Կ՛ապրինք այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ մարդկային միտքը, թէեւ կը փորձէ ձերբազատիլ պարտադրուած կապանքներէ, խաւարամիտ խօսքերէ ու խեղճացած մտմտուքներէ, որ այլապէս կարենայ թռիչք տալ իր խանդավառութեան, յուզական աշխարհին, տրամաբանութեան թէ գրելու տրամադրութեան, այդուհանդերձ, միշտ չէ, որ կը յաջողի, որովհետեւ կը գտնուի մռայլ իրականութեան մը դիմաց:
Ցաւոտ իրականութիւն մը, որ կ՛առնչուի ազգին ու պետականութեան, որոնք կորսնցուցած կը թուին ըլլալ սեփական կողմնացոյցը, ուղին, հաւասարակշռութիւնը, քաղաքական մտքի հասունութիւնը եւ ինքզինք դրսեւորելու ունակութիւնը:
Այս պարագային խօսքը կը վերաբերի մեր հաւաքական յիշողութեան կամ, այսպէս ըսած, ժողովուրդի թէ պետութեան գլխուն անցած ղեկավարութեան, որ ճիգ կը թափէ ազգային պարունակը բթացնել ու «ողջախոհութեան» դասեր փոխանցել:
Հա՞րկ է յիշեցնել, թէ հաւաքականութիւն մը, որ ազգի մակարդակին հասած է, ինքնուրոյն քաղաքակրթութիւն ստեղծած ու դարաւոր պատմութիւն մը ունի իր շալակին, երբ կորսնցնէ իր յիշողութիւնը ու անգիտանայ թշնամի ուժերու բացայայտ թէ թաքուն որոգայթները, արդէն ինքնաքանդումի ճանապարհին կը գտնուին` տուրք տալով միամիտ վերաբերումներու թէ վարքագիծի:
Իսկ պետութիւն մը, որ հազիւ երեսուն տարիներու փորձառութեամբ ոտքի է կանգնած, երբ քաղաքական մտքի տհասութեամբ կ՛ուզէ առաջնորդուիլ, պահ մը մոռացութեան տալով, այսպէս ըսած, դրացի պետութեան կատարած սպանդը, այդ ալ ամբողջ աշխարհի «կուրացած» աչքերուն առջեւ, ինչպէ՞ս պիտի կարենայ համոզել ժողովուրդ մը ամբողջ, միջազգային հանրութիւնը առհասարակ, թէ ազերիները 35 տարի առաջ, մարդակերի իրենց պահուածքը չէ որ ցոյց տուին, այլ «սովորական» հակազդեցութիւն մըն էր եղածը, խուլիկաններու անպատասխանատու արարք:
Սումկայիթ, 1988:
Արցախահայութեան կատարած ցոյցերուն թէ պահանջատիրական քայլերուն ի պատասխան, թուրք-ազերի հորդաներ կազմակերպեցին ժամանակակից եղեռնը, որուն զոհ գացին բազմահարիւր հայորդիներ, որոնք տասնամեակներ շարունակ կ՛ապրէին եղբայրական երկրին մէջ:
35 տարի առաջ Կովկասի թաթարը մաքրազտումի դիմեց իր հարեւան հայը, որ խաղաղօրէն կ՛ապրէր Պաքուի, Կիրովապատի, Գանձակի, Սումկայիթի, Մարաղայի թէ տարբեր քաղաքներու մէջ: Փաստօրէն, 1988-1990 թուականներուն, Խորհրդային Միութեան փլուզման օրերուն, Ազրպէյճանի պետական համակարգը առանց դոյզն երկմտանքի կը դիմէր բարբարոսութեան, ահռելի սպանդի` ուղղուած հայ ընտանիքներու դէմ, որոնք զոհ գացին պարզապէս որովհետեւ պատկանելիութեամբ հայ էին:
Օրին ամբողջ աշխարհ ականատես եղաւ եղեռնագործութեան, սակայն բաւարարուեցաւ խաղաղութեան կոչեր արձակելով եւ հանդարտութեան հրաւիրելով երկու ժողովուրդները` դիտաւորեալ անգիտանալով պատահածին իրական պատկերը:
Արցախեան ազատագրական պայքարի բռնկումով յստակ կը դառնար այն, որ հայոց ապաւէնը սեփական զէնքն ու դիմադրութիւնն էր, որով պէտք էր դէմ դնել գերադաս ուժերու: Դժբախտաբար, մէկ կողմէ արեւմուտքի լկտի հաշիւները եւ միւս կողմէ երբեմնի Խորհրդային Միութեան ստոր վարքագիծը հայութիւնը պիտի ձգէր առանձին` իր ճակատագրի տնօրինման մէջ:
Պետական մակարդակի կատարուած ցեղային մաքրազտումը պատճառ դարձաւ, որ աւելի քան 250 հազար հայութիւն փախուստ տայ իր օճախէն, տունէն ու գործատեղիէն: Սպանդի ահաւորութեան դիմաց, իբր թէ կատարուեցաւ քննութիւն` ոճրագործները բացայայտելու եւ զանոնք արդարադատութեան կանչելու: Ի զուր էին այն բոլոր դատապարտանքի սին խօսքերն ու մակերեսային կեցուածքները, որոնք աչքի փոշի ցանելու ծառայեցին եւ ժամանակ մը ետք մոռացութեան տրուեցան:
Սումկայիթեան կատարուած սպանդի պատկերներու մասին, բաւարար է վերյիշել, միայն երկու դիպաշար, հասկնալու գազանացած ազերիին պահուածքը` հայատեացութեան եւ ցեղապաշտի: Պաքուի մէջ գազան զանգուածը շէնքերու բարձր յարկերէն վար կը նետէր ողջ հայերը, իսկ Մարաղայի մէջ, հայ մանուկներ, կիներ ու ծերեր ողջ կը սղոցուէին, որովհետեւ ազգութեամբ հայ էին եւ թուրքին դրացի:
Արցախահայութիւնը` վրէժխնդրութեամբ լեցուած, շարունակեց իր պայքարը, կրցաւ ազատագրել պատմական հայրենիքը, սակայն սուղ գին վճարեցին հայն ու Հայաստանը, որոնք միայնակ կը պատերազմէին ազերի թէ «Օմոն»-ական ուժերու դէմ: Սպանդը դաժան իրադարձութիւն մըն էր, որ փորձութեան կը մատնէր արդի հայն ու հայոց պետականութիւնը:
Ճիշդ է, որ արցախահայութեան ազատագրական պայքարը իր լրումին կը հասնէր, երբ թշնամի ազերին կը պարտադրուէր զինադադար ստորագրել 12 մայիս 1994-ին, Պիշքեքի մէջ, այդուհանդերձ, գործուած սպանդին տարողութիւնը սարսափ պատճառող իրականութիւն մըն էր, կարծես, 1915-ի ցեղասպանութեան ուրուականը կը կրկնուէր, այս անգամ Արցախի թէ Ազրպէյճանի կարգ մը քաղաքներու մէջ:
Հետագային լուրջ աշխատանք տարուեցաւ եւ հաւաքագրուեցան այն բոլոր տուեալները, որոնք կ՛առնչուէին սումկայիթեան փոկրոմ-ին, բացայայտելու եւ միջազգային արդարադատութեան ներկայացնելու ցեղասպան պետութիւնը, սակայն, ժամանակի թաւալքին հետ մոռացութեան տրուեցան ազնիւ գործերն անգամ:
Այսօր դառն է իրականութիւնը այն առումով, որ ոչ միայն ցեղասպանութիւն գործած ու դատապարտուած ազերին ազատ է, այլ ան վերազաւթած է հայոց պատմական հայրենիքը եւ կը սպառնայ նոր սպանդ գործադրել, եթէ երբեք Արցախի թէ Հայաստանի տարածքին ապրող հայութիւնը չենթարկուի զազրելի որոշումներու եւ յանձնուողական համաձայնագիրի գործադրութեան:
Իսկ մենք, միամտօրէն կամ քաղաքական տհասութեամբ կը շարունակենք հաւատալ, որ խաղաղասիրական կոչերը մեզ պիտի պաշտպանեն ու մղեն թշնամին, որ ձերբազատի իր հայատեացութենէն ու թշնամանքէն: Հայուն համար առաջնահերթ է դարձեր ջատագով հանդիսանալ տնտեսական թէ առեւտրական շահոյթներ ապահովելու, քան թէ լծուիլ հայոց պետականութեան վերականգնումի սրբազան գործին:
Ականատես ենք, մանաւանդ վերջին պատերազմի պարտութենէն ետք, որ հայը աւելի պառակտուեցաւ եւ խեղճացաւ: Հայոց պետական այրերու այս կամ այն վարքագծերը միայն ամօթով կրնանք ընդունիլ: Եղբայրական խօսքեր ու երկդիմի քաղաքական կեցուածքները միայն աւերներ կը գործեն, իսկ հայոց ճակատագիրը թշնամի ուժերու քմայքին յանձնելու պահուածքը կը փշաքաղէ օտարն անգամ:
Այո՛, զարմանք պատճառող պահուածքի մասին է խօսքը, որովհետեւ ինչ որ կը կատարուէր մօտիկ անցեալին եւ կը շարունակուի այսօր` անձնատուութիւն եւ հայրենիք ծախելու դաւաճանական արարք, կարծես, մէկ հիմնական նպատակ կը հետապնդէ, ի գին ամէն ինչի եղբայրանալ հարեւանին հետ, թէկուզ եւ այդ հարեւանը թուրք-ազերին է, որուն գերագոյն նպատակն է եղած բնաջինջ ընել հայութիւնը եւ քարտէսէն ջնջել Հայաստանը:
Ցաւ ի սիրտ, սա ճշմարտութիւն է, զոր կ՛անգիտանան մեր օրերու այրերը:
Սումկայիթեան ջարդերը մոռացութեան տալով, կարծես, կը փորձուի ներկայ Հայաստանի թէ Սիւնիքի ճակատագիրն անգամ խնդրոյ առարկայ դարձնել, պարզ ըսած, թուրքին հետ եղբայրանալու երազին յագուրդ տալով` յառաջ մղել քաղաքական վարքագիծ մը, որ պիտի ապահովէ նոր օրերու կաշառակեր, փտած, դաւաճան ու քաղաքական ստրուկներու շահերը:
Փաստօրէն, 30 տարիներու ընթացքին հայոց պետականութեան ղեկին անցած քաղաքական այրերու այս կամ այն ճահճահուտ գործելակերպը պատուհաս ու աւեր դարձաւ հայոց գլխուն` մեզ հասցնելով ողբերգական այս օրերուն: