Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարօտ Լերան Ձայնին

February 28, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Ո՛վ լեռներ, գլուխնիդ բարձր բռնեցէք,
Լիճե՛ր, գեղեցկագոյն մեղեդիներ հնչեցուցէք:
Պահպանած էք ժողովուրդ մը հինգհազարամեայ
Որ քաջարի ու երկնամերձ թեւերով
Խնկեց, կերտեց
Սուրբ Մեսրոպի յարալոյս խորան
Վեհանիստ մատենադարան
Բիւրականի բիւրաչք կամար:

Ո՛վ լեռներ, ձեր հոգին թող չմարի,
Լիճե՛ր,  կապոյտ ապակի, ձեր ձայնը թող չպապակի.
Պիտի գա՛յ փառքի օրը
Պիտի գայ փառաւո՛րը
Ու կենարար մանանաներ պիտի տեղան
հերոսներու շիրիմներուն,
Ըմբոստներու ուսերուն,
Պայքարողներու ձեռքերուն:
Արծիւներն իսկ պիտի երգեն այդ պահուն:

Լեռնե՛ր, ձեզ սուգի մէջ թաթխեց օտար թշնամին
երիտասարդ դիակներ փռելով ձեր լանջերուն,
Մեզ սուգի մէջ թաթխեց ներքին թշնամին
Յախուռն ու ամբարտաւան,
Կարծես օրօրոցի մէջ դրուած էինք
մէյ մը այս կողմ
մէյ մը այն կողմ:

Լեռներ սգապատ ու համրաղաղակ
Լիճեր, հազար-հազար արտասուքի վտակ,
Հաստա՛տ կեցէք որ երկինքը չփլի:
Արծիւները սուրերու պար պիտի բռնեն,
Թիթեռնիկներն իսկ պիտի երգեն,
Պիտի սուրճի հոտ բարձրանայ մեր սգապատ պատերէն,
Նորածիններ մամա-պապա պիտի կանչեն,
Ու մեծմայրեր առանց կծող տրտմութեան
իրենց թոռնիկը գրկեն:
Ճամբան մոլորած Յաւերժութիւնը
Պիտի վերադառնայ, շունչ պիտի քաշէ,
Պիտի բոյն շինէ:

Բայց պիտի մնայ սեւ մագաղաթը,
Զոհուածներու անթարթ նայուածքը,
Անձնասպաններու համրացած վէրքը,
Յիշատակներու կարօտ արտօսրը,
Փակ դռներու անկուղպ լռութիւնը:

Անկախութիւնը գրկեցինք
Ու հոգատար ընտրեցինք:
Խաչուեցաւ ժողովուրդը,
Պիղատոսներ իրենց ձեռքերը լուացին,
Աւազակներ լողացին տոլարի աւազանին մէջ,
Ապարանքներ կաղնիացան անտուն ու սոված
աչքերու առջեւ:
Չարաշշուկ Յուդա մը յայտնուեցաւ
թաւիշներու մէջ փաթթուած,
Անոնց տակ տատասկներ կային թաքնուած:

Մենք ծակոտկէն սրտով, մտքով
Կարկտնեցինք Յոյսը նորէն:
Սասունցի Դաւիթը ուղղած է իր աղեղը –
Մե՛րն է Արցախը
Մեր թոյրն ու բոյրն է
Մեր բոյնն ու որջն է:
Վախը ծնաւ ստրկութիւն
Ստրկութիւնը ցաւ կամ անտարբերութիւն:
Եթէ ըսես որ արդարութիւն չկայ,
Անիկա քեզի պիտի չգայ:

Ո՛վ լեռներ, գլուխնիդ բարձր պահեցէք:
Գիշերը մեր սուգը երգեցէք, Հայոց լեռներ
Ցերեկը մեր փառքը երկնեցէք,
Արիութիւն ու հաւատարմութիւն
Խիղճ ու համեստութիւն աւանդեցէք, Հայոց լեռներ:
Հոն` էն վարը, ստորոտը
Թշնամիները ձեր ատամներուն տակ ճզմեցէք
որ հողին տակ անցնին երթան վերջանան:
Ձեզի աստուածներ հայթայթած ազգին
սազ ու տաւիղ հնչեցուցէք:

Քերթողնե՛ր հայոց
Քնարները իրենց տուփերէն դուրս հանեցէք,
Եթէ հանած էք` հնչեցուցէք.
Լարերը չեն մաշիր, բառերը չեն մաշիր.
Յարաշունչ լեռները կարօտցե՜ր են քաջ քերթողներու
ձայնը հրաշունչ:

Փետրուար, 2023

 

Նախորդը

Գետ-Գիտութեան

Յաջորդը

Ի՞նչ Է Մեզ Պատմում 1893 Թ. Մալաթիայի Երկրաշարժը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.