Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Տարի 2022 – Թ. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն. Մարդուժ

Դեկտեմբեր 19, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Սփիւռքի հայ ժողովուրդը մեծամասնութեամբ աքսորեալներու` իրենց հայրենիքէն, հողերէն, քաղաքներէն, գիւղերէն, գործարաններէն, արտերէն, պարտէզներէն, կալուածներէն, գործատեղիներէն, խանութներէն եւ տուներէն դաժանօրէն ջարդուած, կողոպտուած ու տեղահանուած սերունդներուն եւ անոնց զաւակներուն իրենց սեփական հայրենիքէն դուրս համախմբումն է:

Թուրքին եւ Թուրքիոյ ճի՛շդ այդ հրէշային ոճիրներուն դէմ գիտակցութիւնը եւ մարդկային պատմութեան ամէնէն ահաւոր այս ոճիրին դէմ արդարութիւն պահանջողի վիճակն ու ձգտումն է, որ կը միաւորէ ու կը հզօրացնէ սփիւռքի հայութիւնը: Ցեղասպանութեան ենթարկուած ու տեղահանուած ըլլալն է սփիւռքահայութեան հասարակ յայտարարը, եւ յիշողութիւնն ու հատուցումի պահանջատիրութիւնն է բոլորս միաւորողը: Ա՛ՅՍ Է ԷԱԿԱՆԸ:

1. Թուրք ոստիկաններ տեղահան կ՛ընեն հայ ժողովուրդը իրենց տուներէն ու կալուածներէն: 2. Թուրք ոստիկաններ եւ խուժանը կը ջարդեն աքսորեալները: Այս բոլորին հաշուետուութիւնը պիտի շարունակենք պահանջել:

Երեւակայել, որ այժմ այս ջարդարար ու ցեղասպան թուրքն է, որ մեր հողերուն վրայ նստած, մեծ հօրս տունը, հողերը, կալուածներն ու գործատեղին ձրիօրէն իւրացուցած` թէ՛ կ՛ուրանայ իր ոճիրը եւ մեր իրաւունքները, թէ՛ ալ Հայաստանի այժմու իշխանութեան պայմաններ կը պարտադրէ եւ հնազանդողներ կը գտնէ թէ՛ հայրենիքին եւ թէ՛ ալ սփիւռքին մէջ: Հայու մը համար այսքան ստորացում եւ ստրկութիւն աներեւակայելի է:

Ճիշդ այսպիսի ստրկութեան դէմ պայքարողը պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ: Հայ դատն է, որ կը միաւորէ հայ ժողովուրդը: Հայ ժողովուրդին ու անոր արդար դատին թշնամիներն են, որոնք գաղտնի ու յայտնի կազմակերպութիւններու, Հայաստանի այժմու իշխանութեան եւ զանազան այլ միջոցներով միշտ կը փորձեն պառակտել ու քայքայել սփիւռքը, հայ ժողովուրդը եւ անոր կազմակերպութիւնները:

Առաջարկ թիւ 5. Անհրաժեշտ մարդուժի որակի քննարկում.

Որո՞նք են հայ մայրէ ու հայրէ ծնած յանձնառու եւ տոկուն, աշխատանքի պատրաստ եւ պահանջատէր` իտէալ սփիւռքահայուն կարգ մը նուազագոյն յատկանիշները: Ի՞նչ են պայմանները, որոնք կ՛ապահովեն հայկական սփիւռքի անդամներուն եւ միութիւններուն իբրեւ հայ ապրիլը եւ իբրեւ հայ գոյատեւելը:

Յօդուածաշարքիս Է. մասին մէջ նշուած ու կարեւորած մեր համասփիւռ ազգային կառոյցներուն, կուսակցութիւններուն եւ զանազան մեծ ու փոքր բոլոր միութիւններուն աշխուժացման ու հզօրացման համար անհրաժեշտ է համապատասխան մարդուժ: Ոեւէ հայ անհատ` կուսակցական, միութենական, կամ համակիր, պարզապէս անդամակցելով, ինքնաբերաբար չէ՛, որ անդամի մը կոչումին կ՛արժանանայ:

Օրինակի համար, ՀՅԴ հիմնադիր սերունդը` իբրեւ տիպար օրինակ առնելով, նաեւ` ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր սերունդը եւ բոլոր ազգանուէր այլ կազմակերպութիւններուն ծրագիր- կանոնագիրներուն թելադրած մարդկային իւրայատուկ կերպարը կարեւորելով, կը պարտաւորուինք վերահաստատելու այս, եւ` բոլոր ազգային այլ կազմակերպութիւններուն գոյատեւման ու յաջողութեան գաղտնիքը եղող իրերայաջորդ մարդուժին բարոյական արժանիքները, նկարագրային կերպարը, յարատեւութիւնը, գաղափարական ամրութիւնը եւ, վերջապէս, անոր մարդասիրութիւնն ու ծառայասիրութիւնը:

3. ՀՅԴ երիտասարդական ողիմպիականին մասնակիցները, Պոսթընի եւ Քալիֆորնիոյ մարզիկները, 2018-ին:

Ստորեւ` քանի մը անհրաժեշտ մարդկային յատկանիշներ, որոնք ներողամտօրէն իբրեւ քարոզ կամ բարոյախօսութիւն չէ, որ կը ներկայացնեմ, ո՛չ ալ` որոշ մարդոց դէմ ուղղուած պատգամ, այլ ուշադրութեան արժանի, անհրաժեշտ յիշեցում` այժմու եւ ապագայի մեր կառոյցներուն, միութիւններուն եւ սփիւռքի մէջ հայակերտումի վերաշխուժացման անհրաժեշտութեան հրամայականին առիթով, իբրեւ լուսաբանութիւն եւ երբեմն` ազդարարութիւն: Ի վերջոյ, մեր բոլոր ակնկալիքներն ու անոնց յաջողութիւնը յատուկ որակի մարդուժով ու խմբային աշխատանքով պիտի իրականանան եւ ամրապնդուին, կամ` ոչ:

Ա. Անանձնական` անձնուրաց վիճակ: Կազմակերպութեան մը անդամակցութիւնը պարտադրաբար անդամին իւրայատուկ անձնական նկարագիրը` կենցաղը պիտի տաշէ, կոփէ եւ յղկէ դէպի կազմակերպութեան բնորոշած կերպարին: Շատեր արդէն այդպէս կը ծնին ու կը մեծնան` անվհատ, պարզ, մեծահոգի, վեհանձն, համբերատար, անդրդուելի, անքինախնդիր, համեստ, ծառայասէր, ընկերային ու ճակատաբաց: Ինչո՞ւ… Քանի որ նոյն այս ժողովուրդէն ծնած են կազմակերպութիւններուն հիմնադիրները եւ ծրագիր ու կանոնագիր մշակողները:

Սակայն, միւս կողմէ, կը վկայենք, եւ պէտք է ընդունիլ, որ կարգ մը մարդոց մէջ անկարելի՛ է եսասիրութիւնը, փառամոլութիւնը, ոխակալութիւնը, խնդրայարոյց նկարագիրը, դաւեր սարքելու, պառակտում սերմանելու, իր անձին համար միամիտ հետեւորդներ որսալու, ստելու, բամբասելու եւ հեգնելու բնաւորութիւնը ջնջել` ի շահ ընդհանուրին ծառայութեան: Այսպիսիները կը խանգարեն եւ կը կաշկանդեն գործին ընթացքը ու, ընդհանրական, աշխատանքին մի՛այն վնաս կը հասցնեն: Յամառօրէն եւ երբեմն անօրինական միջոցներով յաճախ իրենց անձը եւ տեսակէտը կը գերադասեն ընդհանուրէն: Պարզապէս զզուանք կը պատճառեն այսպիսիները: Նախամարդու կենդանական ախտեր, անտառի օրէնք եւ ընկերային իմաստութեան չգոյութիւն…

Հետեւաբար կան շատ մը անհատներ, որոնք ի սկզբանէ բոլորովին խորթ են պետական կամ ազգային հասարակական կազմակերպութիւններուն: Երբե՛ք յարմարութիւնը չունին անոնց անդամակցելու եւ մանաւա՛նդ այնտեղ պաշտօններ ստանձնելու, թէեւ այդ մէկը շատ յաճախ պատահած է ու կը պատահի: Պէտք է ուշադիր ըլլալ, որ չպատահի՛:

4. ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան` ԼԵՄ-ի բանակում, Այնճար, 2017:

Շատեր արդէն, իբրեւ կուսակցական եւ միութենական, ազգին ծառայելու համար կը ծնին ու կ՛ապրին բարոյական բարձրագոյն արժանիքներով` անձնուրաց, ներողամիտ, անոխակալ ու մարդասէր, իսկական ընկերներ, ընկերուհիներ, քոյրեր եւ եղբայրներ: Երբ այս կազմակերպութեանց անդամները իրարու ընկեր, ընկերուհի, կամ քոյր եւ եղբայր կը կոչեն, արդէն շատ մեծ խորհուրդ կայ այնտեղ` անկեղծ, հարազատ ու անշահախնդիր, համեստաբարոյ, ներողամիտ, իրերօգնութեան, ծառայութեան եւ հոգալու վարմունք:

Անձնուրաց պատասխանատուն` իբրեւ պաշտօնակատար անձ, պաշտօնին համապատասխան, կանոնագրով սահմանուած գործերը կը կատարէ եւ ոչ թէ այդ պաշտօնը ի՛նք իր անձով կը մարմնաւորէ: Պարզապէս պաշտօն մը անձին սեփականութիւնը չէ, այլ անձը տուեալ պաշտօնին ծառան է, որ պէտք է խղճմտօրէն, անաչառութեամբ եւ խստապահանջութեամբ կատարէ այդ պաշտօնին թելադրած համապատասխան գործերը:

Բոլոր ժամանակներու իտէալապաշտ երիտասարդութիւնը, որուն մի՛շտ խիստ կարիքը ունեցած ենք եւ ունինք մեր կազմակերպութիւններուն մէջ, խորշած է եւ կը խրտչի, կը զզուի վերոնշեալ յոռի վարմունքներէն եւ եսակեդրոն երբեմն ալ բռնապետանման անձերէն, որոնց պատճառով դժբախտաբար կը հեռանան անոնք, կամ հեռու կը մնան ազգային կառոյցներէն եւ կազմակերպութիւններէն:

Կամաւոր ծառայութիւնը պէտք է կատարուի ընկերային, սիրալիր, հաճելի եւ համակրելի մթնոլորտի մը մէջ: Պատասխանատուներն են, որոնք ուշադիր պէտք է հետեւին եւ իրենց իսկ օրինակով ապահովեն գործի դաշտին եւ միջավայրին սիրալիր ու հեզասահ ընթացքը` ընկերային մթնոլորտը: Ի վերջոյ, կամաւոր աշխատողը պէտք է ծառայէ ընդհանուր նպատակին եւ ո՛չ թէ այս, կամ այն պատասխանատու անձին:

5. Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի Ս. Յարութիւն եկեղեցին եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները:

Բ. Արդարամտութիւն: Արդարութիւնը հիմնաքարն է քաղաքակիրթ ու համերաշխ միջավայրի մը, որ կը յառաջանայ անշահախնդիր օրէնսդիրներով եւ արդար վերին մարմիններով: Հակառակը «անտառի օրէնք»-ն է ու քաոսը, այսինքն` հացը, ապրուստը, հասոյթը, պաշտօնը եւ այլն «ճարպիկ»-ին է, խաբեբային է,  դաւադրողին է եւ անարժանին, ու ո՛չ թէ` արդար աշխատանք կատարողին, արժանիին, կամ` նուիրապետական կարգով, երիցութեան կարգով եւ օրինական ճամբով յառաջացած իրաւասու անդամին: Ճարպիկութիւնը, եթէ երբեք անհրաժեշտ է, դէպի արտաքին ճակատ պէտք է ուղղուի եւ ո՛չ թէ ներքին:

Արդարութեան եւ արդարադատութեան բացակայութիւնը պետութեան մը կամ կազմակերպութիւններուն գլխաւոր ներքին թշնամին է: Արդարութիւնը եւ անաչառութիւնը հաւասար աչքով կը նային բոլորին եւ համերաշխութեան մթնոլորտ կը պարտադրեն ամէնուրեք: Նախասիրութիւնները, սեռային, ազգականական ու բարեկամական կապերը եւ խտրութիւնը կը չէզոքացուին` անհատին տալով համահաւասար իրաւունքներ եւ պարտաւորութիւններ: Ուղղամտութիւնը, արդարադատութիւնը, անեղծութիւնը, խղճի մաքրութիւնը, ողջմտութիւնը, բարոյագիտութիւնը, սկզբունքի եւ պատասխանատուութեան տէր ըլլալը վստահութիւն կը ներշնչեն` դառնալով միասնականութեան կորիզը եւ մագնիսը, որ երիտասարդութիւնը իր շուրջ կրնայ համախմբել: Անարդարներու միջավայրին մէջ եւ անարդարներու հետ անկարելի է միասնականութիւն յառաջացնել:

Կամաւոր աշխատանքին մէջ (ձրի` առանց նիւթական վարձատրութեան) բոլորը համահաւասար են ու կարեւոր, թէեւ ոմանք աւելի կը տքնին, կամ աւելի ընդարձակ ու բազմակողմանի կարողութիւններով օժտուած են, սակայն պէտք չէ բեռնաւորել այդպիսիները, այլ` հաւասար աշխատանքի բաժանում դասաւորել, որպէսզի բոլորը իրենց լաւագոյնը նուիրաբերեն, չծանրաբեռնեն մէկը կամ երկուքը, յոգնաբեկ չընել զանոնք: Այլ կարեւոր պարագայ մըն ալ այն է, որ այս կամաւոր աշխատանքը` սովորական եւ ընթացիկ պայմաններու մէջ, մի՛այն կամաւորին ազատ ժամերուն ընթացքին պէտք է կատարուի` առանց վնասելու ենթակային ընտանիքին եւ ապրուստին:

6. Բոլորին գործակցութեամբ ընկերային արդարութեան ապահովում: 7. Համագործակցութիւն եւ միասնականութիւն:

Գ. Խստապահանջութիւն: Ընդհանրապէս սխալ կը հասկցուի խստապահանջութիւնը, որպէս թէ` խստութիւն կամ դաժանութիւն, սակայն այդպէս չէ: Խստապահանջութիւնը դրական բծախնդրութիւն է, նախ իւրաքանչիւր անհատ իր անձին հանդէպ եւ ապա հաւաքական աշխատանքին մէջ ստանձնած պարտականութիւնները ամբողջութեամբ, ճշգրտօրէն եւ ճշդուած ժամանակին կատարելու ձգտումն է: Պարզապէս անհոգութեան, գործը ձգձգելու եւ թափթփածութեան հակառակն է այդ:

Առաջարկ թիւ 6. Կազմակերպական եւ միութենական նոր ցանցերու կազմութիւն եւ հիներուն ընդարձակում, տարածում ու ծաւալում:

Նախորդող Ը. մասին թիւ 1 առաջարկին հետեւողութիւնն է այս, ուր կը կարդանք. «Բոլոր տեսակի հայկական միութիւնները, յատկապէս` հայրենակցական, շրջանաւարտից, սկաուտական, երիտասարդական եւ համալսարանական, նոր թափով մը աշխուժացնել եւ անդամահաւաքով ցանցեր ստեղծել ու նոր անդամներով ընդլայնել զանոնք»:

Կազմակերպութիւններն ու միութիւնները ունին անդամահաւաքի ընթացիկ եւ իւրայատուկ միջոցներ եւ օրէնքներ: Առանց անդամագրութեան հիմնական օրէնքները փոխելու, իւրաքանչիւր միութիւն անդամահաւաքի բացառիկ ճիգ պէտք է թափէ` կարելի եղածին չափ հայ պատանիներն ու երիտասարդները ներգրաւելով: Այս մէկը կը պահանջէ նաեւ երիտասարդ վարչականներ ունենալ, որոնք աւելի հաղորդակից են եւ ատակ` այս նպատակը իրագործելու եւ ցանցեր ստեղծելու.

ա. Հայրենակցական միութիւններ. Անհրաժեշտ է վերակենդանացնել բոլոր հայրենակցական միութիւնները եւ նորեր ալ հիմնել` նպատակ ունենալով վերոնշեալ աւանդը նոր սերունդին ուսուցանելու, այժմու բարեսիրական նպատակներուն կողքին:

Պահանջատիրութեան կարեւոր ազդակներէն է տոհմիկ աւանդութիւններու պահպանումը եւ նոր սերունդին փոխանցումը` բարբառը, երգն ու պարը, ճաշերը, տօնական սովորութիւնները, հայրենի հողին բնութիւնը պատմուածքները եւ այլն: Այս բոլորը կարելի է նաեւ արդի համակարգչային միջոցներով կատարել:

Գործնական առաջարկ 7. Հայրենակցական միութիւններուն մասին.

  1. Ը. մասին մէջ նշուած Առաջարկ թիւ 2-ի, Ելեկտրոնային սփիւռքի կայքէջին մէջ «Հայրենակցական միութիւններ» գլուխ բանալ, ուր բոլոր հայրենակցական միութիւններուն, իւրաքանչիւրին համար անջատ էջեր ստեղծել:
  2. Իւրաքանչիւր հայրենակցական միութեան յատուկ էջին մէջ Է. մասին մէջ նշուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ վերահրատարակուած իրենց յուշամատեանները յատուկ արտօնութեամբ թուայնացնել եւ զետեղել այնտեղ իբրեւ PDF գիրք: Նաեւ` նոյնը կատարել ցարդ չվերահրատարակուածներուն:
  3. Յատուկ Էջեր յատկացնել այդ հայրենի բնակավայրին, բարբառին, երգին ու պարին, ճաշերուն, տօնական սովորութիւններուն, հայրենի հողին բնութեան, պատմուածքներուն եւ այլն:
  4. Էջ մը յատկացնել այդ բնակավայրին յատուկ ձեռագործներուն եւ իւրայատուկ արհեստներուն:
  5. Էջ մը յատկացնել լուսանկարներու:
  6. Ահա այս միջոցով սփիւռքի այն վայրերուն մէջ, ուր կարելի չէ հայրենակցական միութիւն կազմել, կայքէջը կ՛ըլլայ զիրենք միաւորողը:

Այլ էջերով ալ կը ներգրաւենք երիտասարդութիւնը ամէնուրեք` աշխատանքին մասնակից դարձնելով զանոնք: Որոնողական աշխատանք կը հայթայթենք անոնց եւ մեր տոհմիկ մշակոյթը հասանելի կը դարձնենք աշխարհատարած մեր սփիւռքին: Սեփական հողին եւ մեծ հայրերուն ու մայրերուն, մեր բնօրրանին հետ գրեթէ իրական, երեւակայելի` virtual պորտակապեր կը ստեղծենք:

Վերջապէս, արդիական անհամար այլ հնարքներով կը վերականգնենք իւրաքանչիւր հայու պատկանելիութիւնը` ստեղծելով եւ ընդլայնելով սփիւռքահայ ցանցերը իրենց հայրենակցական եւ այլ պատկանելիութիւններով, իրարու կապելով, վառ պահելով հողին կանչը` պահանջատիրութիւնը:

4 դեկտեմբեր 2022
Շար. 9/10

haroutchekijian.wordpress.com

Նախորդը

Փանթուրքիզմի Կայսրութեան Յարձակողապաշտ Ձգտումները` Երէկ Եւ Այսօր

Յաջորդը

Սեւեռելով Քաղաքական Յանձառութեամբ Քննադատութիւնը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?