Ո՛չ քաղաքական գիտութիւններ ուսանած եմ, ո՛չ իրաւաբանութիւն, ո՛չ ալ պատմագիտութիւն, սակայն կամապաշտ «ընթերցող» մըն եմ ու պուտիկ մըն ալ «տրամաբանութիւն» ըսուած բանը ունիմ: Հաւանաբար` աստուածային շնորհ մը:
Քանի մը օր առաջ «Ազդակ»-ի` ուրբաթ, 16 փետրուարի 2024-ի համարէն կը տեղեկանամ, որ Պաքուի մէջ 5-րդ անգամ ըլլալով Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնը ստանձնելով` Ալիեւ կատարած է զգայացունց յայտարարութիւն մը:
Հէ՜յ, ազերինե՛ր, շնորհաւոր ըլլա՜յ ձեր չնաշխարհիկ, տգէտ, անգրագէտ, մեծխօսիկ, անմիտ, հինգ անգամ վերընտրուած «նախագահնիդ» աչքերնիդ լո՜յս, բարո՛վ վայելէք դուք ու ձեր երէց եղբայրը` Էրտողանը:
Հինգ անգամ յաջորդաբար, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ վերընտրուած անգտանելի նախագահ մը, երբ անգիտակից է, պաշտօնը ստանձնելէ առաջ երդման արարողութեան պահու լրջութեան, ժողովուրդի ներկայացուցչական ժողովասրահին մէջ (խորհրդարան), մէկ ձեռքը վեր բարձրացուցած, միւսը` առջեւը գտնուող գիրքին դրած, կ՛երդնու Աստուծոյ ու իր ժողովուրդին առաջ` հաւատարմօրէն ծառայելու իր երկրին ու ժողովուրդին բարօրութեան համար:
Այդ գիրքը իր երկրին Օրէնսդրութեան գրքոյկն է եւ իր Քուրանը: Կը գիտակցի՞ արդեօք «այդ պահու լրջութեան»:
Արդեօք «անգիտակ» Ալիեւը եւ «թաւշեայ» Փաշինեանը ծանօ՞թ են օրէնսգրքին (La Constitution) բովանդակութեան, անոր պատրաստութեան, եւ գիտե՞ն, թէ որո՛նք կրնան խմբագրել կամ բարեփոխել զայն:
Եթէ չեն գիտեր, թող պրպտեն բացատրութիւնը ու սորվին իրենց ծանօթ լեզուներով` առձեռն բառարաններէն մինչեւ հանրագիտարաններու մէջ, թող իւրացնեն, սորվին ու ետքը սկսին զառանցել…
Պրն. Ալիեւ, կը մաղթեմ, որ 5-րդ նախագահական նստաշրջանդ սկսի պատերազմով: Կը զարմանա՞ք… որովհետեւ այդ անգամ ձեր դէմ պիտի պատերազմի ո՛չ թէ Փաշինեանի հրամանատարութեան տակ գտնուող անզէն բանակ մը…
Այլ միայն`
Հայկ Նահապետը, կամ Արտաշէս Աշխարհակալի որդին` Արտաւազդը, կամ Սասունցի Դաւիթը, եւ կամ Փոքր Մհերն ու միլիոններով մեր սուրբ նահատակներու ոգիներու բանակ մը…
Ես կը հաւատամ…
Մենք ժողովուրդ չենք:
Մենք Ազգ ենք ու շատ լաւ կը գիտակցինք ափ մը հայկական ու հայրենի հողին իմաստին ու խորհուրդին…
Բարի՛ վայելում…
19/2/2024
Լիբանան