Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարեդարձ Եւ Տարիք

Փետրուար 28, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ամէն անգամ, երբ տարեդարձի մը ներկայ գտնուիմ եւ կամ անոր մասին խօսուի, կեանք կոչուած այս առեղծուածին դիմաց, ինքնաբերաբար տրամադրութիւնս զիս տարբեր ուղիներ կ՛առաջնորդէ: Ու այս առթիւ, բարի մաղթանքներուս մէջէն, երբեմն ես ինծի հարց կու տամ, թէ ի՞նչ է այս տարիք ըսուածը, որ աստուածային հաճելի ու մեծ պարգեւ մը ըլլալով հանդերձ, շատ յաճախ ալ շատերու համար ճիշդ հակառակը` տխուր, անկանոն շարուածքով, տաղտկալի ու տաժանելի տարիներու գումար մըն ալ է:

Ողորմած մօրս համաձայն, «Տարիք ըսուածը, մեղա՜յ, քա, մեղա՜յ…, աչքդ գոցէ բաց… տե՛ս, արդէն երէկուան չոճուխները մարդ դարձած են…»:

Կեանք եւ տարիք` իրարու ամրօրէն առընչուող այս երկուորեակները, իսկապէս որ բարդ բաներ են, անհասկնալի եւ նոյնքան ալ հասկնալի, սակայն նաեւ` սարսափելի: Պաշտելի ու նոյնքան ալ` յաճախ անհանդուրժելի:

Բայց, ինչեր ալ ըսուին սա կեանք ըսուածին մասին, ան միշտ մնացած է եւ տակաւին կը շարունակէ մնալ բոլորին համար անուշ բան մը, հաճելի է, եւ որ կ՛արժէ  զայն ապրիլ:

Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, այսօր այս եւ նման յառաջաբանով մը սկսայ:

Յիշեցի: Տարեդարձս է: Բայց` որո՞ւ հոգը:

Եթէ տասնամեակներ առաջուան մանուկ տարիքս ունենայի, անկասկած որ տարբեր օր մը եղած պիտի ըլլար ինծի համար: Իսկ հիմա… «ժի՛ր եղէք, եւ մի՛ ծերանա՛ք», կը թելադրեմ միայն: Անոր համար ուզեցի քանի մը տողերով փնտռել գեղեցիկն ու ճշմարիտը, կշռել արդարն ու անիրաւը եւ այս ձեւով ես զիս դատել:

Տարեդարձիս առաւօտն է, ու յանկարծ կ՛ուզեմ իմ անկիւնէս դուրս գալ: Կ՛ուզեմ փնտռել անձս: Կը կրկնեմ` մարդ ինքն իր մէջ պէտք է փորձէ նայիլ` ինքզինք ճանչնալու համար:

Օրերս կ՛անցնին ու կը կրկնուին: Ու կ՛ուզեմ գրել: Ըրածս, սակայն, ծուլութիւն չէ: Շատ հաւանաբար իրականութենէն տեսակ մը խուսափում` վախնալով, որ  էջերու սահմաններով պիտի չկարենամ ինքզինքս բացայայտել, որովհետեւ արդէն իսկ համարձակութիւնս իր յստակ սահմանները ունի, գծած է ու այս ձեւով արգելք է մտքիս անկանոն խոյանքներուն:

Գիտեմ, որ բոլորին նման, օրերս ալ կապուած են առօրեայ մտահոգութիւններուն: Այսպէս, քանի տարիներս կ՛աւելնան, ամէն բանի մասին սկսած եմ իբրեւ հետաքրքիր երեւոյթ նայիլ: Ճակատս, տարիներէ ի վեր, արդուկը անցած տաբատիս ակօսներուն կը նմանի, իսկ մազերս ալ պատկառելի ճերմակութիւն մը ստացած են: Օրերուս նման, անտող են նաեւ ժամերս ու տրամադրութիւններս:

Ու ջիղերու ներքին պայքարն է, որ կը տկարացնէ սիրտս: Եւ որովհետեւ ուզած եմ ուրախ ապրիլ, անոր համար երազած եմ` հաւատալով, որ  իրականութիւն ըսուածը երազէն է, որ կը ծնի: Կը զգամ, թէ հոգիէս բան մըն է, որ կը փոխուի:

Անոր համար, մանաւանդ այսօր, հին օրերու գեղեցիկ եւ լեղի յուշերու թարմացումով մը կ՛ուզեմ վերապրիլ: Այս վայրկեանին իսկ կ՛ուզեմ յիշել հինը, անուշը, սէրն ու թախիծը, որոնց պատերուն տակ երիտասարդութիւնս մեծցաւ:

Կ՛ուզեմ գրել:

Կը գրեմ հոգիս լեցնելու համար: Սակայն գրելու համար, կը կարծեմ, որ կարելի չէ ընտրել ո՛չ օրը եւ ո՛չ ալ ժամը, որովհետեւ մտածումը կու գայ ամէն վայրկեան, գիշեր կամ ցերեկ:

Ամէն դժուարութիւն եւ դժբախտութիւն տարիքիս կը կապեմ: Անձէն խուսափելու լաւագոյն միջոցը` թերեւս: Կ՛ուզեմ հաւատք փոխանակել. բայց կը զգամ, որ անօգուտ կը թուի, որովհետեւ ծանր պայքարեցայ կեանքիս այս հեւքին մէջ` բան մը պահելու համար:

Այսօր, վերջապէս ներքին ու ծածուկ խռովքիս հետ, հանդարտ անկեղծութիւն մըն ալ կայ մէջս: Կ՛ուզեմ այս մէկը  խոստովանիլ, որ շատերուն նման` ես ալ իմ հացս գրական քրտինքին հետ կապելս իսկապէս զիս դէպի յուսախաբութիւն առաջնորդած եւ երբեմն ալ դէպի դժբախտութիւն տարած է:

Տարիներէ ի վեր ժամանակներս իրենք իրենց մէջ սեղմուած են արդէն: Թէեւ ժամանակը լրանալիք չունի, բայց հոգիս գտնելու համար երբեմն կայան մը կը փնտռեմ: Այսքան երկար տարիներ ետք, վերջապէս այս բոլորը կրցած եմ մտքիս ծոյլ թափառումներով յանգիլ եզրակացութիւններուն:

Տակաւին կը յիշեմ, որ շատ յաճախ համբերատար աշխատանքս արդարացնելու բոլոր յոյսերս ցնդած են: Յաճախ, կը զգամ արդէն, որ տարիքիս հետ, մանուկի մը յափշտակութիւնը կայ աչքերուս մէջ:

Բոլոր տարեկիցներուս նման` ես ալ,  ընտանիքէս ետք, հայրենիքովս ու ծննդավայրովս կը խանդավառուիմ, եւ յաճախ այս երկուքին կարօտն է, որ զիս կը բռնէ լալու աստիճան:

Ամէն օր, երբ մտնեմ նոր օրուան մը կեանքին մէջ, կը զգամ, որ արդէն ինքնաբերաբար կամաց կամաց մտած եմ հին սերունդի սահմաններէն ներս: Կը փորձեմ ուղիղ տանիլ գիծը ու լուրջ սեղանին մօտեցնել ամէն հարց կամ տագնապ:

Հաստատ գիտեմ, որ որոշ տարիքէ ետք դժուար է բռնել կեանքը: Կը հաւատամ նաեւ, որ այս սահմաններուն մէջ կարեւորը հոգեկան կապը պահելն է: Թէեւ իմ մասիս խօսիլը ծանր է եւ քրտինքոտ, սակայն պատշաճութեան պէս բան մըն է կատարածս ու մտածումներուս կապոյտ,  երբեմն ալ պղտոր լիճին մէջ անձս յարգողի յանձնառութեամբ, այս տողերս կ՛ուզեմ հաւաքել:

Ու անտարակոյս կ՛ուզեմ բաժնել նաեւ հաճոյքը:  Երեւոյթը գեղեցիկ պէտք է տեսնել, կ՛ըսեմ բոլորին:

Սակայն… Ու երկարօրէն կը մտածեմ մերիններուն, հարազատներուս ապագայի մասին: Կը մտահոգուիմ գաղութովս ու միշտ կը կրկնեմ` առոյգ եւ առանձին ուժ պէտք է գաղութին մէջ տոհմիկ ջերմութիւնը պահելու համար:

Ստիպուած ենք կորսուած սերունդներուն մասին մտածել, որպէսզի մեր հաւատքը ջերմանայ: Այս է, որ հետզհետէ կը ծանրացնէ մեր կեանքը: Սփիւռքի մէջ կ՛աշխատինք պահել այն ճամբան, ուրկէ մեր նախնիները անցած են:

Կը զգամ, թէ նպատակն է, որ հետզհետէ կը մաշի: Թէեւ մեր քայլերուն մէջ վստահ բան մը կայ, սակայն շատերուն մօտ ապագայի նկարը մաշած կ՛երեւի: Կը մաշի նաեւ յոյսը, եւ մենք կամաց կամաց կը փոքրանանք, ու սերունդը արագ կը կորսուի` իրեն հետ կիսելով նաեւ հայ ժողովուրդի հոգին:

Այս բոլորը` անոր համար, որ գաղութի բազկերակը երբեմն կանոնաւոր չէ: Ի՜նչ լաւ է հաւատքը: Ան արդէն երկար ատենէ ի վեր հոգեկան սահմաններուս մէջ մտած է: Յաճախ կ՛ըսեմ` երջանիկ պէտք է զգալ սփիւռքեան տարածքին մենք` ապրողներս, մեր զաւակները հայ տեսնելով:

Ինքնաբուխ հիացում մը ունիմ նման իրականութեան դիմաց: Թերեւս ես այն բախտաւորներէն եմ, որովհետեւ մեր տան մէջ նոր պատուհաններ բացուած են: Ինծի համար նման ճշմարտութիւնը տեսնել` նպատակին հասնիլ կը նշանակէ:

Տարիներէ ի վեր ես ալ նոր սերունդին հաւատք կապած եմ, որովհետեւ թէեւ քիչ, սակայն շատ յաճախ լաւ բաներ կը կատարուին մեր ժողովուրդի փոքր ածուին մէջ, ու յանկարծ հպարտութիւն մը կը ծնի: Նոյն այս հպարտութիւնը կու գայ անոնց, որոնք կը ստեղծեն, եւ ոչ թէ` անոնց,  որոնք կը ձգտին, որ ստեղծուի:

Այս բոլորը կ՛ըսեմ տարեդարձիս առաւօտուն, որովհետեւ կը հաւատամ, որ իմը այսօրն է, իսկ վաղը` Աստուծոյս:

bedig43@aol.com

Նախորդը

Վարդանանց Տօնակատարութիւնը Պաթոն Ռուժի Մէջ

Յաջորդը

Խաղաղարար Դէտերու Եւ Ուժերու Մասին

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?