբողջ Արցախի կազամատակարարումը: Գտնուելով ազրպէյճանական դիրքի մօտ` Ազրպէյճան արգելք եղաւ վերանորոգման աշխատանքներուն: Ակնկալելի է, որ Ազրպէյճան դեր ունեցած ըլլար խողովակի վնասման մէջ: Սակայն այս կասկածը եթէ սկզբնական շրջանին ըլլար, հիմնուած պիտի ըլլար բնազդի եւ ենթադրութեան վրայ: Բայց եւ այնպէս քանի մը օր ետք այս կասկածը աւելի յստակ  կերպար ստացաւ, երբ կրկին դադրեցաւ կազամատակարարումը: Արցախի տեղեկատուական շտաբը յայտարարեց, թէ բաւարար հիմքեր ունին պնդելու, որ վերանորոգման աշխատանքի ընթացքին ազրպէյճանական կողմը փական տեղադրած է, որ կրկին պատճառած է կազամատակարարման կասեցումը:

Ինչպէս կը տեսնենք, փոխանակ հանրայնօրէն ուղիղ վնաս հասցնելու բնակչութեան, անոնք կը դիմեն այլ ձեւերու` ժողովուրդը նեղ իրավիճակի մէջ դնելու: Ցուրտ եղանակին մարդը կազէ զրկելը մարդասիրական արժէքներու ուղիղ խախտում է:

Արցախի բնակչութեան վիճակը նաեւ կը ծանրացնեն` ազդելով անոր հոգեկանին վրայ: Որեւէ վայրկեան Ազրպէյճանի յարձակման ու սադրանքի գործողութիւնները կրնան վերսկսիլ: Լարուած այս վիճակը կ՛արգիլէ ժողովուրդին բնական կերպով շարունակելու իր առօրեան: Յստակ օրինակ է 24 մարտի յառաջխաղացման գործողութիւնները, երբ ազրպէյճանական կողմը, խախտելով շփման գիծը, Փառուխ գիւղին ուղղութեամբ յառաջացաւ:

Այս սպառնալիքներուն թիրախը ժողովուրդն է: Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութիւնը յստակ է` Արցախը հայաթափել:

Եւ եթէ այս բոլորը բաւարար տուեալներ չեն ցեղային զտման, կ՛աւելցնենք, որ ազրպէյճանական կողմը իր գրաւած հողերուն վրայ կ՛ոչնչացնէ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը: Այսպիսով, ան կը փորձէ նենգափոխել պատմութիւնը, որ հետագային չխախտի իր օրինականութիւնը այդ հողին վրայ:

Յստակ է զուգահեռը անցեալին հետ, կարծես ցեղասպանութեան կազմակերպումը ունենար կանոնագիրք, ուր կ՛ըսուէր` «Ժողովուրդը մաքրագործելէ ետք չմոռնաս նաեւ վերացնել անոր հետքը»:

Կը գոչենք արդարութիւն եւ կարծենք, թէ մեր ձայնը չի լսուիր, բայց վստահ եղէ՛ք, որ մեր կանչը ո՛չ միայն կը հասնի աշխարհի չորս կողմը, այլ նաեւ կ՛արձագանգէ ժամանակի մէջ: Ցաւալին այն է, թէ ան կ՛արհամարհուի, որովհետեւ արդարութիւն ի սէր բարեսիրութեան հասկացողութիւնը գոյութիւն չունի պետութիւններու մօտ: Գիտէինք, որ այս արհամարհանքի հետեւանքը պիտի ըլլար ցեղասպանութեան կրկնութիւնը, եւ այդ հետեւանքը վերստին կրեցինք մենք:

Շատեր կը թելադրեն չապրիլ անցեալի մէջ, նայիլ դէպի առջեւ, դէպի «փայլուն ապագան»: Սակայն որն է «փայլուն ապագան», երբ պատմութեան էջերը կը կրեն այդպիսի մութ բովանդակութիւն: Մոռնա՞նք արդարութիւնը, կը տեսնէք` ի՛նչ է հետեւանքը: Անպատիժ յանցագործութիւնը անպայմանօրէն կը կրկնուի:

 

 

 

Նախորդը

ԼԵՄ-ի Առօրեայէն

Յաջորդը

Բնականոնացման Գործընթաց Եւ Դաշնակցութեան Դիրքորոշում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?