Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոսթընի Silkroad Global Musician Workshop-ին Մասնակցութեանս Մասին

Դեկտեմբեր 21, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

Իբրեւ հայ տուտուկահար` ես եղայ 60 երաժիշտներէն մէկը, որ ընդունուեցայ մէկշաբաթեայ Silkroad Global Musician Workshop-ի ծրագիրին, որ աշխարհահռչակ թաւջութակահար Եօ-Եօ Մայի նախաձեռնութիւնն է :

Օգոստոս 2022-ին 24 տարբեր երկիրներէ 60 երաժիշտներ հասան Պոսթըն եւ միասին ապրեցան, փորձեր ունեցան, խնդացին, լացին, իրարմէ սորվեցան, յանպատրաստից նուագեցին եւ տուին ելոյթներ «Նիու Ինկլընտ» երաժշտանոցի շքեղ ու հիանալի «Ճորտըն հոլ» հանդիսասրահին մէջ:

Ես միակ լիբանանցին եւ միակ հայն էի, որ մաս կը կազմէր այս յիշարժան ծրագիրին: Երբեք նման միջազգային փորձառութիւն չեմ ունեցած` նուագակցելով Մոնկոլիայէն, Չինաստանէն, Ճափոնէն, Քոլոմպիայէն, Սպանիայէն, Հնդկաստանէն, Իրանէն եկած եւ այլ ժողովրդային ու դասական գործիք նուագող երաժիշտներու:

Ծրագիրը բաւական յագեցած էր ու ճոխ` սկսելով առտուան ժամը 8:00-ին եւ հասնելով մինչեւ ուշ գիշեր, որ միշտ յանպատրաստից նուագակցութեամբ կ՛աւարտէր: Առտուն ամէն մէկ երաժիշտ ունէր երկու նուագախմբային փորձ, կէսօրէ ետք` նաեւ երկու այլ փորձեր, իսկ միջանկեալ ունէինք աշխատանոցներ, հանդիպումներ եւ ճաշի պահ:

Իւրաքանչիւր երաժիշտ իր նախընտրութեան հիման վրայ երեք խումբերու մաս կը կազմէր: Կէսօրէ ետք, ընթրիքէն առաջ, ունէինք միայն մէկ ազատ ժամ, իսկ ընթրիքէն ետք ունէինք յատուկ պահեր, ինչպէս` աւանդական պարեր եւ թեմային նուագակցութիւններ:

Այս տարի մասնակցող երաժիշտներուն առիթ տրուեցաւ, որ ազատ ընտրովի ձեւի մէջ իրենց մասնագիտութեամբ բաժնեկցին իրենց բարեկամ երաժիշտներուն հետ: Այս պահերուն նիւթերը բազմազան էին` սկսելով պարսկական դասական երաժշտութենէն եւ սկանտինաւեան ջութակի մեղեդիներէն, հասնելով մինչեւ մոնկոլական աւանդական երաժշտութիւն, սպանական նաւարրէ խոթա երաժշտութիւն, Ղանայի տակարա կիյիլ երաժշտութիւն եւ տակաւին շատ մը երկիրներու երաժշտութիւններ: Ունեցանք նաեւ «Բաց բարձրախօս»-ի ելոյթներ, որոնք ընդգրկեցին էրհու (մոնկոլական նուագարան), հիփ-հոփ, թապլա/հարմոնիում, մանտոլին/փամփ-ջութակ, տուտուկ եւ շատ մը այլ երկիրներէ ելոյթներ:

Չորեքշաբթի գիշեր ուսուցչական կազմը Պոսթընի ժողովուրդին համար հիանալի համերգ մը ներկայացուց` ոգեւորելով եւ խանդավառելով բոլոր ներկաները:

Իսկ հինգշաբթի եւ ուրբաթ գիշերները մասնակցող երաժիշտներս 16 տարբեր խումբերու կազմերով ներկայացուցինք երաժշտական կտորներ, որոնք շատ կարճ ժամանակի ընթացքին պատրաստած էինք: Կտորներուն ժանրերը այլազան էին` ճափոնական, չինական, արաբական, մալիական եւ այլ ժանրեր:

Համերգներուն աւարտին բոլորս միասին երգեցինք ու նուագեցինք լիբանանցի երաժիշտ Պասսամ Սապայի «A Wonderful Land» յօրինումը: Պասսամ Լիբանանի պետական երաժշտանոցի տնօրէնն էր նախքան «Քորոնա»-ի ժահրէն վարակուիլն ու մահանալը:

Իսկապէս այս ծրագիրը իւրայատուկ միջազգային փորձառութիւն մըն էր ինծի համար, մէկշաբաթեայ փորձառութիւն մը, որ մինչեւ կեանքիս վերջը պիտի յիշեմ, մանաւանդ` այն բոլոր այն դասերը, զորս քաղեցի աշխարհահռչակ ուսուցիչ-երաժիշտներու կողմէ:

Շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել նաեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին, որուն նիւթական աջակցութեամբ կարողացայ ճամբորդել եւ մասնակցիլ այս շատ իւրայատուկ կրթական ծրագիրին:

Ես շատ պիտի քաջալերեմ երիտասարդ երաժիշտները, որ հաւատքի քայլ առնեն եւ դիմեն նման հիանալի ու կեանք փոխող միջազգային առիթներու: Ես պատրաստ եմ օգնելու բոլոր անոնց, որոնք ուղղութեան պէտք ունին:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Պայքար` Յանուն Իրաւունքի

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?