Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկրաշարժին Վնասը Եւ Կաշառակերութիւնը Միահիւսուած Են Էրտողանի Թուրքիոյ Մէջ

Փետրուար 28, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Թուրքիոյ մէջ օր առ օր կ՛աւելնայ երկրաշարժի զոհերուն թիւը: Մեր սիրտը կը ցաւի մինչ օրս արձանագրուած գրեթէ 50 հազար զոհերու եւ մօտաւորապէս 200 հազար վիրաւորներու համար: Հնագոյն Անտիոք քաղաքը (Անթաքիա)` 250 հազար բնակչութեամբ, հիմնականին մէջ վերածուած է աւերակներու:

Ինչպէս գրած էի նախկին շաբաթ, հայերը պէտք է տարբերութիւն դնեն Ցեղասպանութիւն իրականացուցած թրքական կառավարութեան եւ թուրք ժողովուրդին միջեւ, որ որեւէ դեր չէ  խաղացած այս զանգուածային յանցագործութեան մէջ: Այսօրուան թուրքերէն ոչ մէկը ողջ էր 1915-ին:

Վերջին օրերուն աշխարհի տարբեր երկիրներու լրագրողներ հարիւրաւոր յօդուածներ գրած են` մատնանշելով, որ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կաշառակեր գործելակերպը բազմապատկած է աղէտի զոհերուն թիւը: Էրտողան, որ 2003-ին իշխանութեան եկաւ իբրեւ հաւատացեալ մահմետական, վերածուած է կաշառուած բռնապետի: Ինչպէս կ՛ըսուի` «Իշխանութիւնը կը փճացնէ, բացարձակ իշխանութիւնը կը փճացնէ բացարձակապէս»: Շատ թուրքեր կը մեղադրեն Էրտողանը` մեծ թիւով զոհերու եւ աւելի քան 100 հազար շէնքերու փլուզման կամ անոնց հասած վնասին համար, շէնքեր, որոնք վատորակ կառուցուած են նախագահի մերձաւորներուն կողմէ: Թուրքիոյ մէջ առնուազն մէկ միլիոն մարդ մնացած է անօթեւան:

Սկսինք երկրաշարժի տուրքէն, որ թրքական կառավարութիւնը սահմանած է 1999-ի երկրաշարժէն ետք, որ Թուրքիոյ մէջ պատճառ դարձած էր 17 հազար մարդու մահուան: 2021-ին նախագահի հրամանագրով տուրքը 7,5 տոկոսէն բարձրացուեցաւ 10 տոկոսի` բոլոր մասնաւոր հաղորդակցութիւններու համար: Այս տուրքին միջոցով հաւաքուած միլիառաւոր տոլարները շէնքերու ամրացման եւ աղէտներու կանխարգիլման համար նախատեսուած նպատակներու փոխարէն` օգտագործուեցան շինարարական, երթեւեկային եւ գիւղատնտեսական ծրագիրներ ֆինանսաւորելու համար:

«Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը տեղեկացուցած է մօր մը տանջագին խնդրանքին մասին. անոր երկու որդիները Անթաքիոյ մէջ երկու օր ողջ մնացած էին փլատակներու տակ. կինը կ՛աղերսէր կրունկ բերել իր զաւակները փրկելու համար: «Թուրքիոյ մէջ շատերը կ՛ըսեն, որ թիւով աւելի շատ մարդիկ կրնային ողջ մնալ 7,8 ուժգնութեամբ երկրաշարժէն, որ հարուածեց երկրի հարաւը եւ դրացի Սուրիան, եթէ արտակարգ իրավիճակներու արձագանգը ըլլար աւելի արագ եւ աւելի լաւ կազմակերպուած»: Կազմակերպուած փրկարարական աշխատանքներու բացակայութեան պատճառով մարդիկ ստիպուած եղած են մերկ ձեռքերով փորել փլատակները` փրկելու համար իրենց ընտանիքի անդամները:

Թուրք զինուորները կա՛մ ներկայ չեն եղած փրկարարական աշխատանքներուն, կա՛մ անոնք շատ ուշ հասած են` սպասելով Էրտողանի քաղաքացիական պաշտօնեաներու հրամաններուն: Հետաքրքրականը այն է, որ Էրտողան «Յայտնի դարձած է աւելի քան երկու տասնամեակ առաջ, մասնաւորապէս` 1999-ին, հզօր երկրաշարժի արձագանգի վերաբերեալ իր քննադատութեան պատճառով», կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ»: Փոխարէնը` «Ան դատարկեց պետական հիմնարկները, հաւատարիմները նշանակեց առանցքային պաշտօններու վրայ, ջնջեց քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններուն մեծ մասը եւ հարստացուց իր ընկերները` իր շուրջ հաւատարիմներու փոքր շրջանակ մը ստեղծելու համար», ըստ Foreignpolicy.com-ի: Հիմնական ընդդիմադիր կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլու ըսած է, որ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած երկրաշարժի ուժգնութենէն աւելի վնասակար եղած է «համակարգման բացակայութիւնը, ծրագրաւորման բացակայութիւնը եւ անկարողութիւնը»:

Աղէտը աւելի խորացնելով` «2019-ին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան գովաբանեց իր կուսակցութեան ընդունել տուած օրէնսդրութիւնը, որ թոյլ կու տար ներել գոյքի սեփականատէրերուն շինարարական իրաւախախտումները` առանց շէնքերը անոնց չափանիշներուն համապատասխանեցնելու», կը գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ»: Միայն երկրաշարժի գօտիին նման համաներում տրուած է մինչեւ 75 հազար շէնքերու համար: Հեգնականօրէն, երկրաշարժէն միայն քանի մը օր առաջ, կառավարութիւնը կը պատրաստուէր հերթական համաներում յայտարարել շինարարութեան իրաւախախտողներուն համար: Այժմ թրքական կառավարութիւնը կը ձերբակալէ շինարարական կապալառուները, որոնք առնչութիւն ունեցած են փլած շէնքերուն հետ: Բայց իսկական մեղաւորները պետական պաշտօնեաներն են, որոնք հաւանութիւն տուած են այս ցածրորակ շէնքերու կառուցման: Այս շէնքերու սեփականատէրերէն շատերը սերտ կապեր ունին նախագահ Էրտողանի կամ անոր իշխող կուսակցութեան հետ:

Փլատակներու տակ թաղուած  քաղաքացիները փրկելու համար հրատապ միջոցներ ձեռնարկելու փոխարէն` Էրտողան հակահարուած կու տայ իր քննադատներուն: Այսպիսի քննադատներէն մէկը` «Թուրքիոյ մէջ երկարամեայ փորձ ունեցող ֆրանսացի լրագրող Կիեոմ Փերիէն ձերբակալուեցաւ Պոլսոյ օդակայանը եւ արտաքսուեցաւ Ֆրանսա`  Թուրքիա կարենալ վերադառնալու հինգ տարուան արգելքով», կը հաղորդէ Մերձաւոր Արեւելքի հիմնարկը: Աւելի՛ն.  երկրաշարժի խառն օրերուն կառավարութիւնը ժամանակաւորապէս փակեց ընկերային մետիան` թրքական կառավարութեան անկարողութեան քննադատութիւնը արգելափակելու համար:

«Ճերուզալեմ Փոսթ» 20 փետրուարին հրապարակած է յօդուած մը` «Երկրաշարժէն ետք Թուրքիոյ Էրտողանը քաւութեան նոխազներու որս կ՛ընէ» վերնագրով: Յօդուածին մէջ կ՛ըսուէր, որ` «Էրտողանի թուղթէ տունը փուլ եկած է երկրաշարժէն: Արդէն կը շտապեն քաւութեան նոխազներ գտնել, ինչպէս նաեւ` կողոպտիչներ ձերբակալել… Յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընդառաջ Էրտողանին նոյնքան դժուար կ՛ըլլայ բացատրել ընկերային ցանցերու մէջ շրջանառուող տեսանիւթ մը, ուր ան կը պարծենայ, որ 2019-ին հաստատած է Մարաշի երկրաշարժի կեդրոնը գտնուող շէնքերու շինարարական համաներումը: Այս կը  նշանակէ, որ անոնք ազատած են շինարարական եւ երկրաշարժի կանոնակարգերուն հետեւելէ: Երկրաշարժի տասը նահանգներուն մէջ ընդգրկուած էր գրեթէ 295 հազար շէնք»:

Աղէտալի երկրաշարժի անսպասելի կողմնակի ազդեցութիւններէն մէկն ալ այն է, որ Թուրքիա քանի մը տարի զբաղած կ՛ըլլայ աւելի քան հարիւր հազար փլած շէնքերու վերակառուցմամբ: Թուրքիոյ ուշադրութիւնը կը շեղի Սուրիոյ, Իրաքի, Կիպրոսի, Յունաստանի, Հայաստանի եւ Լիպիոյ վրայ յարձակումներէ: Այս երկիրները որոշ ժամանակով մը հանգիստ շունչ կը քաշեն…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Այն, Ինչ Որ Թուրքիան Հասկցած Է, Իսկ Հայաստանի Քաղաքական Ընտրանին` Ոչ

Յաջորդը

«Լիկ-1» Փարիզ Սեն Ժերմեն 3-0 Արդիւնքով Յաղթեց Մարսէյի Եւ 8 Կէտի Առաւելութիւն Մը Ունեցաւ Անոր Վրայ

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?