Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փանթուրքիզմի Կայսրութեան Յարձակողապաշտ Ձգտումները` Երէկ Եւ Այսօր

Դեկտեմբեր 19, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՈՒՍԻՆ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ*

Յօդուածին անգլերէն բնօրինակը հրատարակուած է WND.com–ի մէջ, հայերէնի թարգմանութիւնը կը հրատարակենք կայքի խմբագրութեան թոյլտուութեամբ:
Անգլերէնէ թարգմանեց` ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ

Յղումը` ստորեւ.

Հեղինակը` Լուսին Գասպարեան, կ՛ահազանգէ. 

«Հայոց ցեղասպանութեան կրկնութեան սպառնալիքը ամէնօրեայ իրականութիւն է»:

Անգարայէն ղեկավարուող փանթրքական կայսրութեան ստեղծման Թուրքիոյ կայսերական նկրտումները իրենց արտայայտութիւնը կը գտնեն նաեւ ներկայ Կովկասի մէջ եւ այլուր:

Ցեղապաշտութեան ջատագով այս գաղափարախօսութիւնը կը նախատեսէ հիմնել կայսրութիւն մը, որ կը ներառէ թրքախօս իւրաքանչիւր երկիր կամ տարածաշրջան, անկախ անկէ, թէ տուեալ երկրի լեզուն որքանո՞վ հեռու է Թուրքիոյ մէջ խօսուող լեզուէն, կամ թէ այդ շրջաններու ժողովուրդը որքանո՞վ համաձայն է նման կայսրութեան մը ստեղծումին: Այս սկզբունքը  եղած է եւ կը մնայ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական տարրը:

Այս ծրագիրի իրականացման ճամբուն կանգնած քրիստոնեայ Հայաստանը քաղաքականութեան բնօրրան կը համարուի: Աստուածաշնչեան աւանդոյթին համաձայն, Նոյեան տապանը հանգչած է Հայաստանի պատմական խորհրդանիշին` Արարատ լերան գագաթին: Հայոց լեզուն կը նկատուի հնդեւրոպական մայր լեզուներէն մէկը (չըսելու համար` հիմնականը): Հայաստանի ժողովուրդը ոչ թրքական ցեղ է:

Փանթրքութիւնը` երէկ

Փանթրքութիւնը հիմնական դրդապատճառն էր օսմանեան Թուրքիոյ` 1914-ին դաշնակիցներուն դէմ Ա. Համաշխարհային պատերազմին մէջ ներքաշուելու:

Օսմանեան Թուրքիան ոչ միայն կը ձգտէր ընդարձակել արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող միջինարեւելեան իր կայսրութիւնը, այլ նաեւ կը ջանար տարածուիլ դէպի արեւելք եւ իր սահմաններուն մէջ ներառել այս յօդուածին կից հեղինակային ծաղրանկարին մէջ պատկերուած բոլոր տարածաշրջանները (որոնցմէ շատերը այդ օրերուն նոյնիսկ երկիրներ չէին): Փանթրքութեան առանձնայատկութիւնը պիտի համարուէր այլազան երկիրներու, յատկապէս`  թրքալեզուներու, աշխուժ ներգրաւումը Թուրքիոյ գաղափարական, մշակութային, ռազմական, դիւանագիտական եւ տնտեսական ազդեցութեան ոլորտ:

Օսմանեան Թուրքիան փանթրքական իր նպատակին հասնելու համար կը նպատակադրէր արմատախիլ ընել այսօրուան Թուրքիա կոչուող տարածքին մէջ ապրող բնիկ քրիստոնեայ ազգերը, այսինքն` հայերը, ասորիներն ու յոյները: Վերջինները այդ հողերուն վրայ բնակած էին եւ պետութիւններ ստեղծած` հազարաւոր տարիներ առաջ, նախքան թրքական եկուոր ցեղերուն Կեդրոնական Ասիայէն եւ Մոնկոլիայէն ժամանումը եւ Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումը` 1453-ին:

Փանթրքութիւնը Թուրքիոյ հիմնական մղիչ ազդակն էր 1915-1923 թուականներուն հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնը գործելու համար: Թուրքիան կը ձգտէր միատարր դարձնել ու թրքացնել իր կայսրութիւնը: Այս նպատակին հասնելու համար միլիոնաւոր բնիկ քրիստոնեաներ խոշտանգումներու ենթարկուեցան, մորթուեցան, առեւանգուեցան, հարճերու վերածուեցան եւ բռնի մահմետականացուեցան: Ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ թուրք բռնապետ Քեմալ Աթաթուրքի օրօք, Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք: Ան հրամայեց իր զօրավարներուն` «Հայաստանը քանդել քաղաքականապէս եւ ֆիզիքապէս»:

Թուրքիոյ եւ անոր գործընկեր Ազրպէյճանի ցեղասպանական նպատակները գաղտնիք չեն: Այդ տրամադրութիւնները այսօր իրենց արձագանգը կը գտնեն թուրք բռնակալ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ ազերի միապետ Իլհամ Ալիեւի մօտ. անոնք կը ջանան վերացնել թրքական այս երկու պետութիւններուն միջեւ որպէս պատնէշ կանգնած Հայաստանը: Այսօր քրիստոնեայ Հայաստանը (որուն բնակչութիւնը 3 միլիոնէն նուազ է) կը հանդիսանայ Թուրքիոյ (86 միլիոն բնակչութիւն ունեցող) եւ թրքալեզու Ազրպէյճանի (10 միլիոն բնակչութիւն ունեցող) յարձակողապաշտութեան թիրախը, այնպէս, ինչպէս էր Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին:

Փանթրքութեան ներկայ դրսեւորումները

Լիպիացի լրագրող Ալաէտտին Սալեհ խօսելով փանթրքական սպառնալիքին մասին` կը գրէ.  «Անգարա կը ձգտի շահագործել Պաքուի հետ դաշինքը տարածաշրջանին մէջ իր դիրքը ամրապնդելու համար` փորձելով վերականգնել Օսմանեան կայսրութիւնը եւ Կեդրոնական Ասիոյ թրքական պետութիւնները համարկել գումակային  (լոճիստիք) հարթ տարածութեան մը մէջ` զինուած  միացեալ ուժերու տեղաւորումով»:

Փանթրքութեան ազդեցութիւնը, սակայն, չի սահմանափակուիր Կեդրոնական Ասիայով եւ Հայաստանով. այս իմաստով ակադեմիկոս Տիմիթրիոս Արիստոպուլոս կը գրէ. «Թուրքիոյ ներթափանցումը Լիպիա, ինչպէս նաեւ` Սուրիա, անոր յաւակնութիւնները արեւելեան Միջերկրականի մէջ Յունաստանի եւ Կիպրոսի տնտեսական գօտիներու նկատմամբ նոյնպէս մաս կը կազմեն փանթուրքիզմի քաղաքական օրակարգին»:

Հողերու բռնագրաւումը` փանթրքութեան յատկանիշ

Թուրքիան ուղղակի ելք չունի դէպի Ազրպէյճան, Կասպից ծով եւ Կեդրոնական Ասիա: Հայաստան կ՛ընդմիջէ զայն: Վերջինս տնտեսապէս խեղդելու ակնկալութեամբ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան (ԽՍՀՄ-ի) լուծարումէն անմիջապէս ետք փակեցին Հայաստանի հետ իրենց սահմանները: Այս շրջափակումը մասամբ օրհնութիւն էր Հայաստանի համար: Թէեւ ան կ՛արգիլէր բեռնափոխադրութիւնը դէպի Հայաստան եւ Հայաստանէն դուրս` նշեալ երկիրներուն ճամբով, սակայն թոյլ չէր տար, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կործանարար գործունէութիւն ծաւալեն Հայաստանի դէմ:

Վրաստան եւ Իրան ներկայիս կը ծառայեն որպէս թրքական երթուղիներ դէպի Ազրպէյճան եւ անկէ անդին, բայց անոնք կը մնան անուղղակի ճամբաներ: Ներկայիս Թուրքիան Ազրպէյճանին կապող ճամբան Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան (ՊԹՃ)  քարիւղատարն է: Ան կ՛երկարի Կասպից ծովուն մէջ գտնուող Ազերի-Չիրաղ-Կիւնաշլի քարիւղային հանքավայրէն մինչեւ Միջերկրական ծով, կը միացնէ Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուն եւ հարաւարեւելեան Միջերկրականի ափին գտնուող Թուրքիոյ Ճէյհան նաւահանգիստը` Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի ճամբով:

2020-ին Ազրպէյճան Թուրքիոյ տնօրինումով յարձակում սանձազերծեց ոչ միայն Արցախի ինքնավար մարզին, այլեւ Հայաստանի վրայ: Թուրքիան այս նախայարձակման համար տրամադրած էր կառավարման մեքանիզմ, զինամթերք, զօրք, ՏԱՀԵՇ-ի եւ այլ զինեալ ահաբեկիչներ: Ազրպէյճան ստացած էր նաեւ ամերիկեան Էֆ-16 եւ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր: Յարձակումներու տեսանելի նպատակը ներխուժելով յաղթելն էր, տիրանալու պատմականօրէն հայկական այն տարածքին, որ կը կոչուի Լեռնային Ղարաբաղ (Արցախ), եւ որուն կարելի չէր տիրանալ բարոյապէս, դիւանագիտութեամբ կամ պատմական բացարձակ փաստերով: Բայց մտադրութիւնը շատ աւելին էր. ան կը ներառէր Հայաստանի տարածքներու գրաւում, որպէսզի աշխարհագրականօրէն Թուրքիան կապէր Ազրպէյճանին` Հայաստանի Սիւնիքի մարզին միջոցով, որ ծանօթ է նաեւ որպէս Զանգեզուրի շրջան: Սիւնիքը Հայաստանը կը կապէ Իրանի, Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի: Վերջինս պատմականօրէն հայկական միջերկիր (անկլաւ) է, որ այժմ կը գտնուի Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ:

Թուրքիա եւ Ազրպէյճան իրենք զիրենք «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կը համարեն. սակայն 2019-ին Էրտողան իր իսկական մտադրութիւնը յայտնեց, երբ յայտարարեց. «Այս նպատակին հասնելու հիմնական գործիքը 2009-ին ստեղծուած Թրքական խորհուրդն է, որ միացուցած է թրքական աշխարհի բոլոր (բացառութեամբ Թուրքմենստանի) ժամանակակից ներկայացուցիչները: Մինչեւ այսօր մենք կ՛ըսէինք «Մէկ ազգ` երկու պետութիւն [պետութեան մէջ]»: Երէկ ես յայտարարեցի, որ մենք դարձած ենք մէկ ազգ 5 պետութիւն [պետութեան մէջ], Աստուծոյ օգնութեամբ մեզի կը միանայ նաեւ Թուրքմենստանը, եւ այսպիսով մենք կը դառնանք մէկ ազգ վեց պետութիւն [պետութեան մէջ]: Մենք տարածաշրջանին մէջ կ՛ամրապնդենք միատեղ համագործակցութիւնը»:

Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւ նոյնիսկ կը պնդէ, որ Երեւանը (Հայաստանի մայրաքաղաքը), Սեւանայ լիճը եւ հարաւային Հայաստանը կը պատկանին «Հին Ազրպէյճանին»: Այս անհեթեթ պնդումը կարելի է հերքել պարզապէս ծանօթանալով քարտէսներուն, այդ կարգին` հնագոյններուն: Աշխարհի ողջ պատմութեան մէջ, մինչեւ 1918 թուական, Ազրպէյճան անունով երկիր գոյութիւն չէ ունեցած:

Ճեղքել` ոչնչացնելով

2020-ի ազրպէյճանական ներխուժումէն ետք ազրպէյճանական զօրքերը շարունակեցին  բռնագրաւել Հայաստանի հարաւային որոշ տարածքներ եւ պատանդներ վերցնել` նոյնիսկ կողմերուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրուելէն ետք:

Խաղաղութեան համաձայնագիրը գնահատող վերլուծաբաններու կարծիքով, Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող  ճանապարհներու ապաշրջափակումը յատկապէս պիտի ծառայէր մէկ նպատակի` ապրանքներու փոխանակումին: Մինչդեռ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան մտադիր չեն թոյլատրել Թուրքիոյ ճամբով Հայաստանի անկաշկանդ երթեւեկութեան հասանելիութիւնը Եւրոպա: 2021-ին Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւ ընդգծեց իրենց քարոզարշաւին փանթրքական միտումը, երբ ըսաւ. «Եւ Թուրքիա, ե՛ւ Ազրպէյճան անհրաժեշտ քայլերու կը ձեռնարկեն Զանգեզուրի միջանցքին արդիւնագործման համար… թրքական ամբողջ աշխարհը միացնելու միտումով»:

Փոխադրամիջոցներու կապերը յստակ նպատակի կը ծառայեն: Միւս կողմէ` «միջանցքները» կրնան շատ աւելին նշանակել: Հետեւաբար բազմաթիւ այլ պատճառներ կան` կասկածով նայելու Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ներթափանցման ծրագիրներուն:

2020-ին, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած պատերազմի ընթացքին, նոյնիսկ անոր յաջորդող շրջանին, Ազրպէյճան գրաւեց ինքնիշխան Հայաստանի տարածքներ, փակեց ճանապարհներ, փորձեց ապօրինի կերպով «մաքսեր» կորզել բեռնատարներէ, որոնք ստիպուեցան վերադառնալ իրենց ապրանքներով:

Ընդամէնը օրեր առաջ` 13 սեպտեմբերին, Ազրպէյճան կրկին յարձակեցաւ Հայաստանի վրայ: Թէեւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ կնքուած զինադադարը* ենթադրաբար ուժի մէջ մտաւ երկու օր անց, սակայն ազրպէյճանական ներխուժումները կը շարունակուին, իսկ Հայաստան կը շարունակէ մնալ մինակ առանց որեւէ կողմի ռազմական օգնութեան**:

Ցեղասպանութիւնը` փանթրքութեան դրոշմ

Փանթրքութիւնը ազնիւ, տեսական նպատակ մը չէ: Ան կը սպառնայ տարածաշրջանային կայունութեան: Անիկա լուրջ վտանգ է, յարձակողապաշտ եւ տարածուելու ընդունակ: Հետեւաբար Հայոց ցեղասպանութեան վերսկսման սպառնալիքը ամէնօրեայ իրականութիւն է:

Կովկասը վտանգաւոր դրացնութիւն է: Եթէ արեւմտեան բազէները կը ձգտին փանթուրքիզմի միջոցով զսպել Ռուսիան եւ Իրանը, արդեօ՞ք կը կարծեն, որ այս նախադրեալը հետագային կարելի է շրջել ըստ իրենց ցանկութեան: Մի՞թէ կարելի է արձակուած ճինը վերադարձնել լապտերին: Անկախ այս բոլորէն, ամբողջ շրջանը կրնայ դժոխքի վերածուիլ, եթէ անխոհեմ դերակատարներ փորձեն փոփոխութեան ենթարկել Իրանի սահմանները: Վերջերս Իրանն ու Ազրպէյճանը յայտարարեցին Արաքս գետին վրայ, սահմանի մէկ կողմէն միւսը, փոխադրամիջոցներու երթեւեկութեան կամուրջի կառուցման իրենց մտադրութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Ազրպէյճանը Իրանի տարածքով Նախիջեւանի էքսքլաւին կապել` տարանցիկ միջանցքի մը ստեղծման ծրագրին լոյսին տակ: Եթէ նշեալ կամուրջը կարելի կը դարձնէ այդ կապը, ինչո՞ւ  անհրաժեշտ է ուրեմն Հայաստանը գրաւել ու միջանցքի պատրուակով անոր սահմաններէն ներս խուժել:

Եթէ պահ մը ենթադրենք, որ Հայաստան դուրս եկաւ ՀԱՊԿ-էն (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն) կամ հրաժարեցաւ առնչուիլ տարածաշրջանային տէրութիւններու` Ռուսիոյ կամ Իրանի հետ, այս բոլորը դէպի ծով ելք չունեցող, շրջափակուած Հայաստանը ազգային ինքնասպանութեան պիտի առաջնորդեն անկասկած:

Հայաստան յայտնուած է ցեղասպանական պատմութիւն ունեցող երկու պետութիւններու միջեւ եւ չի վստահիր Միացեալ Նահանգներու կամ ՕԹԱՆ-ի երաշխաւորութեան: Թէեւ Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւնները դարեր շարունակ ջերմ եղած են, սակայն պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ Արեւմուտքը լքած է իր «փոքր դաշնակիցը»` Հայաստանը, երբ այդ մէկը հրամայական դարձած է: Տակաւին, հաւանական է, որ ՕԹԱՆ-ը յորդորէ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը ամբողջութեամբ գրաւելու եւ կլանելու Հայաստանը` տարածաշրջանը արեւմտեան ազդեցութեան ոլորտ բերելու նպատակով:

Այսպէս, մինչ Արեւմուտքը կը ձգտի սահմանափակել սպառողներու կողմէ բնական կազի եւ պենզինի օգտագործումը, ան միաժամանակ կարելիութիւններ կ՛որոնէ այդ նիւթերը ապահովելու այլընտրանքային աղբիւրներէ, ինչպէս, օրինակ, Ազրպէյճանէն, պոյքոթի ենթարկելու ռուսական մատակարարները եւ իրանական խողովակները: Աշխարհաքաղաքական առումով, Ռուսիան եւ Իրանը տապալելու այս փորձը թերի է եւ անհեռատես: Արդեօ՞ք Ազրպէյճանն ու Թուրքիան պիտի կարենան փոխարինել Իրանը կամ ռուսական կազը եւ լոկ իրենց միջոցներով մատակարարել Եւրոպան ու անկէ անդին (բացառելով Իրանի փոխադրման ծառայութիւններու տնտեսական գօտին): Ինչպէ՞ս կարելի է վստահ ըլլալ, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը այս միջոցները քաղաքական շահերու խաղաքարտի պիտի չվերածեն: Մի՞թէ չենք յիշեր, որ Թուրքիա նման քայլ առաւ, երբ Էրտողան սպառնաց իր պահանջները չբաւարարուելու պարագային սուրիացի փախստականները ազատ արձակել դէպի Եւրոպա, յիշենք նաեւ Թուրքիոյ ամբարտակներ կառուցելու բազմաթիւ ջանքերը, որոնք կը միտէին սովի մատնել իր հակառակորդները:

Եթէ Հայաստան կը մտածէ իր տարածքով տնտեսական փոխադրական շարասիւներու առիթ ընծայել, անհրաժեշտ է, որ ռազմական աջակցութիւն ապահովէ` առաջքը առնելու Տրովադայի այն ձիերուն, որոնք կրնան նոր բռնագրաւումներ եւ ցեղասպանութիւններ ի գործ դնել: (Հայաստան ինքզինք իրաւունք պէտք է վերապահէ նաեւ երթեւեկութեան համար վճարումներ սահմանելու):

Բայց որո՞նք պիտի ըլլան Հայաստանի ռազմական պաշտպանները: Ռուսե՞րը, իրանցի՞ն, թուրքե՞րը, ազերի՞ն, ամերիկացինե՞րը, ՕԹԱ՞Ն-ը, թէ՞ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերը…

Ի դէպ, այս բեմագրութիւնը այնքան վտանգաւոր է, որ կրնայ սանձազերծել համաշխարհային երրորդ պատերազմ մը:

Իրականութեան մէջ ոչ միայն պատմական տուեալներուն, այլեւ այսօրուան զարգացումներուն լոյսին տակ կարելի է հաստատել, որ ո՛չ Թուրքիան, ոչ ալ Ազրպէյճանը կրնան Հայաստանի հետ ազնիւ բանակցող ըլլալ: Երկուքն ալ կը շարունակեն բացայայտօրէն ոչնչացնել հայկական կեանքի եւ մշակոյթի բոլոր մնացորդները, այդ կարգին` խոշտանգելով ռազմագերիներ եւ խաղաղ բնակիչներ, կիրարկելով քիմիական արգիլուած զէնք եւ քանդելով իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող եկեղեցիներ, վանքեր, յուշարձաններ ու գերեզմանատուներ:

Այս իսկ պատճառներով թրքական եւ ազրպէյճանական փոխադրական ճանապարհները պէտք է շարունակեն շրջանցել Հայաստանը: Հայաստան այլեւս պէտք չէ ըլլայ մէկ կողմէ` Ռուսիոյ, միւս կողմէ` Միացեալ Նահանգներն ու ՕԹԱՆ-ի քաշքշուկի առարկան: Գործնական եւ բարոյական հրամայականը փանթուրքիզմին  բացայայտումն է (եւ անոր դէմ դնելը):

Մերժել փանթրքութիւնը` յանուն ժողովրդավարութեան, մարդասիրութեան եւ խաղաղութեան

Համաձայն ակադեմիկոս Տիմիթրիոս Արիստոպուլոսի. «Հակառակ այն իրողութեան, որ Էրտողանի կառավարման տարիներուն Թուրքիան տեսականօրէն հրաժարած է փանթուրքիստական հռետորաբանութենէն` յօգուտ «նորօսմանիզմի», գործնականօրէն, սակայն, փանթուրքիստական գաղափարախօսութիւնն է, որ կը շարունակէ ուղղել Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքականութիւնը»:

Աւելի՛ն. Արիստոպուլոսի կարծիքով, «Իսլամ եղբայրներու իր աջակցութենէն եւ հիւսիսային Սուրիա ներխուժումէն սկսեալ, մինչեւ Լիպիոյ քաղաքացիական պատերազմ, ապօրինի ներգաղթի սպառնալիքներ` ուղղուած Յունաստանի եւ Եւրոպայի, տակաւին` Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) պատերազմ, զուգահեռաբար քիւրտերու հալածանքներ… ոչ այլ ինչ են, քան` Թուրքիոյ ծաւալապաշտական քաղաքականութեան վերաբերող փանթրքական ծրագրի օրակարգեր»:

10 նոյեմբեր 2016-ին, Քեմալ Աթաթուրքի մահուան տարելիցի առիթով, Էրտողան բացայայտօրէն յայտարարեց, որ` «Թուրքիան ներկայ իր տարածքէն աւելի մեծ է». ան խօսելով «սրտի սահմաններու»  կրօնական իր ուսմունքին մասին` հաստատեց.  «Մենք չենք կրնար բանտարկուիլ 780 հազար քառ. քմ-ի սահմաններուն մէջ, մեր բնական սահմանները կը տարբերին մեր սրտի սահմաններէն: Մուսուլի, Քերքուքի, Հոմսի, Սքոփիէի մէջ ապրող մեր եղբայրները կրնան Թուրքիոյ բնական սահմաններէն անդին ըլլալ, սակայն միշտ կը մնան մեր սրտի սահմաններուն մէջ»:

Մտաւորական Վահան Բաբախանեանի խօսքերով,  «Թուրքիզմի գաղափարախօսութիւնը ոչ միայն վտանգաւոր է, այլեւ, խորքին մէջ, ցեղասպանութեան մէկ արտայայտութիւնն է»:

«Փանթրքութիւնը կը քողարկուի մշակոյթի եւ կրօնի ծածկոյթին տակ,- կ՛աւելցնէ Բաբախանեան,- ըստ էութեան մնալով սակայն յարձակողապաշտ, ցեղապաշտ ուսմունք` օտար հողերու բռնագրաւման եւ «Մեծն Թուրան»-ի ստեղծման համար:

 

* Այս յօդուածի հրապարակումէն ետք տեղեկութիւններ յայտնուեցան զինադադարի միջնորդութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դերակատարութեան մասին:              

** Նոյն յօդուածի հրապարակումէն ետք Հայաստանին այլ երկիրներու կողմէ զէնք վաճառելու մասին չհաստատուած լուրեր եւս շրջանառութեան մէջ դրուեցան:

 

* Լուսին Գասպարեան գրող եւ հեղինակային ծաղրանկարիչ է, կը բնակի Միացեալ Նահանգներ: Ան այս յօդուածը կը նուիրէ պետական գործիչ Գարեգին Նժդեհին, որ ապրած եւ մահացած է Սիւնիքի եւ Հայաստանի համար: Այցելեցէ՛ք Գասպարեանի www.lucinekasbarian.com կայքը:

Նախորդը

«Եապանճա Հուըրսը»

Յաջորդը

Սփիւռքի Տարի 2022 – Թ. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն. Մարդուժ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?