Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրոցական Անմեղ Յուշ Մը

March 15, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ձմրան երկար գիշերները, իրենց երկար ժամերով, տարբեր իւրայատկութիւն համ ու հոտ ունին, յատկապէս` ընտանիքի անդամները տաքուկ վառարանին չորս դին համախմբելու:

Ձմրան ցուրտ օրերէն մին, երբ ընտանիքի անդամները վառարանին շուրջբոլորը հաւաքուած էին, իւրաքանչիւրը իր յիշողութիւնը փորփրելով` քաղցր յուշ մը կը պատմէր: Անոնց խնդուքի ձայնը, միանալով վառարանի փայտերուն ճարճատիւնին, բնակարանը ուրախ ու տաքուկ մթնոլորտով կը լեցնէր:

Թերթատուած այդ քաղցր յուշերէն էջ մը դաջուած էր Սօսիի միտքին մէջ` հակառակ երկար տարիներու թաւալումին: Մոռացումը այդ դէպքը կուլ չէր տուած: Սօսին իր փոքր եղբօր` Սուրէնին դառնալով` հարցուց.

– Կը յիշե՞ս, Սուրէ՛ն, դպրոցական այն օրը, երբ ֆուլարդ (դպրոցական փողկապ) տունը մոռցեր էիր, ու ես հապճեպով իմ փողկապս քեզի տուի, որովհետեւ ան, որ ֆուլարը մոռցած ըլլար, ծեծ պիտի ուտէր:

– Այդ ալ մոռնալու բա՞ն է, դեռ այսօրուան պէս կը յիշեմ, Սօսի՛,- քրոջ այտը շոյելով ու համբուրելով ըսաւ Սուրէն,- մանկութեանս ամէնէն սարսափելի յուշն է, ինչպէ՞ս կրնամ մոռնալ:

– Հիմա ուրախ ենք, թոյլ տուէ՛ք, որ ուրախ տրամադրութեամբ շարունակենք մեր այս համով նիստը,- մայրն էր խօսողը` դողդոջ ձայնով: Դէմքին ժպիտը վերացած էր այդ պահուն, տրամադրութիւնը` փոխուած, իսկ ձայնը` խռպոտած:

Մայրն ալ այդ օրն ու դէպքը շատ լաւ կը յիշէր ու ամէն յիշելուն` սիրտը նոյն օրուան նման կը ճմլուէր: Ան միշտ իր զաւակներուն սորվեցուցած էր, որ մարդ արարածը խօսքով կը հասկնայ, ոչ թէ ծեծով, որովհետեւ մարդիկ խելք ու լեզու ունին զիրար հասկնալու համար: Ինք ու ամուսինը երբեք չէին ապտակած իրենց զաւակները:

Սօսի ի զուր կը փորձէր համոզել մայրը, որ դէպքը սովորական յուշի մը տարողութենէն դուրս չհանէ ու չյուզուի: Սուրէնն ալ այդ դէպքը սովորական յուշ մը չէր համարեր, որովհետեւ յիշելն անգամ ցաւ կը պատճառէր իրեն:

Սուրէն երկրորդ դասարանի աշակերտ էր, իսկ քոյրը` իրմէ երկու տարի մեծ: Սօսիին  եղբօր հանդէպ տածած սէրն ու գուրգուրանքը այնքան մեծ էին, որ հակառակ իր փոքր տարիքին, առանց երկմտելու, եղբօր ֆուլարը մոռցած ըլլալու մեղքը քողարկել փորձած էր` անմիջապէս իր վիզէն քաշելով եւ եղբօր վզին անցընելով զայն: Սակայն քրոջ ստացած ապտակին շառաչիւնը Սուրէնին ականջին մէջ կ՛արձագանգէր մինչեւ այսօր` հակառակ ժամանակի թաւալումին: Այդ օրը, երբ անոնք դպրոցէն վերադարձած էին, ուսուցիչին ապտակին մատնահետքը Սօսիին այտին վրայ վէրքի մը տպաւորութիւնը կու տար: Սուրէնին սիրտը մորմոքած էր, ու յանցաւորի զգացումով կը նայէր բոլորին: Այդ տարիքին ան չէր կրցած արտայայտել իր պոռթկումը. ցաւով մէյ մը քրոջ դէմքին նայած էր, մէյ մըն ալ` հօր ու մօր: Ու դպրոցին մէջ զսպած իր լացը հրաբուխի նման ժայթքած էր. Սուրէն մօր փաթթուած էր իր ապահովութիւնը վերագտնելու համար:

Սօսին այդ բոլորը վերյիշել տալուն համար յանցաւոր զգաց: Չա՛ր սատանայ, այդ դէպքը յիշելու ի՞նչ պէտք ունէի: Բոլորին տրամադրութիւնը վատ էր, անոնց դէմքերէն չքացած էր խնդուքը, քար լռութիւն տիրած էր, պարզապէս վառարանի փայտին ճարճատիւնը կը լսուէր…

– Սուրէ՛ն, երեսդ շտկէ, ո՞ւր է խնդուքդ, ի՞նչ աշխարհին հոգը ուսերուդ բեռցուցեր ես: Մա՛մ, պա՛պ, այս դէպքը բան չփոխեց մեր դաստիարակութենէն, այդ օր նոյնիսկ մեր դասընկերները վրդոված էին եղածէն ու կը փորձէին մեզ հանդարտեցնել: Անոնք սիրով շրջապատեցին ու քաջալերեցին մեզ:

Սօսին հիւմըրով կ՛արտայայտուէր` մեղմացնելու մթնոլորտը, կը փորձէր համոզել, որ մոռնան եղածը, բայց երկար տարիներ ի՛նք անգամ չէր կրցած մոռնալ… Ինչպէ՞ս կրնար համոզուիլ, որ փոքրիկ մը կարելի էր ապտակել իր ընկերներուն դիմաց, այդ ալ` փողկապի մը համար: Անոր հոգեկան վիճակը չէ՞ր մտահոգեր ուսուցիչը, իսկ ընկերներուն ներկայութեան նուաստանալը ինչպէ՞ս մոռնալ…

Դպրոցական յուշերը մեր կեանքի լաւագոյն յուշերը պէտք էր դառնային, սակայն այս դէպքը պղծած էր այդ յիշատակներուն ջերմութիւնը, հակառակ անոր որ Սուրէնին ծնողները յաճախ կրկնած էին, որ դպրոցը իրենց երկրորդ տունն էր, իսկ ուսուցիչները` երկրորդ ծնողքը:

Սուրէնն ու Սօսին կացութիւնը փրկելու համար իրենց յուշերու պեղման վայրը փոխեցին: Անոնք սկսան հաճելի պահեր վերյիշել, հայրն ու մայրն ալ տրամադրութիւն փոխել ձեւացուցին: Սակայն ո՞վ կը փորձէր զո՛վ խաբել` չես գիտեր, ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ այդ ապտակին ցաւը իր մորթին վրայ կը զգար, նոյնիսկ` երկար տարիներու թաւալումէն ետք…

 

 

Նախորդը

Մակար, Սիփան, Մեսրոպ Եւ Թորգոմ Եպիսկոպոսները Արժանացան Արքութեան Տիտղոսի

Յաջորդը

Ուրկէ՞ Հասանք, Դէպի Ո՞ւր – 3. Դժուար, Բայց` Ո՛չ Անկարելի Գործ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.