Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուսուցիչներու Տօնին Առիթով` Հայ Դպրոցին Դերը

March 13, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Բազմաթիւ տարիներու յարաբերական մոռացումէ մը ետք Ուսուցիչներու տօնը յիշատակուեցաւ բացառիկ եղանակով: Դպրոցներէն ներս աշակերտները ծաղիկներով ու երբեմն փոքր նուէրներով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին իրենց ուսուցիչներուն: Դպրոցներու եւ դպրոցական խումբերու պատասխանատու մարմիններ ճաշկերոյթներ կազմակերպեցին ի պատիւ ուսուցչական կազմերուն: ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութենէն եւ պատանեկան միութիւններէն պատուիրակութիւններ այցելեցին հայկական դպրոցներ եւ շնորհաւորեցին ուսուցիչները իրենց տօնին առիթով: Պատուիրակութիւններուն կողմէ ուսուցիչներուն նուիրուած գաւաթներուն վրայ արձանագրուած էր. «Ապագայի կերտիչներ. Բարի Ուսուցչաց տօն. Շնորհակալութիւն»: Մամուլը եւս անմասն չմնաց տօնէն. յօդուածներով ու զանազան գրութիւններով արժեւորուեցաւ ուսուցիչին անուրանալի դերը սերունդներու ուսման ու դաստիարակութեան գործին մէջ:

Նախորդ շաբաթավերջի այս եղելութիւնները անկասկած ջերմացնող եւ ոգեւորող հանգամանք ունին պարմաններու ու պարմանուհիներու դաստիարակութեան առաքելութեան լծուած ուսուցիչներուն համար: Քաղաքական ու տնտեսական տագնապներու բերումով նիւթական սեղմումներու ենթարկուած ուսուցիչներուն համար եղած գնահատանքը չի հատուցեր զրկանքը, սակայն հոգեկան բաւարարութեան պատրանք կը մատուցէ:

Ուսուցիչներու օրուան առիթով ստեղծուած տօնական մթնոլորտը չի կրնար վարագուրել այն խորագոյն տագնապը, որուն ենթակայ է Լիբանանի մէջ հայկական դպրոցական մարզը: Երիտասարդ ու մասնագիտացած հայ ուսուցիչներու կարիք ունին գրեթէ բոլոր հայկական վարժարանները: Վերջին երկու տասնամեակներուն բազմաթիւ դպրոցներ փակուեցան կամ համախմբուեցան «միացեալ» վարժարաններու մէջ: Միացեալ վարժարաններուն աշակերտութեան թիւը ոչ միայն չհաւասարեցաւ միաւորուող դպրոցներու հաւաքական թիւին, այլեւ զգալիօրէն անկում կրեց: Օտար վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու թիւը անդադար կ՛աճի, հակառակ որ հայկական վարժարանները պետական քննութիւններուն կ՛ապահովեն փայլուն յաջողութիւններ: Դպրոցներ կան, որոնք աշակերտական արտահոսքին առաջքը առնելու համար կրճատած են հայերէնագիտական նիւթերու պահերը, մինչդեռ լաւագոյն արդիւնքներ ապահովող դպրոցները անոնք են, որոնք նման զիջումներ չեն կատարած: Ուռուցիկ ու չափազանցուած քարոզչութիւնը, ճոխ ձեռնարկները չեն կրնար փոխարինել հայեցի իրական դաստիարակութիւնը: Հայերէն խօսակցական ընթացիկ լեզուն կ՛աղճատուի, գրաւոր լեզուն քերականական, ուղղագրական եւ շարահիւսական սխալներով կը գրուի: Նահանջը համատարած է ու մտահոգող:

Դպրոց կը ստեղծուի, երբ հանրութեան կողմէ պահանջ ըլլայ: Հանրութիւնը դպրոց կը ստեղծէ իր ուսումնական կարիքները հոգալու համար: Նօսրացած, սակայն տակաւին մեծաթիւ հայ հանրութիւնը վստահաբար ունի ուսումնական կարիքներ. հայ հանրութիւնը իր ուսումնական կարիքները հոգալու համար կը դիմէ օտար աղբիւրներու, հայ հանրութեան ստուար հատուած մը դադրա՞ծ է, ընդհանուր ուսման կողքին, հայեցի դաստիարակութեան կարիք ունենալէ: Վերածուելու վրայ ենք ձեւականօրէն ազգային, բայց ներքնապէս օտարացող համայնքի մը:

Դպրոցը հանրային կարիք մը գոհացնելու կը ծառայէ, ճիշդ է: Դպրոցը միաժամանակ, իր ջամբած ուսումով ու կրթութեամբ, հանրութեան մտաւոր ու բարոյական-ընկերային մակարդակը կը բարելաւէ: Երեւոյթները ցոյց կու տան, որ տագնապները, անոնց յառաջացուցած առարկայական պայմանները դպրոցներուն թոյլ չեն տուած իրագործելու բարելաւման իրենց առաքելութիւնը: Նահանջ արձանագրած ենք:

Առարկայական պայմանները կը շարունակեն վատ մնալ: Հաստատուած է սակայն յարաբերական բարելաւում մը, որ տուեալ կացութեան մէջ հաւասարակշռութեան մը փնտռտուքով պայմանաւորուած է: Նոր հաւասարակշռութեան պայմաններուն տակ հայկական դպրոցական ցանցը համապատասխան պատշաճեցման կը կարօտի: Այդ պատշաճեցումը պէտք է համընթաց ըլլայ համայնքային մեր կառոյցներու վերակազմակերպման հետ: Այդ նորացուած կառոյցներուն շուրջ պէտք է համախմբել, պայմաններու բերումով հեռացած ու օտարումի մատնուած հայերը: Ազգային կառոյցներու աշխուժացումը կը ստեղծէ այլազան կարիքներ, որոնց մէջ դպրոցը եւ իր ջամբած հայեցի դաստիարակութիւնը կարեւոր տեղ կը զբաղեցնեն:

Վերակազմակերպումով օգնած կ՛ըլլանք հայ դպրոցին, որուն հայեցի առողջ կենդանութեան աւիշ կը ներարկեն հայ ուսուցիչները: Վերակազմակերպելով ու հայկականութեամբ վերալիցքաւորելով մեր դպրոցները կը ստեղծենք հայ ուսուցիչին համար միջավայր մը, ուր ան իր հնարաւորութիւնները առաւելագոյն չափով կրնայ կենսաւորել:

Շնորհաւոր հայ ուսուցիչին տօնը:

 

 

 

Նախորդը

Ուրկէ՞ Հասանք, Դէպի Ո՞ւր – 1. «Չե՜ն Ըներ, Ճա՛նըմ». Բայց Ըրի՛ն…

Յաջորդը

Պրեմէ Հողին Յանձնուեցաւ Միւնիխի Մէջ

RelatedPosts

«Արմատախիլ Անել» Դաշնակցականութիւնը. Քաղաքական Մենատիրութեան, Գաղափարական Պայքարի Եւ Բազմակարծութեան Սահմանների Մասին
Անդրադարձ

«Արմատախիլ Անել» Դաշնակցականութիւնը. Քաղաքական Մենատիրութեան, Գաղափարական Պայքարի Եւ Բազմակարծութեան Սահմանների Մասին

September 23, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Փաշինեան Չի Քաջալերեր Սփիւռքահայերը` Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստանալու

September 23, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախութիւն

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.