Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճորճ Աբէլեան` Խոհուն Մտաւորականի Տիպար Մը*

Դեկտեմբեր 20, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Յարգանքի եւ յուշ երեկոները, յոբելենական ձեռնարկները մեր հաւաքական կեանքին մէջ յատուկ դրոշմ եւ նշանակութիւն ունին: Անոնք սոսկական մեծարանքի կամ գնահատանքի համար կատարուած հանդիսութիւններ չեն, այլ իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն մեզի կը ներկայանայ` նոր պատգամներով եւ կ՛իմաստաւորուի իր թելադրականութեամբ ու խորհրդածութիւններով, մտածողութեան նոր ակօս մը բանալով մեր կեանքին մէջ, միաժամանակ զսպանակելով մեր վաղուան գործն ու հաւաքական երթը:

Հաւաքուած ենք այսօր անգամ մը եւս ապրելու Ճորճ Աբէլեանի մտերմութեան հետ: 11 տարիներ անցած են անոր մեկնումէն, սակայն իր տիպարային ու ոգեղէն ներկայութիւնը տիրական է մեր առօրեային մէջ: Հարուստ արժանիքներով օժտուած անհատ մը, որ սակայն այդ արժանիքները կենսաւորեց ու արժեւորեց առաջին հերթին իր մարդկային առաքինի ու վսեմ յատկանիշներով: Վստահաբար զինք ճանչցողները բոլորն ալ պիտի վկայեն ու կիսեն ինծի հետ այն տպաւորութիւնը ու նաե՛ւ ճշմարտութիւնը, որ Ճորճ Աբէլեանի մասին երբ մտածենք, իր հեզ ու համեստ նկարագիրը, շրջապատին մէջ իր համակած թեթեւ ու ազնիւ հոգին եւ մանաւանդ ուրախ ու տխուր առիթներու իր դէմքին վրայ ուրուագծուած մեղմ ժպիտը իւրայատուկ էին: Իրաւամբ ժողովրդային ասացուածքով «լաւ մարդ էր ան» արժեւորումը իր էութեամբ ու խորքայնութեամբ կը զգենու հարազատ իմաստ  ընկեր Ճորճի պարագային: Քեսապէն կանուխ, տակաւին պատանի տարիքին փոխադրուած Այնճար` ընկեր Ճորճի համար Այնճարը շատ արագ դարձաւ հարազատ միջավայր, եւ կարծէք Այնճար ու Քեսապ հայաւաններու միջեւ առկայ նմանութիւնները եւ հասարակաց իւրայատկութիւնները իր ճամբով նաեւ աւելի արմատաւորուեցան ու իմաստաւորուեցան եւ բոլորին համար տեսանելի դարձան:

Ընկեր Ճորճ իր ապրած կեանքով ստեղծեց գիւղացի խոհուն մտաւորական տիպարի մը հասկացողութիւնը մեր կեանքին մէջ: Մնաց միշտ նորարար, միշտ խորհրդածող, միշտ անկեղծ ու անկաշկանդ արտայայտուող եւ մանաւանդ մի՛շտ պատասխանատու եւ լրջախոհ մօտեցում ցուցաբերող յարգելի ու սիրելի անձնաւորութիւն:

Մտաւորականը, կրթական մշակը, հանրային ու հասարակական գործիչը ու նաեւ իր համայնքի ու եկեղեցւոյ հանդէպ տածած ակնածանքն ու բերած ներդրումը ընկեր Ճորճը դարձուցին միշտ փնտռուած անհատ մը: Իր կարիքը զգացուեցաւ գիւղի գործունէութեան ու կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ, եւ անշուշտ այդ կարիքը կը զգացուի մինչեւ այսօր:

Բախտաւորութիւնը ունեցած եմ ընկեր Ճորճի աշակերտ ըլլալու եւ իր սէրն ու գուրգուրանքը իբրեւ այդպիսին վայելելու, եւ այսօրուան նման կը յիշեմ, երբ 7-րդ դասարանի աշակերտ էինք, ես ու դասընկերներս մեծ հետաքրքրութեամբ կը սպասէինք կենսաբանութեան դասի մը բացատրութեան եւ մի՛շտ այդ դասի էջը դասապահերու ընթացքին բոլորս կը թերթատէինք, եւ ինք իր իւրայատուկ ժպիտով կը մօտենար մեր պատանեկան խանդավառութեան ու հետաքրքրութեան: Օր մըն ալ, դասապահի ընթացքին անակնկալօրէն քանի մը դասանիւթերու վրայէն ցատկելով,  անմիջապէս սկսաւ բացատրել այդ դասը` եւ մենք անյագ խանդավառութեամբ ու անմեղ պատանեկան ուրախութեամբ լսեցինք իր ներկայացման համով ոճով եւ ամենայն պարզութեամբ ծննդաբերութեան ու մարդ էակի կազմաւորման ընդհանուր հոլովոյթը: Իբրեւ ուսուցիչ` իր յանդիմանութիւններն ու սաստումներն անգամ կը կատարէր հաճելի ոճով, միաժամանակ, դասանիւթէն անկախ,  միշտ ալ կը փորձէր համամարդկային ու ազգային արժէքներու մասին ունենալ անդրադարձ եւ հետեւիլ մեր առողջ կազմաւորման:

Պարոն Ճորճի կրթական ասպարէզին մաս կը կազմէր նաեւ թեքնիք ուսման հետ առնչուած իր անհատական նախաձեռնութիւնները, որոնք այդ օրերուն, իբրեւ նորարարութիւն, մասնագիտական նոր կարելիութեան դիմաց կը դնէին աշակերտները կամ կանուխէն վարժարան լքած պատանի` պարմանուհիներն ու երիտասարդները:

Ճորճ Աբէլեան գրչանունով` Ձիւնական, յանձնառու հրապարակագիր էր: «Ազդակ»-ի մէջ իր ստորագրած յօդուածները, քրոնիկները, ձեռնարկներու մասին կատարած արժեւորումները մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդացուէին, եւ ան մի՛շտ ալ մեր հաւաքական կեանքին ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ տագնապներուն մասին ըսելիք ունեցող մտաւորական էր:

Ան ունէր նաեւ գրական ինքնուրոյն ոճ, եւ իր ստեղծագործական երթին մէջ պարզութիւնը, մարդկային ազնիւ գաղափարներու հաւատարիմ մնալը, ժողովուրդին սրտամօտ ըլլալու հանգամանքը եւ, վերջապէս, իր պատգամները հասցնելու հաճելի ոճը զինք դարձուցած էին ժողովորդային ու ժողովրդանուէր մտաւորական:

Ընկեր Ճորճի հետաքրքրութիւններուն հորիզոնը շատ լայն էր, անյագ ընթերցող էր եւ իր բոլոր ընթերցումները խորքային կերպով արժեւորող: Տափակ ու անհրապոյր ստեղծագործութիւններու, գրական փորձերու մասին երբ արտայայտուէր, նոյն ժպիտով եւ քաղցր խօսքով իր ըսելիքը եւ դիտողութիւնը անպայման կը փոխանցէր:

Մանկական գրականութիւնը, տպաւորապաշտ էջերը, բանաստեղծութիւնները, պատմուածքները, վէպերն ու վիպակները, յուշագրութիւնները հարստացուցած են մեր ժամանակակից գրականութեան անդաստանը: Բայց կա՛յ հիմնականը` Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրող, օտարացած, ապա իրենց ինքնութիւնը վերագտած իսլամացածներու մասին պատմութիւնները եւ վկայութիւնները հաւաքելու իր նպատակասլաց ու հետեւողական աշխատանքը: Այս հատորները լոյս տեսան նաեւ արաբերէն, անգլերէն եւ սպաներէն լեզուներով, ու տակաւին ան հետամուտ էր զանոնք թարգմանելու այլ լեզուներու: Այս վաստակին հանրագումարը նկատի ունենալով` կարելի է անվարան հաստատել, որ Ճորճ Աբէլեան արտադրող ու աշխատասէր մտաւորական էր եւ, աւելի՛ն, իր վերապրողներու վկայութիւններու շարքը Հայ դատի ի նպաստ վաւերական ու տիտանային աշխատանք մըն է ու այսօր դարձած է արդէն սկզբնաղբիւր:

Իր մահէն քանի մը ամիսներ առաջ, 2011 թուականին, Համազգայինի գրախանութին մէջ այդ տարի կազմակերպեցինք լիբանանահայ գրողներու նոր հեղինակած գործերու մակագրութեան ծրագիր մը: Երկու շաբաթներու վրայ լիբանանահայ մտաւորականներ հերթաբար ներկայ գտնուեցան Համազգայինի գրախանութ եւ այցելուներուն համար մակագրեցին իրենց հատորներէն: Ընկեր Ճորճ մեծապէս գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ անոր համար մի՛շտ ալ, գիրքի հրատարակութեան կողքին, գրատարածումը համահաւասար կարեւորութիւն կը ներկայացնէր:

Այդ առիթով «Ազդակ»-ի թղթակիցին հարցումներուն պատասխանելով` Ճորճ Աբէլեան կը յայտնէր. «Եթէ պիտի առնենք ընթերցանութեան գիրքի սպառումի եւ այլնի մարզը, մարդիկ իրաւունք ունին գանգատելու, վերջ ի վերջոյ գրողը գիրք կը գրէ, կը գրէ կարդացուելու համար, ան երբեք պիտի չուզէր,  որ ատիկա պահեստանոցի մը անկիւնը դրուէր եւ հոն մնար, մինչեւ որ ջուրը, խոնաւութիւնը, միջատները փճացնէին գիրքը: Գրողը կը գրէ, որպէսզի կարդացուի, երբ ան ըսելիք ունի, այլ ելք չկայ, պիտի գրէ: Ժամանակին նախակրթարանի ու միջնակարգի տղաքը սքանչելի կերպով կը կարդային եւ հաճոյք կ՛առնէին, այսօր երկրորդական աւարտողը չի կրնար կարդալ: Ժամանակն ու պայմանները, զբաղումներու բազմազանութիւնը այդպիսի կացութիւն ստեղծած են»: Այս տագնապով ստեղծագործեց, չհամակերպեցաւ կացութեան,  ու իր գիրքեը տպուեցան պատկառելի տպաքանակներով, ոմանք վերահրատարակուեցան, ու ան այդ ընկալումին մէջ գտաւ իր մեծագոյն գոհունակութիւնը: Նոյն այդ օրերուն Հայաստանի մէջ 15-16 օտար դպրոց բանալու արտօնութիւն տրուած էր կառավարութեան կողմէ: Յանձնառու մարդու ամենայն ողջամտութեամբ, իր ընդվզումը կը յայտնէր այս երեւոյթին դէմ, ու կ՛ըսէր. «Մարդիկ անգիտութեամբ, չարամտութեամբ կամ պարզապէս իրենք զիրենք զարգացած ցոյց տալու համար կը պայքարին ազգային գիտակցութեան դէմ: Այս կը նշանակէ, որ մեր պետութիւնը պէտք եղած նախանձախնդրութիւնը չցուցաբերեց մեր լեզուին ու ազգային գիտակցութեան նկատմամբ»: Ու կը շարունակէ. «Նոյն մարտահրաւէրին դիմաց կը գտնուինք այսօր սփիւռքի մէջ, ժամանակը մեզի դէմ է, եթէ մենք զմեզ պիտի պահենք, եւ արժէ, որ պահենք, անհրաժեշտ է գրականութիւնը»:

Հաւատացողն էր նորարարութեան, արդի արհեստագիտութեան, բայց կենսական կը նկատէր այդ բոլորը ծառայեցնել մեր հոգեմտաւոր արժէքներու ժողովրդայնացման, գիրի ու գրականութեան եւ ընթերցանութեան տարածումով:

Մեծ եւ անուրանալի է ընկեր Ճորճին վաստակը Այնճար հայաւանի կուսակցական կառոյցին մէջ: Իրերայաջորդ կոմիտէներու քարտուղարը, հերթապահներու աշխատանքներու մնայուն յուշարարը, ժողովները համով-հոտով հարստացնելու ու դաշնակցական որոշումները յատուկ ոճով բիւրեղացնելու մասնագէտ ժողովականը կը վայելէր յարգանքը բոլորին: Այս բարեմասնութիւնները կը ներդրէր նաեւ կուսակցական բարձրագոյն ժողովներու մէջ` իր դիտարկումները, քննադատութիւնները եւ արժեւորումները կատարելով այնպիսի ոճով, հմտութեամբ ու քաղցրաբոյր ժպիտով, որոնք կարելի կը դարձնէին իր պատգամներն ու տեսակէտները խորացնելու ժողովականներուն մօտ, հարստացնելով տուեալ ժողովներու որդեգրած բանաձեւերը:

Ճորճ Աբէլեան կը պատկանի այն փաղանգին, որ այս գիւղի ղեկավարութիւնը ստանձնեց հայութեան ապրած բախտորոշ ու ճակատագրական փուլին, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, միջհամայնքային բախումները մեծ վտանգ կը սպառնային Այնճար հայաւանին, երբ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքները եւ այդ ծիրին մէջ ծաւալած զինեալ պայքարի ընդհանուր մթնոլորտին մէջ ու այդ պայքարին դիմաց շղթայազերծուած թրքական հակահայ արշաւը, հայանուն վարձկաններու ու դաւադիրներու ձեռքով դաշնակցական ղեկավարութիւնը ահաբեկելու եւ առեւանգելու թրքաբարոյ մոլուցքը թիրախաւորած էր նաեւ Դաշնակցութեան այս եզակի հնոցը: Իր սառնասրտութեամբ, քաջութեամբ կը դիմաւորէր հայութեան ու Դաշնակցութեան հանդէպ լարուած բոլոր թակարդները, դաւերը եւ մարտահրաւէրին դիմաց կը կանգնէր ամուր եւ անխորտակ:

Այո՛, ընկեր Ճորճ նահատակ Զաւէն Թաշճեանի, Խաչիկ Պաքքալեանի, Գեղամ Հաւաթեանի ու այլ նուիրեալներու հետ կարգապահութեամբ, պայծառատեսութեամբ, բծախնդրութեամբ եւ ամբողջական յանձնառութեամբ տէր կանգնեցաւ այդ ժամանակահատուածին իր պարտականութեանց: Այդ սերունդի շունչին տակ տոգորուած ու դաշնակցականի իրենց մկրտութիւնը ստացած երիտասարդութիւնը պայքարի նոյն պատրաստակամութեամբ ու անընկճելի նոյն նկարագրով շարունակեց անառիկ պահել հայութեան ու Դաշնակցութեան այս եզակի միջնաբերդ-ամրոցը, որպէսզի յարատեւէ կռիւը, եւ իրականութիւն դառնայ հայութեան մեծ տեսլականը:

Սիրելի՛ ներկաներ, այս հողին տակ միայն նուիրեալներ եւ հերոսներ չեն հանգչած, այլ կան հոն թաքնուած խորհուրդ եւ պատմութիւն, որոնք ժառանգութիւնն են ու հարստութիւնը` այնճարահայութեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ու ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին:

Յիշատակի այս հանդիսութեան պիտի չուզէի որեւէ ձեւով շեղիլ ընդհանուր խորագիրէն, բայց երբ տագնապող, աշխատող ու պայքարող անհատի մը յարգանքին համար է, որ այսօր հաւաքուած ենք, վստահաբար այսօր ան, ի տես յամեցող անախորժ ու անընդունելի եւ մեր հաւաքական կեանքը խոցող կարգ մը երեւոյթներուն, թերեւս այս անգամ նոյնիսկ առանց ժպիտի եւ աղաղակող ձայնով նաեւ բարձրաձայնէր, զգուշացնէր բոլորը, որ այս հողը սրբապղծելու իրաւունք չունի ոեւէ անհատ. այս հողը հայաշխարհի հարստութիւնն է ու թշնամիի աչքին փուշը: Այս հողին նկատմամբ ցուցաբերուած ազգադաւ, անամօթ ու վաշխառու ամէն տեսակի մօտեցում համազօր է դաւաճանական յանցանքի: Ոչ ոքի իրաւունք տրուած է վաճառքի կամ աճուրդի դնելու այնճարահայութեան կալուածները, ժառանգութիւնն ու մանաւա՛նդ արժանապատուութիւնը:

Պարտաւոր ենք բոլոր միջոցներով եւ հնարաւորութիւններով պահել եւ պահպանել հայաւանի հայեցի դիմագիծը, որպէսզի խաղաղ պահենք այդ հողին տակ առաջին հերթին իրենց յաւիտենական հանգիստը գտած նահատակները, նուիրեալները, մեր պապերն ու հարազատները:

Ճորճ Աբէլեանի յիշատակը պիտի մնայ անմար, որովհետեւ իր վաստակը պիտի շարունակէ մնալ այժմէական, ու իր հրատարակութիւնները պիտի կարդացուին այսօր եւ վաղը, պիտի հրատարակուին նաեւ անտիպները, ու անոր համակող ժպիտը պիտի շարունակէ սաւառնիլ այս գիւղին վրայ:

Ան տակաւին գործեր ունէր ամբողջացնելիք, բայց անողոք ճակատագիրը թոյլ չտուաւ եւ կասեցուց իր աշխատանքի ընթացքը: Անձամբ կրնամ վկայել, որ ընկեր Ճորճ իր այս աշխատանքին մէջ մասնակից դարձուցած էր իր ամբողջ ընտանիքը եւ ընտանեկան տիրական մթնոլորտի վերածած էր, յատկապէս` վերապրողներու վկայութիւններու հաւաքագրման աշխատանքը, եւ իր մահէն ետք ահաւասիկ իր զաւակները ջանասիրութեամբ ու յանձնառութեամբ կը շարունակեն տէր կանգնիլ իրենց հօր ձգած հոգեմտաւոր ժառանգութեան ու իր գործերը ներկայութիւն դարձնել մեր առօրեային մէջ: Եւ ինչպէս ինք իր հատորին մէջ նշած է. «Աղջկանս` Սեւանին, կը պարտիմ շատ բան, անոր համար, որ ոչ միայն զանազան ձեւերով օգնեց ինծի, այլ նաեւ` եթէ չըլլային իր հետապնդումները, հաւանաբար աւարտին չհասնէր «Ցկեանս նահատակութիւն» հատորը»: Կը հաւատանք ու կը վստահեցնենք բոլորին, որ պիտի գայ ժամանակ, երբ ընկեր Ճորճին աշխատանքները, յատկապէս` վերապրողներու պատմութիւնները, ստանան ձայն ու շարժում, դառնան պատգամ` վերածուելով շարժապատկերի, որուն առաջին նախափորձ մը` իբրեւ վաւերագրական արտայայտութիւն,  կատարուեցաւ օրին արդէն:

Ընկեր Ճորճին ներդրումը մեծ է նաեւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Լիբանանի կառոյցին մէջ, եւ այսօր Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին կազմակերպած այս յիշատակի հանդիսութեան Համազգայինի Լիբանանի ամբողջ ընտանիքը կու գայ խոնարհելու հայ գիրի, գրականութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի մեծ սպասաւորի վաստակին դիմաց:

Իր «Ցկեանս նահատակութիւն» հատորին, որ լոյս տեսած է 2005-ին, նախաբանի վերջաւորութեան ընկեր Ճորճ կ՛անդրադառնայ. «Հոս թող ներեն ընթերցողներս, եթէ յայտնեմ, որ Այնճար հաստատուելուս 50-ամեակը կը զուգադիպի այս` 2005 տարուան: Մինչ կեանքի պարտադրանքներու պատճառով աւանի հարազատ զաւակներէն շատեր հեռացան այս բացառիկ հայկական բոյնէն, ինծի` «քեսապցի-եապանճիիս» վիճակուեցաւ հոս մնալ, հոս հիմնել ընտանեկան բոյնս: Փաստօրէն գրեթէ իմ գիտակցական լրիւ կեանքս հոս անցուցի, եւ հիմա, երբ Մուսա լերան հայրենակցական միութիւնը (Քալիֆորնիա) յանձն  կ՛առնէ գիրքիս գրականութեան իշխանական քայլը, այդ մէկը կը համարեմ նաե՛ւ անձիս հանդէպ կատարուած մեծ գնահատանք: Բառերով չեմ կրնար երախտագիտութիւն յայտնել: Միայն կ՛ըսեմ` իրենց վարձքը կատար… մեծապէս երախտապարտ եմ:

Այս երեկոյ անգամ մը եւս Այնճարի ժողովուրդը կու գայ իր կարգին իր երախտագիտական զգացումները յայտնելու լիիրաւ այնճարցի հայրենակիցին, որ սիրեց Այնճարը, ապրեցաւ Այնճարով ու ապրեցուց նաեւ Այնճարի ոգին հայաշխարհին մէջ:

Յարգա՛նք իր վաստակին:

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

 

* Խօսք` արտասանուած Ճորճ Աբէլեանի նուիրուած երեկոյին, Այնճարի մէջ, 3 դեկտեմբեր 2022-ին:

Նախորդը

Լեւոն Շառոյեան Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

Գրագէտ Եւ Ազգային Գործիչ Ճորճ Աբէլեանին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?