Մեր Դպրոցներուն Մասին…
ՍԻԼՎԱ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ Վերամուտ է դարձեալ: 2022-2023 կրթական շրջանը շուտով պաշտօնապէս պիտի սկսի, թէեւ բազմաթիւ դպրոցներու մէջ ուսման գործընթացը արդէն սկիզբ առած է: Վերամուտը մէկ կողմէ մեծ հրճուանք է, իսկ միւս կողմէ` մարտահրաւէր: Պոլսահայ կրթական կեանքի տեսակէտէն ալ այս վերամուտը դարձեալ օրակարգի վրայ կը բերէ մեր վաղեմի խնդիրները, որոնք տասնամեակներէ ի վեր կը մնան անլոյծ եւ, անշուշտ, կը խորանան անխուսափելիօրէն: Ներկայ...




















