Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Սիրեցեալ Շահանդուխտը

Դեկտեմբեր 23, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Կրնայի՞ Պէյրութ գալ ու չայցելել Շահանդուխտին: — Շահանդո՞ւխտ… չենք լսած այս անունը, չենք ճանչնար այսպիսի դէմք մը,– կրնան ըսել ինծի նորագոյն սերունդի մեր երիտասարդ տղաքն ու աղջիկները:

Այո՛, Շահանդուխտ, «Այգ» ու «Ազդակ» օրաթերթերու երբեմնի սիրուած յօդուածագիրը, աշխուժ ու վարպետ լրագրողուհին, բանաստեղծուհին ու վիպագիրը բեմերու վրայ չէ այլեւս, մամուլի մէջ չենք հանդիպիր իր ստորագրութեան` երկար տարիներէ իվեր, բայց ան… ողջ ու առողջ է, մտքի կատարեալ պայծառութեամբ ու քաղցր յիշատակներու բեռան տակ կքած…

Շահանդուխտ հիմա 93 տարեկան է ու կը վայելէ իր կրտսեր քրոջ հոգածութիւնն ու գուրգուրանքը:

Ես զինք կը նկատեմ Պուրճ Համուտի խորհրդանիշներէն մին: Անիկա վկան ու վկայագրողն է երբեմնի հայահոծ այս քաղաքամասին պատմութեան, ծաղկումի ու տագնապի ժամանակաշրջաններուն, այլեւ` միութենական ու հաւաքական բոլո՜ր այն աշխատանքներուն, որոնք հայաշունչ անկրկնելի օճախի մը վերածեր էին Պուրճ Համուտը:

80-ական թուականներու կէսերուն ձօնագրուած գիրք մը ստացեր էի իրմէ` «Վկաները ոտքի ելան խօսելու»: Պուրճ Համուտի հի՜ն օրերու կեանքէն վերցուած յուզիչ վէպ մըն էր: Յետոյ անոր յաջորդեցին տասնեակներով այլ հատորներ եւս` իմ գրադարանիս մէջ գրաւելու համար պատուոյ տեղ մը:

Սակայն գրական այս վաստակէն անկախ` Շահանդուխտ մի՛շտ ու տեւաբար մնաց լիբանանահայ մամուլի ամէնէն սիրուած ու նուիրեալ աշխատակիցներէն մին:

Երէկ (17 դեկտեմբեր 2022) Շահանդուխտին հետ զրուցեցինք հինէն ու նորէն: Կարօտի հանդիպում մը եղաւ մերը:

Երկարօրէն նայեցայ իր ակնոցին հաստ ապակիներուն ետին թաքնուած աչքերուն… Պատմութեան էջերուն մէջ թաղուած երանելի ժամանակաշրջանէ մը մեր օրերուն հասած վկայ մըն է ան` մեր սիրեցեալ Շահանդուխտը…

Անթիլիաս

Նախորդը

Նշմար. Հասկցողին Շատ Բարեւ…

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2022-ի 12-րդ Թիւը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?