Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Հայրենադարձութեան Պետական Հայեցակարգ Գործնականացնելու Անհրաժեշտութիւնը

March 11, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական սփիւռքը հայրենի բնօրրանին մէջ համախմբելու եւ սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներէ հայութեան հայրենադարձութիւն կազմակերպելու ծրագիրներ միշտ դրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան իրերայաջորդ կառավարութիւններու քննարկման սեղանին վրայ: Հայրենադարձութեան համապարփակ ծրագիրներ եւ այդ ուղղութեամբ համակարգուած հայեցակարգեր խմբագրուած են, եւ սակայն ցարդ ոչ մէկ ծրագիր պետական մակարդակով գործնականացման փուլի նախաշեմը չէ հատած:

ՀՀ պետական տուեալներով, մօտաւոր հաշուարկներով 6-7 միլիոն հայ կը բնակի հայրենիքէն դուրս` տեղաբաշխուած աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն վրայ: Այսինքն վիճակագրականօրէն հայրենիքի բնակչութենէն կրկնապատիկ թուաքանակով հայ ազգի պատկանելիութիւն ունեցող անհատ կ՛ապրի Հայաստանի սահմաններէն դուրս:

Սփիւռքի հայութեան դարձը հայրենիք էականօրէն անհրաժեշտ է` նկատի ունենալով հայապահպանութեան խնդիրները, ներառեալ` ազգային ինքնութեան կորուստի եւ ուծացման հարցերը, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայութեան քաղաքական, մտաւոր, գիտակրթական, մշակութային եւ տնտեսական կարողութիւններու ու մասնագիտական ներուժի համախմբումը Հայաստանի մէջ` ի խնդիր հայրենիքի զարգացման ու հզօրացման:

Հայ ազգը հայրենադարձութեան փորձառութեան բովէն անցած է չորս առիթներով: Առաջինը` Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանի 1946-1948 թուականներու ներգաղթի շրջանին 90 հազար հայ վերադարձաւ հայրենիք: Երկրորդը` 1989-1991 թուականներուն Պաքուի, Սումկայիթի եւ Կիրովապատի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ գործադրուած հայկական ջարդերուն պատճառով 250-300 հազար ազրպէյճանաբնակ հայերու զանգուածային ներհոսքն էր Հայաստան: Երրորդը` 2003 թուականին իրաքեան պատերազմէն ետք մօտ 3000 հայերու հոսքն էր հայրենիք: Չորրորդը` 2011 թուականի Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի պատճառով 22 հազար սուրիահայերու դարձն էր Հայաստան: Դժբախտաբար վիճակագրական յստակ տուեալներ ցայսօր չկան, թէ վերջին երեք տասնամեակներուն վերոնշեալ ներգաղթներէն ետք տոկոսային համեմատութեամբ քանի՞ ներգաղթող մնացած է Հայաստան, եւ կամ ի՞նչ պատկեր կը պարզէ նոյն այդ զանգուածի Հայաստանէն արտագաղթողներու թիւը:

Յստակ է, որ աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ պայմաններու բերումով, աննախադէպ հակամարտութիւններու պատճառով վտանգի ենթարկուած որեւէ հայկական գաղթօճախի անվտանգութեան եւ ապահովութեան երաշխաւորը այսօր եւ կամ վաղը պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Միաժամանակ, այսօրուան դրութեամբ, ժողովրդագրական առումով, Հայաստանի համար խիստ անհրաժեշտ է սփիւռքահայութեան հայրենադարձութեան կազմակերպումը` նկատի ունենալով ժողովրդագրական բացասական միտումները եւ հայրենի բնակչութեան թուաքանակի նուազումը: Պետութեան մը ազգային անվտանգութեան գլխաւոր բաղադրիչներէն կը հանդիսանայ ժողովրդագրական անվտանգութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ բնակչութեան թուաքանակի դրական միտումներն ու ժողովուրդի կենսագործունէութիւնը:

2022 թուականի մարդահամարի տուեալներով, ՀՀ մշտական բնակչութիւնը 2 միլիոն 932 հազար է: 2001 թուականին Հայաստանի մշտական բնակչութիւնը կը կազմէր 3 միլիոն 213 հազար, իսկ 2011-ին` 3 միլիոն 18 հազար: 1989-ին Խորհրդային Հայաստանի բնակչութիւնը 3 միլիոն 304 հազար էր: Այսինքն, վերանկախացումէն ի վեր, արտագաղթի պատճառով Հայաստանի բնակչութիւնը նուազած է 12.2%-ով: Բնակչութեան քանակական նման բացասական վայրէջքի շարունակականութիւնն ու բնակչութեան նուազումի յարաբերակցութիւնը կանխելու լաւագոյն դարմանը հայրենադարձութեան խրախուսումն է:

2005 թուականի նոյեմբեր 27-ին կայացած հանրաքուէով ընդունուած սահմանադրական փոփոխութիւններով, ՀՀ սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած երկքաղաքացիութեան օրէնքը, իր կարգին, խթան կրնայ հանդիսանալ օտարերկրեայ քաղաքացիութիւն ունեցող սփիւռքահայերու հայրենադարձութեան:

Ներկայ փուլին, ժողովրդագրական անվտանգութեան հարցի էութեան հրատապութիւնը ի մտի ունենալով` մեր պետութեան գոյատեւելիութեան եւ ազգի լինելութեան համար անհրաժեշտ է յառաջացնել «Սփիւռքահայերու հայրենադարձութեան» նախարարութիւն, պետական հայեցակարգով` նպատակաուղղուած հայրենադարձութեան եւ սփիւռքի համայնքներու ներգաղթի գործընթացի կազմակերպման:

Այստեղ անհրաժեշտ է նշել, որ սփիւռքահայութիւնը ի՛նք եւս մասնակից պէտք է դառնայ վերոնշեալ հայեցակարգի գործընթացը հունաւորելու աշխատանքներուն մէջ` ի մտի ունենալով, որ ունի թուաքանակի գերակշռութիւն եւ, մանաւանդ, ծրագրի իրագործման ֆինանսաւորման գծով տնտեսական վիթխարի կարողականութիւն, ի հարկին ստեղծելով նաեւ պետական ծրագրին աջակցող եւ արտակարգ լիազօրութիւններով օժտուած հայրենադարձութեան սփիւռքահայ կազմակերպական կառոյց:

Հայրենադարձութեան պետական հայեցակարգը գործնականացնելու գործընթացը բնականաբար կը կարօտի նախագծի երկարաժամկէտ մշակման եւ օրէնսդրական վաւերացման: Սակայն ակներեւ է, որ յառաջիկայ տասնամեակներուն ազգովին պիտի դիմագրաւենք ժողովրդագրական անվտանգութեան հարցը եւ, ինչպէս շեշտեցինք, նշեալ հիմնահարցի բարեյաջող լուծման հիմնաքարը սփիւռքահայութեան հայրենադարձութիւնն է:

Նախորդը

Հանրապետութիւնը Չիրականացաւ` Որպէս Համահայկական Պետութիւն

Յաջորդը

«Կիներու Միջազգային Օրը Յանձնառութեան Առիթ Է` Կինը Ներառելու Աշխատանքային Թէ Հասարակական Մասնակցութեամբ Յառաջդիմող Կեանքի Բոլոր Բնագաւառներուն Մէջ» Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավէրտեան

RelatedPosts

Լիովին Ու Ամբողջական Կեանք Մը Ապրած Անհատի Մը Համեստ, Բայց Միաժամանակ Հարուստ Վկայարանն Է Այս Հատորը*
Անդրադարձ

Լիովին Ու Ամբողջական Կեանք Մը Ապրած Անհատի Մը Համեստ, Բայց Միաժամանակ Հարուստ Վկայարանն Է Այս Հատորը*

September 25, 2026
Պիտի Պահե՛նք Այնճարը, Պիտի Պահե՛նք Մեզի Ժառանգուած Մեր Հողը, Պիտի Պահե՛նք Մեր Հայեցի Դիմագիծը*
Անդրադարձ

Պիտի Պահե՛նք Այնճարը, Պիտի Պահե՛նք Մեզի Ժառանգուած Մեր Հողը, Պիտի Պահե՛նք Մեր Հայեցի Դիմագիծը*

September 25, 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը`  Անցեալէն Դէպի Մերօրեայ Ապրումներ
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սեպտեմբեր 21-ը՝ Յիշատակի, Խոնարհումի Եւ Ազգային Ուխտի Օր

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.