Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անցանկալի Զուգահեռներ

Դեկտեմբեր 22, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Այստեղ բաղդատելու եզրեր չեմ ուզեր դնել, ոչ ալ յաւակնութիւնը ունիմ պարագաները յար ու նման սեպելու, այլ կ՛ուզեմ պատմել, թէ ի՛նչ է շրջափակումը իմ փորձառութեան ընդմէջէն:

Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն եւ Հալէպի ամբողջ պատերազմի ընթացքին կ՛ապրէինք Հալէպ քաղաք: Մինչ շատեր քիչ-քիչ կը հեռանային երկրէն, ընտանիքիս անդամները, մէկը կապուած միւսին, խաչմերուկներու վրայ հանդիպելով, կ՛որոշէին մնալ Հալէպ` երբեմն հասկնալի եւ երբեմն ալ ոչ համոզիչ այլեւայլ պատճառներով:

Հալէպի պատերազմը փուլային էր, եւ իւրաքանչիւր փուլ ունէր իր իւրայատկութիւնը, առիթները եւ դժուարութիւնները: Սկիզբը հոս ու հոն պայթումներ էին, յարաբերաբար աւելի մեծ ու ցնցող պայթումներ. նախ` որովհետեւ առաջինն էին եւ երկրորդ` ռումբերով լեցուած ինքնաշարժներով կ՛ըլլային անոնք, սակայն քիչ-քիչ սկսաւ բնոյթը փոխուիլ, որովհետեւ ահաբեկչական խմբաւորումները արեւելքէն ու հիւսիսէն կու գային շրջափակելու քաղաքը, սեղմելու օղակը` յաւելեալ ճնշում բանեցնելու համար: Իրավիճակը հասաւ առճակատման փուլին:

Եւ այսպէս, 2013 թուականին, պատերազմի ամենաթէժ օրերուն, երբ Հալէպն էր իր արուարձաններով երկրին մէջ ամենաշատ տագնապողը, հասաւ այն օրը, որ քաղաքը ամբողջովին շրջափակուեցաւ` մասնաւորաբար հիւսիսէն ու արեւելքէն, եւ այդ տեւեց շուրջ 45 օր:

Քաղաք սնունդ ու մթերք մտնելը արգիլուած էր. Այսպիսով էր, որ ճնշում կը բանեցուէր պետութեան ու զօրքին վրայ: Դեղորայքի տագնապ մը կը զարգանար քաղաքին մէջ:

Ժողովուրդը չգիտնալով, թէ որքան կրնար տեւել շրջափակումը, մէկի փոխարէն երկու ու երեք տուփով կ՛ապահովէր իր դեղերը` ամիսներ կանխաւ: Իսկ կեդրոնը, քաղաքին մէջ, հացին կապոցը երեւակայական գիներու կը հասնէր եւ կ՛անհետանար շուկաներէն: Նպարավաճառներու դարանները կը պարպուէին սննդեղէնէ եւ ամէն տեսակի ուտեստեղէնէ: Ժողովուրդը կ՛ամբարէր` ինչ որ ձեռքը կ՛անցնէր, յատկապէս` ընդեղէնը, որովհետեւ կրնար ճաշ մը ըլլալ առանձին: Դրացիներ իրենց հարեւաններու եւ անձինք իրենց հարազատներու բաժին հաց ու սննդեղէն կը հանէին: Իսկ շուկայի ապրանքը հետզհետէ կը սպառէր: Ի՞նչ պտուղ. կանաչեղէն ու բանջարեղէն իսկ չկար: Ժողովուրդը կը սկսէր ալիւր հաւաքել շուկայէն եւ իր ձեւերով հացեր թխել տուներէն ներս` մէկը փուռին մէջ, իսկ միւսը` փայտէ իր կրակարանին, ուրիշներ ալ իրենց հացը բարեկամներէ կը ստանային տարբեր նահանգներէ` օրեր ետք, այս կամ այն ձեւով, եւ երբ հասնէր, բորբոսած բաժինները կտրելով, կ՛ուտէին տակաւին ուտելի բաժինները:

Մէկ ճամբայ կար, որուն «Մաապար» (արաբերէնով`միջանցք) անունը կը տրուէր: Այդ անցքէն կարելի էր սննդեղէն բերել եւ քաղաք մտցնել: Անցքին միւս կողմը զինեալներու տիրապետութեան տակ էր եւ անցքը մօտ 800 մեթրանոց բաց տափաստան մըն էր` հսկուած դիպուկահարներով: Եղան մարդիկ, որոնք առիթէն օգտուելով` գործի առիթ ստեղծեցին այս մէկէն, եւ սննդեղէնները մէկ կողմէն միւս կողմը բերելով` սկսան սուղ եւ չլսուած գիներով ծախել քաղաքին մէջ, որովհետեւ այդ գործը կ՛ընէին իրենց կեանքին գնով: Պէտք էր վազէին ամբողջ այդ 800 մեթր տարածքը երթուդարձ, որպէսզի թիրախ չդառնային դիպուկահարներու, քանզի հարիւրաւորներ դարձան թիրախ եւ ինկան այդ ճամբուն վրայ: Բայց ամէն մարդ չէր կրնար գնել իր պէտք ունեցածը այդպիսի գիներով…

Այդ ճամբայէն կ՛անցնէր աշակերտը իր դպրոցը երթալու, բանուորը` իր գործին, ուսանողը` իր համալսարանը, եւ յոգնածը` իր տունը, եւ անոնք բոլորը` մի՛շտ դիպուկահարի բլթակին սպառնալիքին տակ:

Քաղաքին մէջ, ինչպէս որ յիշեցի, պատերազմի իւրաքանչիւր շրջանին տեսակ մը առիթ կը ստեղծուէր, եւ տեսակ մը գործի «շուկայ» կը յայտնուէր: Ապակիի շուկայ` երբ ահռելի պայթումներ տեղի կ՛ունենային եւ տունի ու խանութի ապակիներ ջարդուփշուր կ՛ըլլային, կրկնափեղկի շուկայ` երբ նեղ թաղերու մէջ պայթումներու զօրաւոր ճնշումէն խանութներու դռներ կը բացուէին գողերու դիմաց, որոնք քիչ չէին այդ օրերուն: Իսկ հիմա, որ քաղաքը շրջափակուած է, եւ ամէն դարան ու սառնարան պարապ է, սննդեղէնի շուկայ մը յայտնուեցաւ:

Կանուխ առաւօտեան սուզուքիներու հաւաքատեղին լեցուած կ՛ըլլար բազմութեամբ, եւ ամբողջ ամբոխը տասնեակներով կը լեցուէր այդ սուզուքիներուն մէջ` երթալու իրենց «Անկարելի առաքելութեան», անցնելու միջանցքին միւս կողմը, ապրանքներ գնելու, գալու եւ քաղաքին ընչազուրկ կողմը ծախելու:

Շաբաթներ այս իրավիճակը ապրելէ ետք, օր մըն ալ քաղաքին մէջտեղը` բեռնատար մը կը հասնի, լուրը արդէն տարածուած էր ժամեր առաջ ու ժողովուրդը անհամբեր կը սպասէր այդ բեռնատարը, որ շուտով պիտի գար: Եւ երբ հասաւ, բոլորը հաւաքուեցան բեռնատարին շուրջբոլորը ու գոռում-գոչումով սկսան իրենց բաժինը ուզել` զիրար հրմշտկելով ու հայհոյելով:

Եւ ի՞նչ կար բեռնատարին մէջ:

Լոլի՛կ:

Այո՛, լոլիկով բեռցուած էր քամիոնը:

Լոլիկի համար կը կռուէին մարդիկ:

Լոլիկը, որուն քաղաքիդ մէջ ամէն քայլափոխի կրնաս հանդիպիլ, շրջափակումի մէջ այնքա՜ն յարգի կը դառնայ…

Որքան տեւէր այդ շրջափակումը, այնքան մարդկային գոյատեւման բնազդը կը սաստկանար եւ կը շեշտուէր: Քաղաքը կը դառնար անտառ, ու մարդիկ կը դառնային գազան. դժուար էր զանազանել մեղաւորը անմեղէն: Եւ ի՞նչ էր մեղքը ընդհանրապէս այդ պահուն` ենթակայական, պարագայական եւ քանի մը տեսակ կախումներով ծանրաբեռնուած:

Շաբաթներ այս իրավիճակը տիրելէ ետք, սակայն, քիչ-քիչ սկսաւ շրջափակումը մեղմանալ, եւ քաղաքը կրցաւ կրկին շունչ քաշել: Հացի կապոցը այլեւս դիւրութեամբ ճաշի սեղանին կը դրուէր, բանջարեղէնը շատ աւելի հասանելի էր, ուսանողը այլեւս կեանքի գնով չէր, որ համալսարան կ՛երթար:

Շրջափակումը եղաւ, տեւեց, անցաւ, բայց թէ ի՛նչ էր` միայն օղակէն ներս գտնուող ժողովուրդը գիտցաւ…

Օրերուս Արցախը շրջափակումի մէջ է, եւ չենք ուզեր, որ Արցախի մեր ժողովուրդը այս մէկը ապրի եւ այդ օրերուն հասնի: Բա՛ւ է ժողովուրդին զրկանք, դասն առած է ան շատոնց, եւ անոր գինը վճարած են սերունդներ: Մեծ հայրը կռուեցաւ, հայրը մարտնչեցաւ, որդին կամաւոր գրուեցաւ, թոռը թող ապրի: Ա՛լ կեանքը թող ապրի…

Աւելի քան շաբաթ մըն է, որ հարիւր հազարաւոր մարդիկ զրկուած են իրենց սիրելիներէն ու տարրական պէտքերէն եւ…

Միջազգային խիղճը տակաւին վարձու տրուած է քարիւղի հանքերուն:

#SaveArtsakh

#StopAzeriAggression

 

 

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Տոմս. Յիշենք Կարիքաւորները

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?