Մղձաւանջը կը շարունակուի: «Քորոնա»-ի համաճարակին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, Արցախի պատերազմի դաւադիր պարտութեան, Լիբանանի շարունակուող տնտեսական տագնապին, Լաչինի միջանցքի յանձնման բօթին պատճառով համայն հայութեան, յատկապէս լիբանանահայութեան ապրած դառն ու ծանր վիճակին վրայ կու գան աւելնալու անհատական կորուստներ, անժամանակ մահեր:
Արդարեւ, Յակոբ Աբրահամեանին` մեր քեռայրին անակնկալ մահը ծանր հարուած էր…
Սիրելի՛ Յակոբ,
Այս անակնկալ մահուանդ նկատմամբ բազմաթիւ հարցումներ կը մնան անպատասխան: Ինչո՞ւ այսքան կանուխ, արդեօք կարելի չէ՞ր կանխել, ընտանիքիդ եւ սիրելիներուդ կեանքը ինչպէ՞ս պիտի շարունակուի առանց քու տիրական ներկայութեանդ:
Դուն, որ իւրաքանչիւր երեւոյթի, հարցի մասին տրամաբանական, հիմնաւորուած կարծիք ու բացատրութիւն ունէիր, այսօր կը հեռանաս եւ մեզ կը ձգես անպատասխան:
Անժամանակ մահդ կիսատ կը ձգէ կեանքին ճանապարհը: Կեանք մը, զոր կերտեցիր հակառակ բազում դժուարութիւններու: Գերազանց աշակերտ էիր, համալսարանական ուսումդ աւարտեցիր փայլուն արդիւնքներով, հօրդ վաղաժամ մահէն եւ Սագոյին նահատակութենէն ետք եղար ընտանիքին հիմնասիւնը: Իզապէլին հետ կազմեցիր ընտանիք, ուր սէրն ու յարգանքը տիրական էին, Լոռին ու Սագոն հասակ առին քու հայրական գուրգուրանքով եւ հոգածութեամբ: Հիմնեցիր եւ զարգացուցիր հաշուապահական հիմնարկդ, ազգային-միութենական կեանքին մէջ եղար աշխուժ եւ ստանձնեցիր բազմաթիւ պատասխանատուութիւններ… Շարքը կարելի է երկարել եւ թուել այլ իրագործումներ, սակայն այս բոլորէն անդին` կ՛ուզեմ շեշտել այն արժանիքներն ու արժէքները, որոնք քու ուղենիշներդ դարձան կեանքիդ ընթացքին:
Առաջինը` սէրը: Սէրը քու ընտանիքիդ, հերոսածին տիկին Մարիին եւ ընդհանրապէս շրջանակիդ նկատմամբ: Այդ սէրը արտայայտելու քու ջերմ ոճդ ունէիր, եւ երբ գործնական օժանդակութեան պէտք էր, ներկայ էիր միշտ: Շնորհակալութիւ՛ն:
Երկրորդ` աշխատասիրութիւն: Առանց անոր` երբեք պիտի չկարենայիր հասնիլ յաջողութիւններուդ: Արագածի տան գրասենեակի օրերէն մինչեւ վերջերս, երբ հանդիպեցանք Փարիզի մէջ, գործի հանդէպ նոյն լուրջ, պատասխանատու մօտեցումը ունէիր, եւ ակներեւ է, որ այս արժանիքը փոխանցած ես Լոռիին եւ Սագոյին:
Երրորդ` կենսուրախութիւն: Որքան հաճելի էին մեր ընտանեկան հանդիպումները, խնճոյքները, անոնց ընթացքին քու կողմէդ արտասանուած բովանդակալից կենացները, այն երգացանկերը, զորս կը պատրաստէին, եւ բոլորս միասին կ՛երգէինք: Մտքիս մէջ տակաւին կ՛արձագանգէ բարձրաձայն ուրախ խնդուքդ:
Չորրորդ եւ ամէնէն կարեւորը` անհուն հայրենասիրութիւնդ եւ կուսակցութեանդ ու անոր արժէքներուն նկատմամբ հաւատարմութիւնդ: Վերջին տարիներուն եղբօրդ` Լիզպոնի հերոս Սագոյին նկատմամբ շատ աւելի կ՛արտայայտուէիր, հակառակ անոր նահատակութեան պատճառած անհատական ու ընտանեկան բազմաթիւ դժուարութիւններուն, մօրդ եւ քրոջդ նման, մնացիր պինդ եւ զաւակիդ` Սագոյին անուանակոչութեամբ ու բազմաթիւ այլ օրինակներով շարունակեցիր յաւերժացնել անոր յիշատակը:
Այսօր, այստեղ, մեր այս վերջին հանդիպումին, անկարելի է չյիշել նաեւ մեր առաջին հանդիպումն ու անոր առթած անմար տպաւորութիւնները: Տակաւին պատանի էինք, երբ առաջին անգամ քեզ տեսնելով` կարծես կը տեսնէինք եղբօրմէդ մասնիկ մը, քու ներկայութեանդ կը լեցուէինք հպարտութեամբ, իսկ ձեր Արագածի տունը երթալով` կը տոգորուէինք հերոսական զգացումներով:
Սիրելի՛ Յակոբ,
Կ՛երթաս միանալու մօրդ, Սագոյին, Պաղտասար քեռայրին (ընկեր Պաղտոյին) ու բազմաթիւ սիրելիներու, եւ մենք կը մնանք հայկական ու լիբանանեան առումներով դաժան պայմաններու, պառակտուած հաւաքականութիւններու, թոյլ պետութիւններու եւ ազգային արժէքներու նկատմամբ անտարբեր միջավայրերու մէջ: Անտանելի է:
Քիչ առաջ իմ կողմէս թուարկուած քու արժանիքներդ` սէր, աշխատասիրութիւն, հայրենասիրութիւն եւ մանաւանդ յոյսն ու անկէ բխած յաջողելու կամքն է, որոնք մեզի պիտի օգնեն դիմագրաւելու այս դաժան օրերը:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ քեռայր, ընկեր Յակոբ:
*Դամբանական` արտասանուած Յակոբ Աբրահամեանի յուղարկաւորութեան ընթացքին: