Հսկումներու Հսկումը. Հազար Գանձերէն Մէկուն Յանձնումը – Պատգամ Մեծ Մօրմէս
ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ձմեռը դեռ չէր վախճանած, սակայն իր դիրքերը արդէն կը զիջէր դեռատի գարնան: Ձիւնահալքն ալ աւարտած էր` բացի գերի ինկած Կասիոսի գագաթը զարդարող շղարշէն, ու Քեսապ փափկիկ հարսի մը պէս կը լոգնար մերթ ընդ մերթ տեղացող թաթաւէն (1): Երեկոյեան, դասերս ու տնային պարտականութիւններս նոր աւարտած, կ՛երթամ մօրս քով` տալու աւետիսը. հակառակ այդ տարիքի իմ սովորութեանս, այդ օր ինքնուրոյն,...


















