Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ» Թեւակոխեց Իր Հիմնադրութեան 98-Ամեակը

March 14, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

5 մարտ 2024-ին «Ազդակ» թեւակոխեց իր հիմնադրութեան 98-ամեակը:

Յետեղեռնեան շրջանին Լիբանան ապաստան գտած գաղթական եւ առհասարակ թրքախօս հայութեան մեծամասնութիւնը թիթեղաշէն գաղթակայաններու մէջ խռնուած էր: Տակաւին նոր սկսած էին վերակազմաւորուիլ ազգային ու եկեղեցական մարմիններ: Վրանաքաղաքներուն մէջ նոր կը հիմնուէին ու կը բացուէին եկեղեցի եւ դպրոց:

Այս նոյն ժամանակ, նախախնամութեան տնօրինութեամբ եւ Հայկ Պալեանի նախաձեռնութեամբ ծնունդ առաւ «Փիւնիկ»-ը, յետոյ` «Նոր Փիւնիկ»-ը, որ անուանափոխուեցաւ եւ սկսաւ հրատարակուիլ իբրեւ «Ազդակ»:

«Ազդակ»-ի առաջին թիւը լոյս տեսաւ 5 մարտ 1927-ին, Պէյրութի Ռիատ Սոլհ շրջանին մէջ գտնուող տպարանէն` 4 էջով:

Սկզբնական շրջանին թերթը երկօրեայ էր եւ կը հրատարակուէր չորեքշաբթի եւ շաբաթ օրերը: 1930-ին եղաւ եռօրեայ, իսկ 1 մարտ 1932-ին դարձաւ օրաթերթ:

«Ազդակ»-ի տպարանն ու խմբագրատունը 1957-ին Պէյրութի Ուաթուաթ թաղին մէջ հաստատուեցան: Տպարանը բազմայարկ շէնքի մը ներքնայարկը կը գտնուէր:

1965ին, ­Մեծ Ե­ղեռ­նի յիս­նա­մեա­կի ո­գե­ւո­րիչ ժա­մա­նակ­նե­րուն, ­Հայկ ­Պա­լեան պաշ­տօ­նա­պէս ­Դաշ­նակ­ցու­թեան յանձ­նեց ամ­բող­ջա­կան հո­գա­տա­րու­թիւ­նը իր սե­փա­կան… «զա­ւա­կը» հան­դի­սա­ցած թեր­թին: «Ազ­դակ» իր երկ­րորդ եւ կա­րե­ւո­րա­գոյն ոս­տու­մը կա­տա­րեց 1970ին, երբ ձեռ­նար­կեց ա­մէ­նօ­րեայ (շա­բա­թը 6 օր) 8 է­ջով հրա­տա­րա­կու­թեան` անձ­նա­կազ­մա­յին, տպագ­րա­կան եւ տպա­րա­նա­յին ու հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցա­կան մի­ջոց­նե­րու ար­մա­տա­կան թար­մա­ցու­մով եւ ար­դիա­կա­նա­ցու­մով: Տնօրէն Հայկ Պալեանի ղեկավարութեամբ, «Ազդակ»` նիւթական, արհեստագիտական եւ մարդուժի բազում դժուարութիւններ դիմագրաւելով, հայ հասարակութեան համար եղաւ դպրոց, մտքի եւ հոգիի սնունդ ներարկեց հայապահպանման առաքելութեան առաջամարտիկ եւ ազգային պահանջատիրութեան պայքարի դրօշակակիր հանդիսացաւ:

«Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածներ, թղթակցութիւններ եւ խմբագրականներ, յատկապէս Լիբանանի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ այլ գաղութներու կազմաւորման ու կազմակերպման պատմութեան համար սկզբնաղբիւրի արժէք կը ներկայացնեն:

«Ազդակ»-ի շուրջ համախմբուած մտաւորականներ, գրիչներ եւ աշխատակիցներ, լուրջ յօդուածներով, ուսումնասիրութիւններով, գրական, քաղաքական, մշակութային, ընկերային եւ հայ կեանքի տարբեր երեւոյթներու վերաբերեալ վերլուծումներով ուրոյն դիմագիծ տուին թերթին: Անոնք նոր հորիզոններ բացին հայ մտքի ու մշակոյթի անդաստանին մէջ:

Հաւատարիմ` հայապահպանման առաքելութեան, «Ազդակ» բացառիկ բծախնդրութիւն ցուցաբերած է հայ լեզուին եւ մշակոյթին նկատմամբ, եւ հաւասարակշռուած ու անաչառ տեղեկատուութեամբ հայութիւնը հաղորդ պահած է ազգային, տեղական ու միջազգային քաղաքական, ընկերային, մշակութային ու տնտեսական նորութիւններուն ու վերիվայրումներուն:

«Ազդակ» համագաղութային օրաթերթ է, ունի ազգային դիմագիծ եւ քաղաքական ուղեգիծ: Ունի իր մնայուն եւ հաւատարիմ ընթերցողները` Լիբանանի մէջ եւ աշխարհի չորս ծագերուն:

«Ազդակ» հայ կեանքի, ինչպէս նաեւ հայերէնի լեզուամտածողութեան հոլովոյթի ուսումնասիրութեան անփոխարինելի արխիւ է: Գրական, մշակութային, քաղաքական, վերլուծական, հասարակական եւ հայ կեանքի տարբեր երեւոյթներու մասին անսպառ գանձեր անթեղուած են թերթին հաւաքածոներուն մէջ:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Մտքեր – 5. Զարգացնել Նոր Սերունդներու Մտքի՛ Ուժը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.