Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմս. Յիշենք Կարիքաւորները

Դեկտեմբեր 22, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամանորեան այս օրերուն որքան դաստիարակիչ եւ գօտեպնդիչ են մեզմէ չքաւորին օգնութեան ձեռք երկարելու օրինակելի արարքները, որոնք կը կազմակերպուին անհատական եւ միութենական մակարդակներու վրայ:

Այս իմաստով կը խորհիմ, որ առիւծի բաժինը կը խլեն ՀՄԸՄ-ի տարբեր մասնաճիւղերու սկաուտական խումբերը եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու տարբեր միաւորներ, որոնք գէթ ամիս մը առաջ ծրագրած ու նախագծած են իրենց կողմէ կատարուելիք օժանդակութիւններուն ծիրն ու տեսակը`  անդամներն ու անդամուհիները գործի լծելով, որպէսզի ամանորեան օրերուն կարելիութիւններուն սահմաններուն մէջ օգնութեան ձեռք երկարեն սահմանափակ եկամուտի տէր ընտանիքներու:

Տնտեսական տագնապը ահաւոր է, ամերիկեան տոլարը կը բախէ յիսուն հազարի դռները, մարդիկ` արհեստաւորներ, պաշտօնեաներ, աշխատաւորներ, անճրկած են, եւ ծախսերը օրէ օր աւելի ու աւելի կը բարձրանան, տարրական եւ կենսական ապրանքները կը սղին, եւ ամէն ոք ձեւով մը կը ջանայ գոյատեւել, յաճախ` պարտքերու տակ թաղուելով: Ամսականները ըսես` ծիծաղելի, իրավիճակը ըսես` անտանելի, երեւոյթները ըսես` իսկապէս զարմանալի, մանաւանդ շաբաթավերջերուն, երբ ճաշարանները, գինետուները, գիշերային զբօսավայրերը բերնէ բերան լեցուն կ՛ըլլան` հակասական պատկերներ գծելով լիբանանեան առօրեային մասին:Ոմանք այս երեւոյթը նկատի առնելով` կը փորձեն համոզիչ պատճառաբանութիւն մը տալ, թէ կացութիւնը այնքան ալ յուսահատական չէ, որովհետեւ գերվաճառատուներն ու ճաշարանները ամէն օր լեցուն են մարդոցմով, որոնք գնումներ կ՛ընեն, կը զբօսնուն, կը ճաշեն եւ կ՛ընթրեն:

Բայց տնտեսական տագնապը, որ հարուածած է լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը, կը յամենայ, եւ ոչ մէկ ձեւով կարելի է զուգահեռներ գծել փոքրամասնութեան եւ մեծամասնութեան միջեւ: Փոքրամասնութիւն մը կայ` ճաշարանէ ճաշարան վազող, իսկ մեծամասնութիւն մը` պարտքերու տակ կքած, տարրական պէտքերէ զուրկ, հիւանդանոցային ծախսերը աստղաբաշխական գումարներ համարող, դեղ ու դարմանի պարագային` անճրկած:

Հետեւաբար կարելի չէ ըսել` «Ճաշարանները բերնէ բերան լեցուն են: Ամէն ինչ լաւ է», որովհետեւ մեծամասնութիւն մը, որուն մէջ կ՛իյնան նաեւ հաստատութիւններու եւ հիմնարկներու մէջ իբրեւ պաշտօնեայ աշխատողներ, գրեթէ զուրկ է ամէն ինչէ, բայց որովհետեւ բարձր արժանապատուութեան տէր է եւ պարտականութեան գիտակցութիւն ունի, կը շարունակէ գործել, աշխատիլ, տքնիլ, զոհաբերել, որպէսզի տուեալ հաստատութիւնը կամ հիմնարկը իր առաքելութիւնը շարունակէ:

Նման կացութեան մէջ գօտեպնդիչ երեւոյթը, ինչպէս նշեցի, պատանիներու եւ պարմանուհիներու, արիներու եւ արենուշներու նախաձեռնութիւններն են, որոնք բոլորիս կը յուշեն, որ կան մարդիկ, որոնք կարիքը ունին օժանդակութեան. ճիշդ է, որ մարդիկ իրենց զաւակներուն համար սենտուիչներ կ՛ապսպրեն եւ զանոնք խաղավայրեր կը տանին, կամ անոնց տարեդարձը ճաշարաններու եւ քաֆէներու մէջ կը տօնեն, սակայն կայ երեխաներու մեծ թիւ մը, որ գիշերը կէս կուշտ կէս անօթի անկողին կը մտնէ` հաւատալով, որ վաղը աւելի լաւ պիտի ըլլայ եւ պիտի կարենայ համով սենտուիչներ ուտել:

Այս երեխաներուն համար են մեր պատանիներուն եւ սկաուտներուն նախաձեռնութիւնները:

Վարձքը կատար բոլորին:

ԱՆՏՈՒՆ ՏՆԵՑԻ

Նախորդը

Անցանկալի Զուգահեռներ

Յաջորդը

Ասենսիօ Կը Փափաքի Մնալ Ռէալ Մատրիտի Հետ

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?