Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Եւ ՀՅԴ ԼՊՄ-ի Միացեալ Խօսք. Տէր Կանգնինք Ապագայ Սերունդներու Կերտիչներուն

March 9, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարտ ամսուան ընթացքին բազմահազար աշակերտներ եւ շրջանաւարտներ կը պատուեն անոնք, որոնք գլխաւոր դերակատարները եղած են իրենց նկարագրի կերտման եւ կեանքի զանազան ալեկոծ փուլերուն յաջողութեամբ թիավարելու կարողութեան իւրացման գործընթացքին մէջ: Ուսուցիչն է, որ ծնողքին կողքին, հիմնական դեր ունեցած է մանուկի, պատանիի եւ երիտասարդի դաստիարակութեան ընթացքին վրայ` ձգելով հետք եւ անջնջելի յիշատակներ:

Իսկ հայ ուսուցիչը, այս յատկութիւններուն կողքին, շատ աւելի ծանր պատասխանատուութիւններու կոչուած է: Ան հայապահպանման հիմնական սուրն է, իսկ օտարամոլութեան եւ ձուլումի դէմ` հզօրագոյն վահանը: Հայ ուսուցիչն է, որ կը պահէ` մշակոյթը, աւանդութիւնները, հայրենասիրութիւնը, ազգասիրութիւնը եւ տիպար հայ մարդու նկարագիրը:

Առանց հայ ուսուցիչներուն` չկայ ազգ, չկայ մշակոյթ, չկայ հայրենիք, չկայ Դատ եւ չկայ փայլուն ապագայի որեւէ տեսլական: Հետեւաբար ազգովին երբեք չենք կրնար ուրանալ կամ անտեսել հայ ուսուցիչին եւ հայ վարժարանին դերը մեր իրականութեան մէջ:

Այո՛, ուսուցիչը միտք ու հոգի լուսաւորող ճրագն է, որ կը նուիրէ իր անձը` իր եսը, պատրաստելու համար խոնարհ, համեստ, ազնիւ եւ օրինակելի անհատները:

Այս առիթով ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները անգամ մը եւս կը վերահաստատեն իրենց զօրակցութիւնը ընդհանրապէս հայ վարժարանին եւ ի մասնաւորի հայ ուսուցիչներուն, որոնք այսօրուան դժուարին պայմաններուն մէջ եւ մեծաթիւ զոհողութիւններու դիմաց լիուլի կը կատարեն իրենց մարդակերտման եւ հայակերտման առաքելութիւնը:

Տէր կանգնինք մեր ուսուցիչներուն` ապագայ սերունդներու կերտիչներուն:

Վարձքերնիդ կատար: Բոլորս շնորհակալ ենք, որ հաւատքով ու նուիրումով կը կատարէք ձեր կոչումը:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով` ԼԵՄ-ականներ Եւ Պատանիներ Խորհրդանշական Յուշանուէրներով Գնահատեցին Լիբանանահայ 16 Վարժարաններու Մէջ Գործող 940 Ուսուցիչներ Եւ Պաշտօնեաներ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Անթոնի Էտուըրտս Կը Նշանակէ 44 Կէտ Եւ Հերոսական Պլոք` Վերջին Երկվայրկեանին

RelatedPosts

Հայկազեան Համալսարանը Կը Գուժէ Վաստակաշատ Կրթական Մշակ Դոկտ. Սոնա Մ. Ճէրէճեանի Մահը
Անդրադարձ

Իսկական Ղեկավարի Տիպարը` Սոնա Ճէրէճեան

September 26, 2026
Թանթ Մարոյին  (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Թանթ Մարոյին (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)

September 26, 2026
Տեսիլքի Եւ Առաքելութեան Հովիւ Վեր. Մովսէս Ճանպազեանի Յիշատակին
Անդրադարձ

Յարգանքի Տուրք՝ Վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանի Վախճանման 26-Ամեակին Առիթով

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.