Հարցազրոյցը վարեց եւ արտագրեց` ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Ասպրամ Կրպէեանին հետ, որ անդրադարձաւ հայ-թրքական յարաբերութեան գործընթացին եւ անոր ազդեցութեան` հայկական պետականութեան վրայ:
«ՌԱԶՄԻԿ».- Այսօր ինչպէ՞ս կրնանք որակել Հայաստան-Թուրքիա-Ազրպէյճան աշխարհաքաղաքական յարաբերութիւններու ներկայ ընթացքը եւ շրջանի կացութիւնը:
ԱՍՊՐԱՄ ԿՐՊԷԵԱՆ.- Նախ, Հայաստան ըսելով` պէտք է հասկնանք, թէ ո՞ր Հայաստանը նկատի ունինք: Այս պահուն կան երկու իրերամերժ իրականութիւններ` հակահայաստան եւ յաւերժական Հայաստան: Հակահայաստանի մարմնաւորումը ներկայ իշխանութիւնն է, որ կը սպասարկէ թուրք-ազրպէյճանական քազզոյգի շահերուն եւ անոնց հետ կը վարէ դաշնակցային փոխլրացնող քաղաքականութիւն: Այս մէկը բնականաբար կը հակասէ հայկական ազգային եւ պետական շահերուն: Ա՛յն շահերուն, որոնց համար կը պայքարի յաւերժական Հայաստան ունենալ ցանկացող հայ ժողովուրդը:
«Ռ.».- Արցախի հիմնահարցին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունին նաեւ աշխարհի գերտէրութիւնները, որոնք ներկայացուած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահներու խմբակին մէջ: Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է վերաշխուժացնել այս խմբակը, եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներու առաքելութիւնը:
Ա. Կ.- ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը միակ իրաւական մանդատ ունեցող խումբն է, որ իրաւասու է զբաղելու արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման գործով: Բայց հետեւողականօրէն կը տեսնենք, որ խումբին գործունէութիւնը կը ստորադասուի ոչ միայն հակահայաստանի ուժերով, այլ նաեւ` արտաքին ուժերու մասնակցութեամբ: Վերջերս Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութեամբ վերահաստատուեցան մեր այն մտահոգութիւնները, որ համանախագահող երկիրներու, ի մասնաւորի` Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, այլ տարածաշրջանի հարցերու հակասութիւններու պատճառով բացասական անդրադարձ կը կատարուի Մինսքի գործունէութեան վրայ, ինչ որ բնականաբար բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ նաեւ արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման:
Կարեւոր է նշել, որ այս մէկը միակ հարթակն է, ուր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան փոխհամաձայնութիւն ունին` այս հարցի կարգաւորման եւ ուժերու համատեղման գծով, որպէսզի արցախեան հարցը կարողանանք լուծել ոչ թէ պատերազմի դաշտին վրայ, այլ` բանակցութիւններու սեղանի շուրջ:
Սակայն ներկայ համաշխարհային ճգնաժամը, Ուքրանիոյ հարցի պատճառով, կը տեսնենք, որ արդէն բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ Մինսքի խումբի համանախագահութեան գործունէութեան վրայ:
Մինսքի խումբի գործունէութեան վերահաստատաւորումը եւ փաստաթուղթերու գործառոյթներու կիրարկումը կը բխի մեր ազգային եւ պետական շահերէն: Եւ պէտք է ամէն ջանք տրուի այդ մէկը իրականացնելու:
Գալով ռուսական խաղաղապահներուն` անոնք ունին մէկ մանդատ` ապահովել խաղաղ բնակչութեան անվտանգութիւնը եւ ամէն կերպով նուազեցնել ռազմական բախումի հնարաւորութիւնը:
Սակայն յստակ թող ըլլայ, որ մենք չենք կրնար երբեք հայ ժողովուրդի, մանաւանդ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութիւնը եւ անոր կիրարկումը պատուիրակել որեւէ ուժի: Մեր խնդիրը պէտք է ըլլայ օր առաջ կազմաքանդուած եւ բարոյահոգեբանական ծանր վիճակի մէջ գտնուող բանակի վերազինումը եւ պատրաստումը, որպէսզի բոլոր հնարաւոր միջոցներով ի վիճակի ըլլանք իրականացնելու մեր հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութիւնը:
«Ռ.».- Այսօր Արցախի կացութիւնը մեր ժողովուրդը յիշողութեամբ կը փոխադրէ 1915-1923-ի տարիներուն տեղի ունեցած շրջաններու հայաթափման փորձերուն: Երիտասարդ սերունդը ինչպիսի՞ ձեւերով կրնայ պայքարիլ Արցախի լինելութեան եւ պաշտպանութեան համար:
Ա. Կ.- Նախ պէտք է հասկնանք, որ ես բանաձեւը շատ յստակ ձեւակերպած եմ` «Առանց Արցախ` չկայ Հայաստան, եւ առանց Հայաստան` չկայ Արցախ», այս մէկը շատ յստակ ամփոփումն է այն նպատակին, որ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ ապրող հայ ժողովուրդը, մանաւանդ երիտասարդութիւնը, պէտք է գիտակցի: Հայ ժողովուրդը պէտք է իր բոլոր ուժերը ծառայեցնէ այս նպատակին եւ այս բանաձեւին յաջող իրագործման:
Մենք պէտք է նաեւ հասկնանք, որ հայկական պետականութիւնը, հայ ժողովուրդի համար, ըլլայ այդ հայրենիքի կամ սփիւռքի մէջ, միակ անվտանգային երաշխաւորն է: Հայկական պետականութիւնն է, որ մեր գոյութեան ու ինքնութեան պահպանման գործառոյթը կ՛իրականացնէ, եւ իւրաքանչիւրս պէտք է մասնակցութիւն ունենաք այդ պետականութեան կայացման ու հզօրացման գործին մէջ:
Այս պահուն, երբ թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ հայրենիքի մէջ հակահայաստանի ջանքերով մեզ մասնատած են եւ փորձած են կեղծ օրակարգերով մեր ուժերը ջլատել, ուժ եւ կամք պիտի գտնենք վերաիմաստաւորելու եւ վերարժեւորելու մեր պայքարը, որովհետեւ յաւերժական հայրենիք ունենալու միայն ցանկութիւնը բաւարար չէ: Յաւերժական հայրենիք-Հայաստան ունենալու համար պէտք է մեր պայքարը ըլլայ յաւերժական` անմնացորդ նուիրումով:
«Ռ.».- Այսօր Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛ուղղուին դէպի Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու բնականոնացում: Իբրեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր` ինչպէ՞ս կը տեսնէք Հայ դատի աշխատանքներու եւ ծրագիրներու ապագան, եթէ նման բնականոնացում մը տեղի ունենայ:
Ա. Կ.- Ինծի համար շատ յստակ է. Հայ դատը` Հայ ժողովուրդի արդարացի պայքարը եւ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը երբեք սակարկութեան առարկայ չեն կրնար ըլլալ: Այս երկուքը անկիւնաքարային կարմիր գիծեր են ինծի համար: Եւ շատ յստակ է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման շրջանակին մէջ այս երկու կարմիր գիծերը ներկայ իշխանութեան կողմէ արդէն հատուած են:
Մեզ անընդհատ կը փորձեն համոզել, որ «բարեկամացման», ինչ որ իրականութեան մէջ կը նշանակէ` «վիլայէթացման», գործընթացը կ՛ընթանայ առանց նախապայմաններու: Բայց արդէն ակնյայտ է, որ բոլոր նախապայմանները բաւարարուած են, եւ այս պարզապէս վերջին մեխն է, որ կը մեխուի հայկական ինքնութեան դագաղին: Ամէն գնով պիտի կասեցուի այս գործընթացը:
Այո՛, յարաբերութիւններ պիտի հաստատուին, այո ՛, բանակցութիւններ պիտի սկսին, բայց մենք չենք կրնար այլ տարածաշրջանի մէջ ապրիլ, որովհետեւ այս է մեր պատմական հայրենիքը եւ հայ ժողովուրդը պէտք է իր պատմական հայրենիքին մէջ արժանապատիւ ապրելու հնարաւորութիւն ունենայ: Եւ այդ հնարաւորութեան եւ իրաւունքին համար մենք դարերով պայքարած ենք:
Բանակցութիւններն ու յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի չըլլան հայ ժողովուրդի ինքնութեան կորուստի, արժանապատուութեան նսեմացման հաշուոյն եւ հայ ժողովուրդի թրքացման միջոցով: Բանակցութիւնները պէտք է բացառապէս տեղի ունենան այն պահուն, երբ մենք ունենանք հաւասարը հաւասարի հետ բանակցելու հնարաւորութիւններ:
Այս պարտուած մարտէն ետք, հայկական ազգային եւ պետական շահերը ստորադասելով, «խաղաղութեան դարաշրջան» մուրալը կամ հապճեպ, ինչ-որ յարաբերութիւններ կարգաւորելը կարելի է մէկ բառով բնորոշել իբրեւ դաւաճանութիւն հայ ժողովուրդի եւ հայկական պետականութեան հանդէպ:
Այս պահուն մենք այդ հնարաւորութիւնները չունինք, յատկապէս` այս մարտի պարտութենէ ետք: Այս բնականաբար պատերազմը չէր, այլ մէկ մարտ էր, եւ ես վստահ եմ, որ հայ ժողովուրդի յաղթական շրջափուլը տակաւին մեր առջեւն է: