Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Արտաքսման Կիրակի

February 25, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մեծ պահքի երկրորդ կիրակին կը կոչուի Արտաքսման եւ կը խորհրդանշէ մարդուն դրախտէն արտաքսուիլը եւ Աստուծոյ տեսութենէն զրկուիլը:

Արտաքսման կիրակին կը յիշեցնէ մեր նախածնողներուն` Ադամի եւ Եւայի պատուիրազանցութիւնը: Անոնք չպահեցին Աստուծոյ կողմէ իրենց տրուած պատուէրը եւ ճաշակեցին բարիի ու չարի գիտութեան պտուղը:

Ադամ ու Եւա շնորհազրկուեցան եւ դրախտէն արտաքսուեցան մեղքի, մեղքը չխոստովանելու եւ զիրար մեղադրելու պատճառով:

Նախամարդու մեղանչումը կոչուեցաւ «Ադամական մեղք»: Մեղքի մէջ ապրող մարդը չի կրնար ապրիլ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ:

Արտաքսման կիրակին երգուող շարականները մեզի կը յիշեցնեն մարդուն արտաքսումը դրախտէն.

«Որ զօրէնս սրբութեան պահոց
Նախ ի դրախտին աւանդեցեր,
Զոր ոչ պահելով նախաստեղծիցն՝
Ճաշակմամբ պտղոյն ճաշակեցին
Զդառնութիւն մեղաց եւ մահու:
Վասն որոյ շնորհեա՛ մեզ, Տէր, ճաշակել
Չքաղցրութիւն Քոց պատուիրանաց:
Որ զանազան վիրօք մեղաց
Հարաք յոգիս ի թշնամւոյն
Եւ ի բազմապատիկ հիւանդութեանս
կարօտացաք Մարդասիրիդ
Բառնալոց զցաւս մեր:
Վասն որոյ բժշկեա՛ զմեզ, Քրիստո՛ս,
Որպէս մարդասէր»:

(Սուրբ պահքի օրէնքը նախ դրախտին մէջ աւանդեցիր, զոր նախածնողները չպահեցին, այլ պտուղին ճաշակմամբ մեղքի եւ մահուան դառնութիւնը ճաշակեցին: Ուստի Տէր, պատուիրաններուդ քաղցրութեան ճաշակումը շնորհէ մեզի: Թշնամին զանազան մեղքի վէրքեր բացաւ մեր հոգիներուն մէջ. բազմաթիւ հիւանդութիւններու մէջ ինկանք. եւ կարօտ մնացինք Մարդասէրիդ, որ մեր ցաւերը վերցնես: Ուստի բժշկէ՛ մեզ, Քրիստո՛ս):

«Որ դառնութեան պտղոյն ճաշակն,
Որով մեռաք արդարութեան,
Պահելով Քո քառասնօրեայ փոխեցեր
Ի քաղցրագոյն օրինաց քոց ճաշակումն:
Աղաչեմք` արբո՛ մեզ, Տէ՛ր, զուրախարար սիրոյ
Քո բաժակն:
Որ անապական ծննդեամբդ Քո լուծեր
Զերկունս նախամօրն, Մարիա՛մ, Մա՛յր Աստուծոյ.
Բարեխօսեա առ Միածին Որդին լուծանել զկապանս մեղաց մերոց.
Եւ աղաչեա փրկել զանձինս մեր ի փորձութենէ»:

(Դառն պտուղի մեր ճաշակումը, որով կորսնցուցինք արդարութիւնը, Քու քառասնօրեայ պահքով փոխեցիր Քու օրէնքի աւելի քաղցր ճաշակումին: Խմցուր մեզի, Տէ՛ր, Քու ուրախարար բաԺակը: Մարիա՛մ, Մա՛յր Աստուծոյ, որ անապական ծնունդովդ նախամօր երկունքը մեղմեցիր, բարեխօսէ՛ Միածին Որդիիդ, որ քանդէ մեր մեղքի կապանքները, եւ աղաչէ՛, որ փրկէ մեզ փորձութենէ):

«Տէ՛ր, ողորմէ մեզի, քանզի մենք մեր յոյսը Քու վրադ դրած ենք»:

Մարդուն դատապարտութիւնը մեղք գործելը եւ եւս առաւել մեղքերը չխոստովանիլն է:

Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեամբ մարդուն առջեւ կրկին բացուեցաւ դրախտի ճանապարհը:

Ջղջումով, ապաշխարութեամբ եւ առաքինի վարքով մեղքերէն մաքրուելով, մարդ վերստին արժանի կը դառնայ դրախտին:

 

 

Նախորդը

Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» Գ. Հատորի Շնորհահանդէս. «Սիրուհի Պուտագեան» Ֆոնտի Հաստատումով «Ազդակ» Կը Վերաձեռնարկէ Մատենաշարի Հրատարակութեան

Յաջորդը

35 Տարի Առաջ. Հայերու Կոտորածը Սումկայիթի Մէջ

RelatedPosts

Հայկազեան Համալսարանը Կը Գուժէ Վաստակաշատ Կրթական Մշակ Դոկտ. Սոնա Մ. Ճէրէճեանի Մահը
Անդրադարձ

Իսկական Ղեկավարի Տիպարը` Սոնա Ճէրէճեան

September 26, 2026
Թանթ Մարոյին  (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Թանթ Մարոյին (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)

September 26, 2026
Տեսիլքի Եւ Առաքելութեան Հովիւ Վեր. Մովսէս Ճանպազեանի Յիշատակին
Անդրադարձ

Յարգանքի Տուրք՝ Վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանի Վախճանման 26-Ամեակին Առիթով

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.